
Կարդինալական պապընտիր դռնփակ ժողովը ընտրեց Հռոմի 267-րդ Քահանայապետը յանձին 69-ամյա Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ . Բարի լուրը աւետեց Նախասարկաւագ Կարդինալը` Տոմինիք Մամպերթին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Annuntio vobis gaudium magnum: habemus Papam!» այս խօսքերով որոնք կը նշանակեն «Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք»։ Մի քանի րոպէ առաջ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Նախասարկաւագ Կարդինալ` Տոմինիք Մամպերթին արտասանեց այնքան սպասուած լատիներէն բանաձեւը, Հռոմին ու համայն աշխարհին աւետելով Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անունը.
“Eminentissimum ac Reverendissimum Dominum, Dominum… վսեմաշուք եւ մեծարգոյ Տիար Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ Հռովմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ որ կը ստանձնէ այս Լեւոն ԺԴ անունը։
Մինչ այդ Սուրբ Պետրոս հրապարակ խուժած հարիւր հազարաւոր հաւատացեալները ծափահարութեամբ ընկալեցին լուրը սպասելով նորընտիր Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն յայտնուիլը եւ այդ պահուն աւելի մեծ ուրախութեամբ ու հրճուանքով շարունակեցին ծափողջոյնները։

Նոր Քահանայապետը կը պատկանի Ակոսթինեան միաբանութեան եւ եօթանասուն տարեկան է։ Ան ինչպէս նշեցինք ուզեց առնել Լեւոն ԺԴ անունը։ Ան մինչեւ օրս կը վարէ Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչի պաշտօնը, ընտրուեցաւ այսօր 8 Մայիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 18.07։ Ան պատմութեան 267-րդ Քահանայապետն է։
Առաջին Ակոսթինեան միաբանութենէն Քահանայապետ ու երկրորդ Ամերիկացի Քահանայապետը, Ֆրանչիսկոս Պապէն ետքը բայց Ան ի տարբերութիւն իր նախորդին ծնած է Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսը ու պաշտօնավարած է որպէս Հովիւ ցամաքամասի հարաւը, նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապը զինք կոչեր կառավարելու Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը ու Լատին Ամերիկային Յանձնաժողովը։

Նոր Քահանայապետի ընտրութեան Կարդինալական ժողովի քուէարկութիւնը յաջողութեամբ պսակուելէ ետք, սարկաւագ Կարդինալներէն առաջինը` – Protodiacono- ն, – նախասարկաւագը – այս պարագային Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին կը հռչակէ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնն ու անոր անունը, արտասանելով «Habemus Papam – Քահանայապետ մը ունինք» բանաձեւը։
Protodiacono – նախասարկաւագի – տիտղոսը կը տրուի կարդինալներու սարկաւագական կարգի մաս կազմող կարդինալներէն առաջինին, այսինքն ամէնէն հին կարդինալական աստիճան ստացող ծիրանաւորին։
Նախասարկաւագը աշխարհին յայտնելով Նոր Քահանայապետի անունը կ՛ըսէ.
«Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք, վսեմաշուք եւ մեծարգոյ Տիար (անունը…..) Հռովմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ….որ կը ստանձնէ այս ինչ…… անունը։
Այս խօսքէն ետքը նորընտիր Պապը կը յայտնուի Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն ու կը յղէ «Urbi et Orbi» (Քաղաքին եւ Աշխարհին) Առաքելական Օրհնութիւնը։
Աղբյուր՝ «HABEMUS PAPAM» ընտրուեցաւ նոր Քահանայապետը. Կարդինալ Փրեվոսթը – Vatican News Վատիկան նյուզի Հայկական բաժանմունք
Լուսանկարները՝ ՕՐԵՐ-ի, ուղիղ հեռարձակումից


Հռոմի պապ Լևոն XIV-ը իր տեսլականը ներկայացրել է որպես կաթոլիկ եկեղեցի, որը «կամուրջներ է կառուցում» և մասնակցում է զրույցների։
«Մենք պետք է միասին ձգտենք լինել միսիոներական եկեղեցի։ Եկեղեցի, որը կամուրջներ է կառուցում և երկխոսություն», – ասել է նա այսօր Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամբում իր ելույթում։
Ժամը 19:23-ին Լևոն ԺԴ Քահանայապետը Վատիկանի տաճարի կենտրոնական պատշգամէն Հռոմին և աշխարհին յղեց հետևեալ ողջոյնը.
Խաղաղութիւնը ձեր հետ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ասիկա Յարուցեալ Քրիստոսի առաջին ողջոյնն է, բարի հովիւը, որ իր կեանքը տուաւ Աստուծոյ հօտին համար։ Ես ալ կը փափաքիմ որ այս խաղաղութեան ողջոյնը մտնէր ձեր սրտերուն մէջ, հասնէր ձեր ընտանիքներուն, բոլոր անհատներուն, ուր ալ որ գտնուին, բոլոր ազգերուն, համայն աշխարհին։ Խաղաղութիւնը ձեր հետ։
Ասիկա Յարուցեալ Քրիստոսին խաղաղութիւնն է, զինաթափուած ու զինաթափեցնող խաղաղութիւն, հեզ ու հետեւողական։
Անիկա կու գայ Աստուծմէ։ Աստուած` որ կը սիրէ բոլորը, անխտիր կերպով։
Տակաւին մեր ականջներուն մէջ կը պահպանենք Ֆրանչիսկոս Պապին տկար սակայն միշտ ալ քաջարի ձայնը որ կ՛օրհներ Հռոմը։
Հռոմը օրհնող Քահանայապետը իր օրհնութիւնը կու տար աշխարհին, համայն աշխարհին, այդ Զատկուայ օրուայ առաւօտուն։
Թոյլ տուէք որ շարունակեմ նոյն օրհնութիւնը. Աստուած մեզ կը սիրէ, Աստուած կը սիրէ ձեզ բոլորդ եւ չարը պիտի չյաղթէ։
Մենք բոլորս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք։ Ուստի առանց վախի, ձեռք ձեռքի բռնած, Աստուծոյ հետ ու մեր միջեւ, ընթանանք յառաջ։ Քրիստոսի աշակերտներ ենք։ Քրիստոս մեզ կը կանխէ։ Աշխարհը պէտք ունի Անոր լոյսին։ Մարդկութիւնը կարիքը ունի Անոր` որպէս կամուրջ, որուն միջոցաւ հասանելի ըլլայ Աստուած ու անոր սէրը։

Դուք ալ օգնեցէք մեզի, ապա մէկը միւսին, կառուցելու համար կամուրջներ, երկխօսութեան, հանդիպումի միջոցաւ, միանալով բոլորս, որպէսզի ըլլանք միակ մէկ ժողովուրդ մշտապէս խաղաղութեան մէջ։ Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ։
Կ՛ուզէի նաև շնորհակալութիւն յայտնել իմ բոլոր եղբայր կարդինալներուն, որոնք զիս ընտրեցին որպէս Պետրոսի յաջորդ, ձեր հետ միասին քալելու՝ որպէս միասնական Եկեղեցի, որ միշտ կը ձգտի խաղաղութեան, արդարութեան, միշտ փորձելով աշխատիլ, որպէս Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ մարդիկ և կանայք՝ առանց վախի, Աւետարանը հռչակելու, ըլլալու միսիոներներ։
Ես Ակոսթինեան միաբանութեան` Սուրբ Օգոստինոսի զաւակն եմ, որ ըսաւ. «Ձեր հետ քրիստոնեայ եմ, ձեզի համար Եպիսկոպոս»։ Այս իմաստով կարող ենք բոլորս քալել միասին, դէպի այն հայրենիքը զոր Աստուած պատրաստեց մեզի համար։
Հռոմի Եկեղեցւոյ յատուկ ողջոյն մը։ Մենք պէտք է միասին հասկնանք, թէ ինչպէս ըլլալ միսիոներական Եկեղեցի, Եկեղեցի, որ կամուրջներ կը կառուցէ, երկխօսութիւն կը կառուցէ, միշտ բաց է ընդունելութեան, ինչպէս այս հրապարակը՝ բաց ձեռքերով։ Բոլոր, բոլոր անոնց համար` որոնք պէտք ունին մեր բարեսիրութեան, մեր ներկայութեան, երկխօսութեան ու սիրոյն։
Իսկ այժմ թոյլ տուէք խօսք մը, (սպաներէնով) յատուկ ողջոյն մը` յատկապէս իր սիրելի Փրույի Չիքլայոյի Թեմիս, ուր հաւատաւոր ժողովուրդ մը ընկերացաւ իր եպիսկոպոսին, կիսեց անոր հաւատքը ու շատ բան տուաւ, շարունակելու համար մնալ Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ Եկեղեցի։
Ձեզի բոլորդ եղբայրներ եւ քոյրեր, Հռոմի, Իտալիոյ ու համայն աշխարհին, կ՛ուզենք ըլլալ սիւնհոդոսական Եկեղեցի մը, Եկեղեցի մը` որ կը քալէ, Եկեղեցի մը` որ միշտ կը փնտռէ խաղաղութիւնը, որ միշտ կը փնտռէ սէրը, որ կը փնտռէ ըլլալ մօտիկ յատուկ կերպով անոնց, որոնք կը տառապին։
Այսօր Փոմփէյի Տիրամօր աղերսական աղօթքին օրն է։ Մեր Մայրը Մարիամ կ՛ուզէ մեր հետ քալել, մեզի մօտիկ ըլլալ, մեզի օգնել իր բարեխօսութեամբ ու իր սիրով։
Ասոր համար կ՛ուզեմ ձեր հետ միասին աղօթել։ Աղօթենք միասին, այս նոր առաքելութեան համար, համայն Եկեղեցւոյ համար, աշխարհի խաղաղութեան համար, ու այս յատուկ շնորհքը խնդրենք Մարիամէն, մեր Մօրմէն։



