Մարտինի ծնունդ, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի գրառումներուն մէջ` չենք հանդիպիր հռետորական ոճի ձեռագիր նամակներու: Այնուամենայնիւ, իր ամբողջ կեանքը, յատկապէս նահատակութեան վերջին պահերը, դարձած են ամենախօսուն ճառերը հաւատքի, հայրենիքի, հողի եւ հաւատացեալներու նկատմամբ անսասան սիրոյ:
Որպէս Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ, Մալոյեան Արքեպիսկոպոսի քարոզները կը բնութագրուէին ոչ միայն խորին աստուածաբանական բնոյթի, այլ անոնք նաեւ հայրենասիրական կրակոտ հոգեւոր կոչերով գերյագեցած էին։ Անոր ամէն մէկ խօսքը` կը ներմուծուէր հայրենի հողի նկատմամբ սիրով եւ հաւատացեալներուն նկատմամբ անսահման մտահոգութեամբ: Ան հաւատացեալներուն կը հրաւիրէր մնալ հաստատ իրենց հաւատքին մէջ, պահպանել իրենց մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը, նոյնիսկ ամենամռայլ օրերուն: Այդ կոչերը կը հնչէին ոչ թէ քաղաքական հռետորութեամբ, այլ խորին հոգեւոր համոզումով, որ հայրենիքը միայն երկիր չէ, այլ նաեւ հաւատքի եւ համայնքի անբաժան մասը:
Իր իսկ վկայութեամբ` 11 Դեկտեմբեր 1898-թուակիր նամակին մէջ` Աղեքսանդրիայէն յղուած իր մեծաւորին` կը գրէ`
“…Այսօր մեր եկեղեցւոյն տարեդարձն ըլլալուն, Գաղղիոյ Քօնսօլօսն մեր քով պատարագի եկած էր. Պատարագէն վերջ ատեան ելան մեր համայն ազգայիններն ալ, ի միասին Խալիլ Բաշան, Նասրի Պէյ, Մատթոսեան, Փեմփեճեան եւայլն եւայլն, Ձեր Մալոյեանն ալ, որ ասանկ պարագաներ ձեռքէ չի փախցներ, Գաղղիերէն բաւական հայկական խրոխտանօք խօսակցութիւն մի ըրի, որուն մէջ մեր նախնեաց փառաւորութիւնն եւ Գաղղիոյ հետ ունեցած վաղեմի բարեկամութիւնը յիշատակեցի, Քօնսօլօսն եւ համայն ազգայինք գլխիբաց բոլոր խօսակցութեանս ժամանակ ոտքի ելած կեցած ուրախութեամբ եւ ծափահարութեամբ։ Քօնսօլօսն շատ ուրախանալով երկար բարակ պատասխան մի տուաւ։
Ազգայինք ալ շատ գոհ եղան եւ ականջովս լսեցի, որ կ’ըսէին իրարու` թէ հիմա մենք ալ սկսանք մարդ ըլլալ։
Ահաւասիկ, ամենասիրելի Գերապայծառ հայր իմ, ահա Ձեր Սուրբ աղօթից, Ձեր ինծի ընկեր եղած Աստուածափայլ շնչի զօրութիւնը եւ ոյժը….
Գեր.Գերապայծառ Հայրութեանդ`
Ն.Ո.
Իգնատիոս Քն. Մալոյեան
Աղեքսանդրիա
11 Դեկտեմբեր 1898
Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի ճառերու ոգին եւ նահատակութեան վկայութիւնը կը մնան ոչ միայն հաւատացեալներու, այլ համայն ազգին համար անմահ ժառանգութիւն, որ կը յիշեցնէ, թէ ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը կը կայանայ հաւատքի զօրութեան եւ անձնուրաց սիրոյ մէջ:
Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառ





