Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Սրբազան Պապին նուիրեց Զմմառու ցաւագին Տիրամօր պատկերը

  • 15.05.2025
  • 0
  • 290 Views

Լեւոն Դ. Քահանայապետը 14 Մայիսի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներուն հովուապետերը ու հաւատացեալները որոնք այս օրերուն Հռոմ ժամանած են Յոբելենական տարւոյն իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու։

«Քրիստոս Յարեաւ։ Իրապէս յարեաւ»։ Այս զատկական ողջոյնով է` որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, ողջունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները, Եպիսկոպոսները, կղերական դասն ու հաւատացեալ ուխտաւորները, որոնք Հռոմ կը գտնուին Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելեանի առիթով, որ սկիզբ առաւ անցեալ երկուշաբթի օր` 12 Մայիսին եւ կ՛աւարտի այսօր, 14 Մայիսին եւ որոնք այդ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս առիթը ունեցան Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունենալու մէկ շաբաթ առաջ ընտրուած նոր Քահանայապետին հետ։

«Գեղեցիկ է ձեզ տեսնել այստեղ, ճիշտ յոյսի Յոբելեանին առիթով, որուն Յիսուսին Յարութիւնը անխորտակելի հիմքն է։ Բարի եկած էք Հռոմ։ Ուրախ եմ ձեզի հանդիպելու եւ արեւելքի հաւատացեալներուն նուիրելու իմ Քահանայապետութեանս առաջին հանդիպումներէն մին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ.։

«Եւ ես ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ասոր համար ու ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ, ձեզմէ խնդրելով որ աղօթէք Եկեղեցւոյ համար ու իմ առաքելութեանս համար բարձրացնէք բարեխօսութեան զօրեղ ձեր աղօթքները» եղան Լեւոն ԺԴ. Եզրափակիչ խօսքերը, որմէ ետքը Ան ողջունեց ունկնդրութեան ներկայ գտնուող Պատրիարքները, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., որ Սրբազան Պապին նուիրեց Զմմառու ցաւագին Տիրամօր պատկերը։

Աղբյուր՝ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներուն. «Դուք թանկարժէք էք. Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի» – Vatican News

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում