Ուրախութեամբ վերահասու եղանք թէ ականաւոր Չեխաբնակ Լիբանանահայ դաշնակահար եւ մանկավարժ՝ Դր. Վարդան Ակոբեան, որուն բեղմնաւոր գործունէութեանց ծիրը նաեւ խմբավարութեան արուեստը ընդգրկած է, Չեխիոյ Boni Pueri միջազգային համբաւ վայելող տղայոց երգչախումբի գլխաւոր ղեկավարը նշանակուեցաւ անցեալ ամիս։ Դր. Ակոբեան երգչախումբին հետ իբր դաշնակահար գործակցելու սկսած էր արդէն՝ Յունուար 2022-ին։
Boni Pueri երգչախումբը գոյութիւն ունի 1982 թուականէն ի վեր, եւ ցարդ աւելի քան երեք հազար ելոյթներ ունեցած է՝ Հիւսիսային Ամերիկա, Ասիա եւ Եւրոպա. 2022-ին երգչախումբը պաշտօնապէս հռչակուած է Եւրոպական Միութեան Մշակութային Դեսպան՝ Պրիւքսէլ քաղաքին մէջ։ Մօտիկ ապագային՝ Դր. Ակոբեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը իր համերգային գործունէութեամբ հանդէս պիտի գայ Աւստրա, Պուլկարիա, Օման, Լիբանան, Հարաւային Քորէա, Չինաստան, Ճափոն եւ զանազան այլ երկիրներ, ինչպէս նաեւ անշուշտ Չեխիա։

Վարդան Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ Չեխ տաղանդաւոր մանուկները նաեւ Հայերէն լեզուաւ կատարումներ ունեցած են, զանազան երկիրներ (Լիբանան, Աւստրիա, Հայաստան, Չինաստան եւ այլուր) – Մակար Եկմալեանի եւ Դր. Ակոբեանի մշակումները կատարելով։ Յիշենք նաեւ, որ երբ Արցախի պատերազմը ծագեցաւ 2020-ին համավարակի օրերուն, Դր. Ակոբեան առանց վարանելու անմիջապէս՝ ի սատարումն Հայ քաջամարտիկներուն «Մարտիկի Երգ»ը մշակեց, եւ աշխարհի չորս ծագերէն երաժիշտներ ու երգիչներ հրաւիրեց, որոնք առանձնաբար իրենց մասերը թողարկեցին իր առաջնորդութեամբ։ Այնուհետեւ Դր. Ակոբեան այս բոլորը համադրելով ու խմբագրելով՝ յուզիչ ու ոգեւորիչ գեղարուեստական արդիւնք մը կազմեց, զոր անձնապէս ցայսօր կը յիշեմ. հազարաւոր ունկնդիրներ եղան միջացանցի վրայ։ Սոյն մշակման կատարումը կարելի է լսել հետեւալ հասցէին.- https://youtu.be/071ROYoZMhI?si=VjcAnxUXGHpfOgnb
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Դր. Վարդան Ակոբեանը մեր ժողովրդեան համար յոյժ պատուաբեր իր այս նուաճման համար, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իր յառաջիկայ գործունէութեանց մէջ։
Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան
ՕՐԵՐ-Ը միանում է այս շնորհավորանքներին։
orer.eu





