Հայաստանի Կամերային Երգչախումբի արական կազմի համերգային շրջապտոյտը Իտալիա եւ Յունաստան – 3/7 սեպտեմբեր, 2025

  • 08.09.2025
  • 0
  • 320 Views

Սեպտեմբերի առաջին օրերուն, Իտալիոյ կեդրոնական նահանգներէն՝ Մարքէի երրորդ մեծ քաղաքի, Ֆանոյի եւ ապա, Յունաստանի Պատմոս կղզիի հիւրը եղաւ Հայաստանի Պետական Կամերային Երգչախումբը, Ռոբերտ Մլքէյեանի խմբավարութեամբ։

Ատրիականի ափերուն գտնուող Ֆանօ քաղաքը յայտնի է իր միջնադարեան Մալատեստեան ամրոցով, Իտալիոյ ամենահին բարեկենդանի տօնակատարութիւններով, իսկ այժմ՝ միջազգային ճազ երաժշտութեան ու բազմաձայն երգչախմբային փառատօններով։

Պատմոսը, Էգէականի արեւելեան ծայրամասը գտնուող, բոլորիս յայտնի՝ Յովհաննէս Առաքեալի ապաստանած կղզին է, ուր ըստ աւանդութեան Յիսուսի տեսիլքները ունենալէ ետք ան կը յղանայ Նոր Կտակարանի վերջին եւ ամենադժուար մեկնաբանելի՝ Յայտնութեան խորհրդանշական գլուխ գործոց գիրքը (Apocalypse)։

Հետաքրքրականօրէն, թուականներով գրեթէ զուգադիպող երկու փառատօններու ղեկավարները, հանրածանօթ երգչխմբային խմբավար ու երգահան՝ Լորենցօ Դոնատի եւ աշխարհահռչակ դաշնակահար՝ Ռոբերտօ Պրոսսեդա, որոնց հետ բազմիցս գործակցելու առիթը ունեցած է մեր Կեդրոնը, դիմում կը ներկայացնեն այս տարուայ ծրագրաւորումին մէջ ներառնելու հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը, եւ մեր առաջարկ-ընտրութիւնը կ՛ըլլայ՝ Հայաստանի Կամերային Պետական Երգչախումբը, բացառաբար սակայն արական համոյթի իր կազմով, որպէսզի ներկայացուի Կոմիտասի մշակած Պատարագի առաջին՝ արական կազմի տարբերակը։ Ինչ որ, խմբերգային ու մենակատարներու բարձրորակ երգեցողութեամբ մեծապէս տպաւորեց երգչախմբային ու հոգեւոր երաժշտութեան վարժ այս երկու փառատօններու ունկնդիրները, որոնք քար լռութեամբ եւ առանց ծափահարութեան ընդմիջումներու հետեւեցան Պատարագի ամբողջական կատարումը։

Իւրաքանչիւր փառատօնի կողմէ փափաքը ըլլալով զոյգ համերգներու առիթ ստեղծել, երկրորդ համերգը, ըլլա՛յ Ֆանոյի Միջազգային Բազմաձայն Երգչախմբային 52րդ Հանդիպումներուն, ըլլա՛յ Պատմոսի 23րդ Հոգեւոր Երաժշտութեան Փառատօնի ծիրէն ներս, եղաւ մանաւանդ միջնադարեան տաղերու եւ շարականներու մեկնաբանութիւնը, իրենց միաձայն եւ դամի ձայնակցութեան աւանդական ոճով, ուր շատ հաճելի անակնկալ էր հանդիպիլ երկու երիտասարդ մեներգիչներու, ծագումով Ճաւաղքցի, որոնք շատ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեցին պահելով ձայնեղանակային ծիրի եւ բնական ձայնով երգեցողութեան յատկանիշները։ Իսկապէս հազուադէպ ու շատ գնահատելի է այս ուղղութեամբ Մաեստրօ Մլքէյեանի, նման մակարդակի մասնագիտացած երգչախումբի խմբավարի մը ցուցաբերած զգայնութիւնն ու քաջալերանքը։

Հոգեւոր երաժշտութեան յատկացուած համերգային բացառիկ առիթներ այս զոյգ փառատօններու ծիրէն ներս, որոնք կարելի դարձան Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի տնօրէն՝ Մինաս Լուռեանի եւ երաժշտական բաժնի համադրութեան ու տարիներու մասնագիտական աշխատանքային ցանցին շնորհիւ, ունենալով այս պարագային նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան հովանաւորութիւնը։

Դիւան՝

Վենեիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի

8 սեպտեմբեր, 2025

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում