Դեսպան Բորիս Սահակյանն իր հավատարմագրերը հանձնեց Ֆրանչիսկոս Պապին. Ռադիո Վատիկանի անդրադարձը

  • 17.05.2024
  • 0
  • 203 Views

Ինչպես հաղորդում է «ՎԱՏԻԿԱՆ ՆԻՈՒԶ – ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ»ի լրաթերթը, մայիսի 17-ին Վատիկանում Հայաստանի դեսպան Բորիս Սահակյանն իր հավատարմագրերը հանձնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահայանապետին։

Հաւատարմագրերու յանձնման արարողութենէն ետքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Դեսպանի կողակիցը եւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանատան աշխատակազմը, Դեսպան Սահակեան առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այսօր Ուրբաթ` 17 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Պորիս Սահակեանին։

Ունկնդրութիւնը կազմակերպուած էր Տիար Սահակեանի Դեսպանի պաշտօնը ստանձնումին հաւատարմագրերու պաշտօնական յանձնման առիթով։

Հաւատարմագրերու յանձնման արարողութենէն ետքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Դեսպանի կողակիցը եւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանատան աշխատակազմը, Դեսպան Սահակեան առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Տիար Սահակեան Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ 2 Մարտ 2024ին յաջորդելով Տիար Կարեն Նազարեանին եւ հանդիսանալով Հռոմի մէջ «նստավայր» ունեցող Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ երրորդ դեսպանը, տրուած ըլլալով, որ Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման առիթով, Սուրբ Աթոռի մօտ նշանակուած ՀՀ առաջին դեսպանները «առանց նստավայրի» դեպաններ էին։

Դեսպան  Պորիս Սահակեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Ֆրանչիսկոս Պապին

Դեսպան Պորիս Սահակեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Ֆրանչիսկոս Պապին

Պորիս Սահակեանը իր դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ 1998 թուականին։ Ան վարած է տարբեր պաշտօններ նաեւ արտերկրի դեսպանութիւններուն մէջ ինչպէս Աւստրիա` (2003-2006), ապա Իտալիա (2011-2014) հուսկ Ռուսաստան (2017-2021) եւ 2021ին նշանակուած է Արտաքին Գործերու նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար։

Ան ծնած է 19 դեկտեմբեր 1971-ին Երեւանի մէջ ու յաճախած է Հայաստանի ազգային փոլիտեխնիկական համալսարան դառնալով ճարտարագէտ։ Մասնակցած է տարբեր մասնագիտական ու կազմաւորման դասընթացքներու։

Ան ստանձնած է նաեւ տարբեր այլ պաշտօններ ինչպէս 2006-2007թթ. Արտաքին Գործերու նախարարութեան սպառազինութիւններու վերահսկման և միջազգային անվտանգութեան վարչութեան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան բաժնի առաջին քարտուղարի պաշտօնը, հուսկ Արտաքին Գործերու նախարարութեան սպառազինութիւններու վերահսկման և միջազգային անվտանգութեան վարչութեան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան բաժնի պետ, 2007-2010 թթ.

Վսեմաշուք Դեսպան Պորիս Սահակեանը կը խօսէ Հայերէն, Անգլերէն եւ Ռուսերէն։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում