ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՇՆՈՐՀԱԶԱՐԴ ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ. ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

  • 19.07.2026
  • 0
  • 309 Views

Մեզի համար մեծ պատիւ էր հեռախօսային կապէ ետք ստանալ համաձայնութիւնը, Լիբանանի մարզական ու երիտասարդական հարցերու նախարարուհի, շնորհազարդ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին հետ՝ հարցազրոյց-հանդիպում ունենալու իր գրասենեակին մէջ:

Բազմատաղանդ դուստրը Չորք-Մարզպանի հերոսական Պայրագտարեան (դրօշակակիր) գերդաստանի ֆիտայական լիբանանեան թէ արտասահմանի բազմաթիւ հռչակաւոր համալսարաններու մէջ դասախօսուհի, հեղինակ՝ բազմաթիւ հռչակաւոր գիրքերու եւ աշխատանքներու: Այս եզակի անձնաւորութիւնը այսօր արժանապէս կը համարուի Լիբանանի հայութեան թէ սփիւռքի ամէնէն պայծառ անձնաւորութիւններէն մէկը, որպէս երկրի կառավարութեան անդամ, նախարարուհի լաւագոյն գնահատանքն էր ի տարիներու նուիրեալ աշխատանքներուն՝ Լիբանանի, Լիբանանի հայութեան, Սփիւռքահայութեան՝ աշխարհի բազմաթիւ ոստաններու եւ կաճառներու, նոյնպէս հոգեւոր բարձրագոյն ատեաններու մէջ:

Անձնապէս մեզի կ’ընդունի նախարարութեան իր փառաւոր աշխատասենեակի մէջ, հիւրասիրութեամբ եւ բարեհամբոյր լսելով մեր հարցերն ու զրոյցը, որոնք կը վերաբերին 2025 թ.ի Փետրուար 8-էն ի վեր պաշտօնապէս նշանակուելով Լիբանանի մարզական ու երիտասարդական հարցերու նախարարուհի՝ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան մէջ: Հակառակ իր բազմազբաղ եւ բազմակողմանիօրէն յագեցած դասախօսուհիի, գիտաշխատողի, հեղինակի, խորհրդաժողովներու մասնակիցի եւ կազմակերպիչի դժուարին բայց արգասաբեր կեանքին:

– Ներկայ հանգրուանին, հիմնական ազատութիւնը հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կողմէ պետական կառոյցներու վերակառուցումն ու վերականգնումն էր՝ նախորդ տարիներու պատերազմներու եւ այլ դէպքերու հետեւանքով եղած նահանջին պատճառով: Հետեւաբար՝ այսօրուան կառավարութիւնը իր գործը կը կատարէ, կ’ուզէ ամէն գնով պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը, տարիներ շարունակուող պատերազմներէ ետք, որոնք դժբախտաբար գաղտնի դուռեր կը բանան երիտասարդներու առաջ: Ինչպէս նաեւ Լիբանանը վերադարձնել իր նախկին դիրքին տեղական թէ միջազգային մակարդակով: Գիտենք որ հանգրուանը դժուար է, բազմաթիւ տեսակէտներ կան Լիբանանի մէջ: Սակայն կարեւոր է Լիբանանը վերադարձնենք դէպի վերականգնումի, վերակառուցումի փուլ, յոյս ներշնչելու համար երիտասարդութեան եւ անոնց պատշաճ ապագայ պարգեւելու: Այս վերջին պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ, կասեցուց բոլոր ծրագիրները: Մենք, մինչ հիանալի ծրագիրներ մշակած էինք, այժմ առաջնահերթութիւնը մեր գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն սատարումն է, այն է՝ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ սկսած վերջին գործընթացներով կը միտինք ստիպել, որ Իսրայէլը քաշուի գրաւեալ Լիբանանեան տարածքներէն, բանակը իր տեղը գտնէ Հարաւի մէջ եւ իր իշխանութիւնը տարածէ ազատագրուած տարածքներուն վրայ:

– Նկատի առնելով, որ մեր շնորհազարդ նախարարուհին աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Լիբանանի թէ Լիբանանի հայութեան մարզական եւ երիտասարդական շրջանակներէ ներս՝ ինչպիսի՞ն էին տպաւորութիւնը, իր պաշտօնավարութեան ընթացքին:

– Պաշտօնը ստանձնելէս ետք, ճիգ ու ջանք չխնայեցինք որ մարզական կեանքն ու երիտասարդութեան հարցերը բարձր վարկ ունեցան Լիբանանի մէջ, արտաքին աշխարհին առջեւ: Իսկապէս ալ այդ ծրագիրները, որ արժանի գնահատանքի արժանացան: Առաջին անգամ այս նախարարութիւնը ունեցաւ բազմաթիւ օտարերկրեայ դեսպաններու այցելութիւններ, որոնց ներկայացուցինք մեր ծրագիրները, յոյս ներշնչելով անոնց, որ իրենց երկիրներու ղեկավարութեանց փոխանցեն, որ Լիբանան այսօր բոլորովին կը վերականգնի՝ պետական հիմքերու հաստատման հանգրուանին մէջ ըլլալով: Մեր նախարարութեան մէջ կային մարզական եւ երիտասարդական թղթածրար-մասնաբաժիններ: Դժբախտաբար, երիտասարդական բաժնին մէջ նկատի առնուած էին միայն սկաուտները: Ոչ մէկ ատեն նախարարութիւնը կարողացած էր բացուիլ երիտասարդութեան: Աշխատանք տանինք բացուելու համալսարաններուն առջեւ, համախմբելու մեծ թիւով երիտասարդներ, ծառայութեան ճամբուն մէջ: Առաջին հերթին կը պատրաստենք ծրագիր մը՝ Միացեալ Ազգերու եւ անոր յարակից կառոյցներու օժանդակութեամբ, բերելով մասնակից մը (UN-P5 մակարդակի), ի մի բերելով երիտասարդութիւնը՝ միացեալ ազգերու «բառապաշարով», առնելով իրենց կարծիքները՝ որպէսզի մասնագէտը գրի առնէ:

Մենք շատ մեծ խորհրդակցութիւն ունեցանք, ի մի հաւաքելով 700 երիտասարդներու կարծիքները, մեծ ուրախութիւն պատճառելով անոնց, որոնք զգացին որ պետութիւնը իրենց հետն է եւ իրենց տեսակէտները կը լսէ:

Մեր առաջին խորհրդակցութիւններէն ետք, պատերազմը խանգարեց գործընթացին, սակայն որոշած ենք ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ այդ խորհրդակցութիւնները շարունակել Օգոստոստին եւ Սեպտեմբերին: Մենք պատրաստած ենք digital platform մը, զոր պիտի արձակենք վարչապետարանէն, վարչապետին ներկայութեամբ: Այդ իր մէջ կը ներգրաւէ բոլոր մարզական ֆետերասիոնները, նաեւ բոլոր կազմակերպութիւնները: Պիտի հրաւիրենք նաեւ միջազգային բոլոր շրջանակները, որոնց հետ վերոյիշեալ հարթակ- platform-ը կապ ունենայ անոնց հետ: Այսինքն՝ ստեղծել ենթահողը, տարածքը, որպէսզի կարողանանք բոլոր հարցերը արծարծել եւ փորձել օգտակար դառնալ անոնց լուծման: Այժմ՝ 16-էն 29 տարեկան երիտասարդներու դիմումնագիրներու ընդգրկման ծրագիր կայ, որուն վրայ կ’աշխատին աշխոյժ երիտասարդներ եւ երբ պատրաստ ըլլայ, պաշտօնապէս պիտի յայտարարենք եւ գործի լծենք:

Շնորհիւ Առաջին Տիկնոջ նախաձեռնութեան, դպրոցներուն մէջ կեանք առաւ «հայրենապատկանելիութեան» ծրագիրը, որպէսզի պատրաստենք արժանի լիբանանցի հայրենասէր քաղաքացիներ: Մենք նաեւ նախաձեռնեցինք «Պատասխանատու քաղաքացիութիւն» ծրագիրը, որպէսզի բոլորը պատասխանատու մօտեցում ունենան հայրենիքին հանդէպ: Այն 10 բնագաւառները վերածած ենք վարչապետին գիտութեամբ, որպէսզի համերաշխութիւնը սաւառնի Լիբանանի զանազան հատուածներուն պատկանող երիտասարդութեան մօտ: Այս պիտի յառաջ տանիմ այնքան ատեն, որ կը գտնուիմ այս պաշտօնին վրայ, որպէս ռազմա վարութիւն՝ որպէսզի երիտասարդութիւնը պատասխանատու ձեւով մօտենայ այն բոլորին, ինչ որ կը վերաբերի հայրենիքին:

Մարզական գետնի վրայ, պէտք է ըսել որ բաւականին բարդ թղթածրարներ կային, անհամաձայնութիւններ կային ֆետերասիոններուն մէջ: Կ’աշխատինք բարեկամութիւն եւ համերաշխութիւն յառաջացնել մարզական աշխարհին մէջ, նաեւ Հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ եւ աջակցութեամբ կազմակերպեցինք մարզական կեանքին ու մարմնակրթութեան գաղափարի տարածման ծրագիր, իբր արժէք, մանաւանդ որ այն օգտակար կը դառնայ նաեւ տնտեսական կեանքի զարգացման կարեւոր գործօն: Նաեւ գնահատական վկայականներ պատրաստած ենք բոլոր այն մարզիկներուն համար, որոնց գնահատած ենք նախարարութիւն հրաւիրելով:

Այս՝ հոգեբանական մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ մարզիկին, որ այդ վկայականը կը ստանայ նախարարին կողմէ՝ կեդրոնատեղիին մէջ: Դժբախտաբար, աւելին չենք կրնար ընել առայժմ, սակայն այն օրը որ կու գան՝ մեզի համար հարսանիք է…: Այսինքն՝ քաջալերելով Լիբանանին ծառայելու վեհ բարոյականութիւնը, մարզիկ-մարզուհիներուն մօտ:

Յաճախ հրաւէրներ կը ստանամ հեռու շրջաններէ, կը ստիպուիմ 2-3 ժամ ճամբորդել հասնելու այնտեղ, սակայն որքա՜ն ոգեւորիչ է այնտեղի բնակիչներուն համար, որ պետութեան ներկայացուցիչը կը հետաքրքրուի իրենցմով: Առաջին հերթին գացինք Սուր, իրենց յոյս ներշնչելու, լիբանանեան բանակին մարզական թեւերուն ընկերակցութեամբ եւ հեռատեսիլի ուղիղ (live) սփռումով: Անոնց ցոյց տալ որ նախարարութիւնը ժողովուրդին հետ է եւ այս մեր սրտին շատ կը խօսի: Առիթը ունեցայ մասնակցելու Եւրոպական Յանձնաժողովի խորհրդաժողովին Փաֆոսի մէջ եւ այս պիտի մղէ Եւրո՚պական Յառաջադէմ մարզական ծրագիրներ իրականացնել Լիբանանի մէջ: Այսինքն՝ համա-լիբանանեան մարզական կեանքը կամրջել Եւրոպայի հետ: Նոյն աշխատանքը տարի Արաբական Լիկայի եւ Ֆրանքոֆոնիի ընթացքին, որոնց յայտնեցի թէ Լիբանան կը վերադառնայ…: Այժմ կ՚աշխատինք բոլոր օրէնքներու վերստին կազմաւորման, դուրսի օրէնքներու հիմերուն վրայ: Կը կարծեմ թէ մինչեւ 2026թ.ի վերջը այս բոլոր մարզական օրէնսդրութիւնը  ամբողջապէս բարենորոգուած պիտի ըլլայ…:

Իսկ թէ ինչպիսի՞ աշխատանքներ Լիբանանի, թէ Լիբանանի հայ դպրոցներու մարզական կեանքի զարգացման ուղղութեամբ, նկատի առնելով թէ բազմաթիւ տաղանդաշատ մարզիկ-մարզուհիներ յայտնուած են՝ նախարարուհին պատասխանեց.

– Երբ բոլորը զգացին թէ որոշ լրջութիւն եւ մարզական անբասիրութիւն երեւան եկած է՝ աշխուժութիւն մը սկսածէ բոլոր ֆետերասիոններուն մօտ: Մենք այսօր մեծ նուաճումներ ունինք դուրսը, նաեւ հայկական մակարդակի վրայ եւ պիտի փորձեմ ամէն կերպ օգտակար դառնալ: Դժբախտաբար, նախարարութեան պիւտճէն նօսր է եւ այդ արգելք չհանդիսացաւ որ ես խնդրեմ դեսպանատուներէն եւ կազմակերպութիւններէն, որ օգտակար դառնան մեր աշխատանքներուն: Յիշեցնենք որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կանանց խումբը դարձաւ Լիբանանի ախոյեան եւ յառաջիկային ընդունելութիւն մը պիտի կազմակերպեմ նախարարութենէն ներս՝ զիրենք պատուելու համար: Որեւէ մարզական նուաճում Լիբանանի հայ համայնքին կողմէ, մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը պատճառէ ինծի:

– Իսկ ի՞նչ է նախարարուհիին պատգամը երիտասարդութեան եւ մարզիկ-մարզուհիներուն…:

– Իմ պատգամս այն է՝ որ մի կտրէք ձեր յոյսը Լիբանանէն: Ամո՛ւր պահեցէք զայն, որովհետեւ աշխատանք կը կատարուի կառավարութեան կողմէ, նախագահին ու վարչապետին կողմէ, որպէսզի Լիբանանը հասցնեն մնայուն խաղաղութեան՝ հակառակ Իսրայէլի յարուցած դժուարութեանց: Երիտասարդութեան կը յայտնեմ, որ Լիբանանի ապագան շատ փայլուն պիտի ըլլայ եւ դուք կարեւոր դեր ունիք խաղալիք այս բոլորին մէջ:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Լիբանան

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում