ՀԵՌՈ՛Ւ ՄՆԱՑԷՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՌԱԿՏԵԼՈՒ ԱԶԳԱԿՈՐԾԱՆ ՓՈՐՁԵՐԷՆ. ԱՐԱՄ Ա

  • 08.12.2025
  • 0
  • 7 Views

Անցնող ամիսներուն, խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք Սուրբ Էջմիածինի շուրջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումներուն։ Զանազան առիթներով ու միջոցներով փորձեցինք հանդարտեցնել փոթորկալից կացութիւնը եւ փոխադարձ հասկացողութեան մղել՝ յատկապէս զգուշացնելով եկեղեցին պառակտելու առաջնորդող քայլերէ։

Այսօր, փաստօրէն, կացութիւնը դարձած է աւելի վտանգալից՝ աննախատաեսելի հետեւանքներով յղի: Սուրբ Էջմիածինի եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու ներքին միութեան ամուր պահպանումը եւ զայն ներքին թէ արտաքին վտանգներէ հեռու պահելը, համազգային առաջնահերթութիւն է: Այս խոր գիտակցութենէ ու յանձնառութենէ առաջնորդուած, կոչ կ՚ուղղենք.-

•⁠ ⁠ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ, հեռու մնալու Սուրբ Էջմիածինի ներքին կեանքին ու խնդիրներուն միջամուխ դառնալու եւ եկեղեցիէն ներս զանազան միջոցներով պառակտումի սերմեր ցանելու հակասահմանադրական, եւ հետեւաբար, անընդունելի ու դատապարտելի քայլերէ, որոնք կրնան մեր եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը առաջնորդել ինքնակործանումի:

•⁠ ⁠ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ, կարելի փութով, համբերութեամբ ու խոհեմութեամբ առաջքը առնելու միաբանական կեանքէն ներս ճեղքեր յառաջանալու ու յառաջացնելու վտանգաւոր կացութիւններուն, եւ համախմբուելու Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ միաբանական ուխտին ու սկզբունքներուն շուրջ եւ եղբայրական ոգիով, կանոնական գործընթացքով ու իրապաշտ մօտեցումով քննելու առկայ խնդիրները՝ համապատասխան որոշումներ գոյացնելու վճռակամութեամբ:

Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է ու միաժամանակ՝ ազգին սրբազան տունը: Իւրաքանչիւր հայ պարտաւորութիւն ու իրաւունք ունի մտահոգուելու եւ տեսակէտ յայտնելու եկեղեցին յուզող խնդիրներու նկատմամբ, սակայն՝ կառուցողական ու շինիչ մօտեցումով եւ եկեղեցին վերանորոգելու ու անոր ծառայական առաքելութիւնը աւելի կենսագործելու նախանձախնդրութենէ առաջնորդուած:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիպրոսում գտնվելու օրերին, Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ հանդիպմանը հանդես է եկել հորդորով.

«Երբ Հայաստանի մէջ անարդարութիւն կը կատարուի, Անթիլիասը ոչ կ’ըսէ:

երբ Հայաստանի մէջ արժէքները կ’արհամարուին եւ խորհրդանիշները կ’անտեսուին, Անթիլիասը ոչ կ’ըսէ եւ ոչ ըսած է միշտ:

Երբ Հայասանի մէջ եկեղեցին ու եկեղեցականները տեսակ-տեսակ հալածանքներու եւ ձերբակալութիւններու կ’ենթարկուին, Անթիլիասը այդ քաջութիւնը ունեցած է եւ ունի… ոչ ըսելու:

Երբ Հայաստանի մէջ, ի վնաս մեր ժողովուրդի շահերուն եւ համազգային մեր գերագոյն իտեալները կ’անտեսուին, Անթիլիասը ոչ ըսած է եւ ոչ պիտի ըսէ»:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում