Հարցում. Արդէն քանի մը տարի է, հսկայական աշխատանք կը տանիք Լիբանանի հայ աղիտահար եւ չքաւոր ընտանիքներուն, օգնութեան կարիքը ունեցողներուն փրկութեան ձեռք մեկնելով: Կարո՞ղ էք աւելի մանրամասն տուեալներով ներկայացնել Ձեր շնորհակալ գործունէութիւնը:

Պատասխան. Սուրբ Էջմիածինի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը 65 տարիէ ի վեր իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ, բոլոր հայութեան համար՝ պաշտպանելով Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին: Մեր ազգը եղաւ քրիստոնեայ, երբ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, 301 թուին՝ Տրդատ թագաւորը հռչակեց որպէս առաջին քրիստոնեայ պետութիւն՝ Հայաստանը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի շնորհիւ հայոց արքան՝ Տրդատ թագաւորը հռչակեց այս պատմական որոշումը: Մենք Սփիւռքի մէջ պէտք չէ մոռնանք որ Սուրբ Էջմիածինը մեր հայութեան հոգեւոր կեդրոնն է:
Տարիներու ընթացքին, Սուրբ Էջմիածինի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը օժանդակած է Էջմիածնին: Շատ լաւ գիտենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դժուար օրեր կ’ապրէր Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրերուն՝ Խորհրդային վարչակարգին տակ, երբ շատ կարիքաւոր էին: Լիբանանի հայութեան այս միութիւնը շատ կ’օժանդակէր եւ այդ օրերուն տարեկան այցելութիւններ կու տար Սուրբ Էջմիածին: Անդամները իրենց հետ միշտ կը տանէին գոյք, ապրանքներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլային հոգեւորականներուն: Այս ընթացքը տարիներ շարունակուած է, ուխտագնացութիւններու կազմակերպութեան հետ՝ ինչպէս 1981 թուին եւ անկէ ետք՝ մեր միութեան անդամներուն թէ անհատներուն մասնակցութեամբ: 2018-ին տեղի ունեցաւ յիշատակելի ուխտագնացութիւն մը մեր համախմբումի 75 անդամներով: Հրաշալի ուխտագնացութիւն մըն էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով՝ 75 մասնակից անդամներով եւ համակիրներով շուրջ մէկ շաբաթ բնակեցանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Այն շատ մեծ տպաւորութիւն թողուց բոլորիս վրայ՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:
Անդամներ կային, որոնք մեզի հետ մասնակցած էինք Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն:
2019-ին, դարձեալ այսպիսի ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեցինք, Օգոստոսի վերջին շաբաթը, որ կրկին անգամ շատ մեծ ուրախութիւն էր մեզի համար: Ապա, շատ լաւ գիտենք թէ ինչ պատահեցաւ Լիբանանի մէջ 2019 թուականի Օգոստոսէն ասդին – դրամանիշի արժեզրկում, որ ողբերգական վիճակի մէջ խրեց բոլորը, ապա 2020 թուականի Օգոստոս 4-ին Լիբանանի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, զոր բնա՛ւ չենք մոռնար: Հսկայական վնասներ կրեց նաեւ Լիբանանի հայութիւնը՝ ոչ միայն նիւթական վնասներ պատճառելով՝ շատերու տուներուն ամբողջական քանդումով, այլեւ հոգեպէս: Այս ցաւալի իրադարձութիւններուն հիման վրայ՝ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Անահի՛տ, մինչեւ հիմա դո՛ւք մեզի օժանդակեցիք, ասկէ ետք մենք ձեզի պիտի օժանդակենք»: Վեհափառը առ այդ չորս անգամ մեծագումար օգնութիւն ուղարկեց իր բարերարներուն խողովակով: Անշուշտ, լուրջ աշխատանքի անցանք, ուսումնասիրելով պարագաներ եւ ընտանիքներ, որոնք կարիքը ունին՝ մանաւանդ որ տուներ քանդուած էին: Կարողացանք 60 ընտանիքներու օգնութեան գումարներ բաշխել: Անկէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ ուրիշ աղբիւրներէ օժանդակութիւններ փոխանցեց եւ զայն փոխանցեցինք մեր անդամներուն, որոնք կարիքը ունէին այդ օրերուն: Մեր համախմբումը օժանդակութիւն ստացաւ նաեւ Rotary Club-էն, յատկապէս սննդական օգնութիւններ:
Ամսական դրութեամբ կարիքաւորներուն կը հայթայթէինք պարենային ուտելիքներու սնտուկ մը: Մեր անդամներուն եւ համակիրներուն շարունակեցինք այսպիսի օժանդակութիւններ կատարել մօտաւորապէս 3 տարի՝ Rotary Club-ի ազնիւ օգնութեան շնորհիւ:
Այս բոլորը կատարեցինք ուսումնասիրուած, օժանդակութիւն ստացած անձերու ստորագրութեամբ, որոնք բոլորը ներկայացուցինք Rotary Club-ին, որոնք իրենց կարգին մեր տեղեկագիրը ներկայացուցին իրենց բարերարներուն, ցոյց տալու համար թէ իրենց ղրկած օժանդակութիւնները ի՞նչ ձեւով արդարօրէն կը բաշխուի մարդոց: Այս բոլորը մեծապէս դրական էր, թէ՛ մեզ եւ թէ՛ բարերարներուն համար, որպէսզի շատ աւելիով օժանդակէին:
2023 թ. Փետրուարին՝ ուրիշ լոյս մը ծագեցաւ մեզի: Ֆրեզնոյէն՝ բարերար Տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեան կապ հաստատեց մեզի հետ եւ ըսաւ թէ կ’ուզեն դեղորայք բաժնել կարիքաւորներուն: Անշուշտ որ պատասխանը դրական էր եւ անցանք գործի: Տոքթ. Վարուժ Մարտին եկաւ Լիբանան եւ քննարկումներէ ետք ինծի փոխանցեց որոշ դեղեր: Մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք թէ ո՞վ ի՞նչ դեղերու կարիքը ունի, իւրաքանչիւրին հետ կապ հաստատեցինք եւ բժշկական դեղագիր պահանջեցինք: Յիշեցնենք թէ Տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանին բարերարութիւնը հիմնուած էր «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի ֆինանսական աջակցութեան վրայ:
Այսպիսով մխրճուեցանք դժուար բայց սրտի խոր գոհունակութիւն պատճառող դեղագործութեան լուրջ աշխատանքին մէջ: Այսպիսով, Տոքթ. Վարուժին դրամական օժանդակութեամբ սկսանք դեղերու բաշխումը, մեր՝ Տանձիկեան հաստատութեան կեդրոնատեղիէն: 2023 թ.ին, երկու ամսուան դրութեամբ, ապա 2024-2025 թուականներուն՝ 4 ամիսը անգամ մը դեղեր սկսանք հայթայթել: Անցեալ տարի՝ Տոքթ. Վարուժին առաջարկով Թրիփոլիի հայութեան կարիքաւորներուն ալ սկսանք դեղեր հայթայթել: Այստեղ՝ օգտակար եղաւ Հայր Փառէնը, որ Քորոնա ժահրի համաճարակի օրերէն 300 հոգինոց հայերու անուանացանկ մը ունէր, այնտեղ բնակող մեր ազգակիցներուն: Իր գաղափարներուն շնորհիւ ու մանրամասն փաստացի տուեալներով սկսանք դեղերու բաժանումը՝ յատուկ տրցակներով եւ իրենց ստորագրութեամբ: Անոնք անչափ երախտապարտ էին եւ իրենց աղօթքներով շնորհակալութիւն կը յայտնէին Տոքթ. Վարուժին եւ բարերարներուն: Հիմա չեմ գիտեր թէ պիտի կարողանա՞նք այս գործը շարունակել, այդ ալ ժամանակը ցոյց պիտի տայ…:

Յիշեցնենք նաեւ, որ 2022-2025 թուականներուն, շաբաթական դրութեամբ, Սուրբ Յարութիւն եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներուն շուրջը ապրող հայ ժողովուրդին՝ շաբաթական դրութեամբ ճաշ բաժնեցինք…:
Շաբաթական ճաշ բաժանեցին Սուրբ Յարութիւն ապա Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներու շուրջը ապրող հայ ժողովուրդին շաբաթական դրութեամբ։ Սկիզբը՝ ՊԱՍՄԱ բարեգործական Միութեան օժանդակութեամբ ապա «Գլարա Մարկոսեան» Հիմնադրամին օգնութեամբ։

Տարի մը Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցիին բակը, Տէր Ղեւոնդին ներկայութեամբ, ապա երեք տարի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին բակը, Տէր Նարեկին ներկայութեամբ։
Շուրջ 100 հոգի ներկայ կ’ըլլար ստանձնելու օժանդակութիւնը՝ ճաշ, բանջարեղէն, պարենային ուտելիքներ կամ տնային մաքրութեան ապրանքներ։
Արցախեան պատերազմէն ետք, Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն նոյնպէս, երեք անգամ օժանդակութիւն տարինք ըլլալով հաքուկապ, դրամական օժանդակութիւն յատկապէս Մասիսի, Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ:
Հ. Իսկ ի՞նչ է ձեր պատգամը Լիբանանի Հայ ժողովուրդին եւ բարերարներուն, Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին, Տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանին, «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին՝ Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի մէջ տիրող այս խառն ժամանակներուն:
Պ. Ճիշդ է, որ Լիբանան մեր հայրենիքն է, որ մեզի հիւրընկալած է Ցեղասպանութենէն ետք, ու ամէն բարիքները տրամադրած է մեզի: Գեղեցիկ եւ Սուրբ երկիր է, ուր Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը եւ Քրիստոս այցելած են: Հակառակ որ պատերազմներ տեղի կ’ունենան հոս, սակայն այս բոլորը ի վերջոյ վերջ կը գտնեն: Մնա՛նք Լիբանանի մէջ, զարգացնե՛նք այս երկիրը: Ճիշդ է որ ուրիշ երկիրներու մէջ աւելի լաւ պայմաններ կան, բայց հայութիւնը ցիրուցան կ’ըլլայ…: Այստեղ ունինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մեր հոգեւոր կեդրոնները, որոնք միւս յարանուանութիւններուն հետ պիտի մնայ Լիբանան, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան կեդրոնը: Մենք ալ պէ՛տք է մնանք Լիբանանի մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ



