Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմակալ Առաջնորդներու Յայտարարութիւնը

  • 16.10.2025
  • 0
  • 61 Views

Մենք՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդները՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան եւ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեան, մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին ձերբակալութիւններուն կապակցութեամբ։

Ձերբակալուածներուն մէջ են Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանը, ինչպէս նաեւ քանի մը քահանաներ եւ թեմական վարչութեան աշխատակիցներ։

Ձերբակալուած հոգեւորականները ճանչցուած են իրենց նուիրումով, խոնարհութեամբ եւ ժողովուրդին ու Աւետարանին ծառայութեամբ։ Նման վերաբերմունքը վտանգի տակ կը դնէ մեր ազգի բարոյական ու հոգեւոր հիմքերը եւ կը խաթարէ Եկեղեցւոյ սրբազան դերը մեր ազգային կեանքին մէջ։

Մեր կոչը կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ ապահովելու արդարութիւն, թափանցիկութիւն եւ օրէնքի պատշաճ ընթացք, եւ յարգելու Հայ եկեղեցւոյ պատմական անկախութիւնն ու սրբազան առաքելութիւնը։

Այս դժուարին պահուն մենք միասնաբար կը կանգնինք Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, մեր հոգեւորականութեան եւ բոլոր հաւատացեալներու կողքին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Կը հրաւիրենք մեր համայնքները միասնական աղօթքի՝ իմաստութեան, խաղաղութեան եւ մեր հայրենիքին մէջ վստահութեան ու միաբանութեան վերականգնման համար։

15 Հոկտեմբերի 2025
Նիւ Եորք

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում