Հրապարակի Վրայ Է Օսմանեան Կայսրութեան Հայ Ոսկերիչներուն Նուիրուած Երկհատորը

  • 25.11.2025
  • 0
  • 125 Views


Արդէն հրապարակի վրայ է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործած հայ ոսկերիչներու եւ թանկագին քարերու արհեստաւորներու նուիրուած՝ Jewelry and Armenian Goldsmiths under the Ottomans խորագրեալ անգլերէն երկհատորը, որուն հեղինակը Արսէն Եարմանն է։
Երկար տարիներու ուսումնասիրութեան եւ աշխատութեան արդիւնքը հանդիսացող սոյն երկհատորին թրքերէն տարբերակը հրատարակուած էր մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ եւ անիկա արդէն սպառած է:
Հայ ոսկերչութեան արհեստին եւ արուեստին պատմութիւնը միջազգային հանրութեան հասցնելու նպատակով կատարուած այս աշխատասիրութենէն օրինակ մը ստանալու համար այցելել հետեւեալ կայքը։ https://www.armenian goldsmiths.com/

Աղբյուր՝ “Նոր Աշխարհ” շաբաթաթերթի 24-11-2025 թուականի ելեկտրոնային թիւը

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում