Ֆրանսիայի Ազգային վաստակի ասպետի կոչում՝ թավջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսյանին

  • 01.10.2025
  • 0
  • 460 Views

Հայ թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեան արժանացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներէն մէկուն՝ Ազգային վաստակի շքանշանի ասպետի կոչման։

Տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Փարիզի «Էքօլ Նորմալ տէ Մուզիք»ի մէջ։ Մեծաթիւ հիւրերու ներկայութեան, դրամատան սեփականատէր, բարերար Ֆրանսուա Անրօ շքանշանը յանձնեց 36ամեայ հայ արուեստագիտուհիին, նշելով հետեւեալը. «Այս պարգեւատրութեամբ, Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ ո՛չ միայն բացառիկ երաժիշտին, այլ նաեւ նուիրեալ կնոջ մը, որ երաժշտութիւնը դարձուցած է համընդհանուր լեզու՝ մշակութային ժառանգութեամբ ներշնչուելու համար»։

Աստղիկ Սիրանոսեան ծնունդով Լիոնէն է, հեղինակաւոր մրցումներու դափնեկիր։ Ան հանդէս եկած է աշխարհի ամենանշանաւոր բեմերուն վրայ, համագործակցելով հանրայայտ խմբավարներու եւ նուագախումբերու հետ։

Նոր Մարմարա, Պոլիս

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում