Նախորդ շաբաթ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլը հրապարակած էր իր Խօսքը, ուր մատնանշելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Վեհափառ հայրապետին հրաւիրած Եպիսկոպոսական ժողովի գումարումը խոչընդոտող հանգամանքները՝ Հայաստանի պետական իշխանութեան եւ անձամբ վարչապետ Փաշինեանին կոչ կ’ընէր բնականոն հուն վերադարձնել յարաբերութիւնները Մայր Աթոռի հետ՝ խուսափելու համար հարցը միջազգային ատեաններ տեղափոխելու անպատուաբեր հեռանկարէն, լայն ընդունելութեան եւ համախոհութեան արժանացավ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին։
Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով, որ իրերու կացութեան մէջ դրական որեւէ փոփոխութիւն արձանագրուած չէ, այլ, ընդհակառակն, առաւել թափով կը շարունակուին հակականոնական գործողութիւնները, ի մասնաւորի՝ կարգազանց կամ տիրադաւ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ կազմակերպուող թերի եւ անընդունելի «պատարագները» զանազան սրբավայրերու մէջ, ցուցադրողական մասնակցութեամբ նոյնինքն վարչապետ Ն. Փաշինեանի եւ անոր վարչախումբին: Մինչ միւս կողմէ, հետզհետէ կը վատթարանան ցուցադրական դատավարութիւններով բանտախուցեր նետուած չորս Սրբազաններու եւ այլ եկեղեցականներու, ինչպէս նաեւ մեծ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ այլ քաղաքական բանտարկեալներու՝ արդէն իսկ դժնդակ պայմանները, անոնց առողջութիւնը, ինչ որ կը խորացնէ վախի մթնոլորտը միւս եկեղեցականներու՝ յատկապէս Եպիսկոպոսական ժողովին մասնակցելու պատրաստակամ հոգեւորականներու, անոնց ուղեկից դառնալ փափաքող աշխարհականներու վրայ: Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, անհրաժեշտ կը նկատենք, կոչ կ’ընենք և կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետ Ն. Փաշինեանէն հրապարակաւ՝ Հայաստան մուտք գործելու, ՀՀ սահմաններէն ներս ազատ տեղափոխութեան, անձեռնմխելիութեան, խօսքի ու կարծիքի բացարձակ ազատութեան և ֆիզիքական ապահովութեան մշտական երաշխիքներ տալ Ժողովին մասնակցելու պատրաստ բոլոր եկեղեցականներուն եւ անոնց ուղեկցողներուն անխտիր, յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածները, ժողովներ ու հաւաքներ կազմակերպելու ազատութեան վերաբերեալ միջազգային պայմանագիրները։ Այս երաշխիքը անհրաժեշտ է որպէսզի կարելի դառնայ ակնկալել այժմ յետաձգուած Եպիսկոպոսաց եւ ի պահանջեալ հարկին՝ Ազգային-եկեղեցական ժողովները գումարուին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի անդամները, գլխաւորութեամբ իր խմբագիրներու խորհուրդին, առաջին անգամը չէ, որ հանդէս կու գայ ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. Եկեղեցիին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ի նպաստ Հայ եկեղեցւոյ ներքին բարօրութեան, կանոնադրական իրաւունքներուն եւ համահայկական առաքելութեան։
Նմանապէս, առաջին անգամը չէ, որ կը բարձրացնէ Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու եւ անոր միջոցով Ազգային-եկեղեցական ժողով նախապատրաստելու եւ զայն կայացնելու հարցը, լուսաբանելու համար Հայ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին խնդիրները, հաւատալով, որ Ազգային մեր Եկեղեցին ինք ի վիճակի՛ է օրինական միջոցներով, ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս բերելու ինքզինք՝ առանց արտաքին անօրինական միջամտութիւններու։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
ԱԶԳ (Հայաստան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնրէալ), ԱՐԵՒ (Եգիպտոս),
ԶԱՐԹՕՆՔ (Լիբանան), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Յունաստան), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթոն),
The Armenian Mirror Spectator (USA), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Արժանթին)
17 Դեկտեմբեր 2025



