«Ուաշինկթընի Հանդիպումին Պաքու «Շատ Բան Շահեցաւ», Մինչ Երեւան «Ոչ Մէկ Շահաբաժին» Ստացաւ Անկէ». Ամերիկացի Նախկին Բարձրաստիճան Դիւանագէտ

  • 27.08.2025
  • 0
  • 470 Views

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛Պրայըն, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի օրով կը զբաղէր Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան եւ ապաշրջափակման հարցերով՝ անդրադարձաւ 8 Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ կնքուած Ուաշինկթընի հռչակագիրին՝ յայտնելով, որ այդ օր Ատրպէյճան մեծ յաղթանակ տօնեց, Ամերիկա Պաքուին կանխավճար տուաւ՝ միայն խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններուն դիմաց, մինչդեռ Հայաստան «ոչ մէկ շահաբաժին» ստացաւ ։

Արտաքին յարաբերութիւններու Եւրոպական խորհուրդին համար հրապարակած ծաւալուն յօդուածին մէջ Օ՛Պրայըն կը նշէ, որ այս պայմանաւորուածութիւններուն ամէնէն կարեւոր տարրը Հայաստանի համաձայնութիւնն է` բանալու իր տարածքին 43 քիլոմեթրը Միացեալ Նահանգներու կողմէ կառավարուող միջանցքին, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին:

Հաստատելով, որ Ուաշինկթընի արարողութիւնը խաղաղութեան ուղղութեամբ էական քայլ մըն է՝ Օ՛Պրայըն դիտել տուաւ, որ հակամարտութեան հիմնական պատճառը, սակայն, չէ լուծուած, պարզապէս յետաձգուած է:

Ըստ անոր՝ նախ առնուազն մէկ տարի խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիր պիտի չըլլայ, որովհետեւ Ատրպէյճան Հայաստանէն իր Սահմանադրութիւնը փոխել կը պահանջէ, եւ եթէ Հայաստան չկատարէ այդ պահանջը, խաղաղութեան գինը առաւել պիտի բարձրանայ:

Երկրորդ` Թրամփի միջնորդութեամբ կնքուած գործարքը լուսանցքի մէջ ձգած է այս նախագիծով շահագրգռուած միւս առանցքային խաղացողները` Ռուսիան եւ Իրանը, որոնց աջակցութիւնը վճռական նշանակութիւն ունի միջանցքի յաջողութեան համար, եւ Թուրքիա, որուն տարածքով եւս պիտի անցնին ապրանքները, որպէսզի միջանցքը դառնայ կենսունակ:

Օ՛Պրայըն նաեւ որոշ նրբութիւններ գաղտնազերծեց իր օրով տեղի ունեցած բանակցութիւններէն՝ մանրամասնելով, որ նախորդ վարչակազմը, ի տարբերութիւն Թրամփի, ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի անձնական երաշխաւորութիւնը կը փորձէր դնել համաձայնութիւններուն իբրեւ հիմք, այլ կ՛աշխատէր հասնիլ գործարքի մը, զոր կողմերը ստորագրելէ ետք անմիջապէս պիտի սկսէին իրագործել:

«Պայտընի վարչակազմին մէջ մենք չէինք առաջարկեր նախագահին անձնական ներգրաւուածութիւնը` 2023ին Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստ տուած տասնեակ հազարաւոր հայերուն վերաբերեալ մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ կիրարկուող ճնշումներուն, որոնց կարգին՝ USAID-ը վտարելու սպառնալիքներուն պատճառով: Այժմ, Թրամփի վարչակազմը ի՛նք կը դադրեցնէ USAID-ի ֆինանսաւորումը», կը գրէ Օ՛Պրայըն ՝ աւելցնելով. «Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, որ Ուաշինկթընը այլեւս չեն յուզեր Ատրպէյճանի կողմէ 2020ին եւ 2023ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իրականացուած ռազմական գործողութիւնները»:

Օ՛Պրայըն լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ այլ նրբութիւն մը, որ՝ Պայտընի օրով կար դրոյթ մը, ըստ որուն, ամերիկան պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուէին այն պաշտօնեաներուն եւ ընկերութիւններուն նկատմամբ, որոնք պիտի կառուցեն, պիտի շահագործեն կամ պիտի օգտագործեն միջանցքը առանց Հայաստանի համաձայնութեան՝ նշելով, որ կարծես ներկայիս այդ մէկը չկայ։ Ան շեշտեց, որ 8 Օգոստոսին, Ալիեւ հեռացաւ համաձայնագիրով մը, որ կը խորացնէ անոր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ եւ կ՛երաշխաւորէ Նախիջեւանի հետ ապահով կապի՝ Ուաշինկթընի օգնութիւնը։

Հայաստանի ստացածը գնահատելով՝ Օ՛Պրայըն խայտառակութիւն կ՛որակէ եղածը, որովհետեւ միջանցքը կապ պիտի ապահովէ միայն Ատրպէյճանի զանազան հատուածներու միջեւ, իսկ ասկէ ետք գերիշխող պիտի ըլլայ պարտադրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը, որ առաւել վնաս պիտի տայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

«Եթէ միջանցքը շուտով համաշխարհային ցանցի մը մաս չդառնայ, անիկա հետաքրքրական պիտի ըլլայ թերեւս պիտի Ատրպէյճանի համար», կ՛ըսէ Օ՛Պրայըն ՝ առանց բացառելու, որ՝ հայկական կողմէն կոշտ դիրքորոշում ունեցող ուժեր կարենան Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն այս հարցը խաղաքարտ դարձնել: «Այն ատեն Ատրպէյճան պիտի հակադարձէ, որ Ամերիկան երաշխաւորած է տարանցման ապահովութիւնը, եւ ի յայտ պիտի գայ գլխաւոր հարցը, որ ո՞վ պիտի ստանձնէ միջանցքը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը», կ՛ըսէ Օ՛Պրայըն՝ անխոհեմ համարելով ենթադրել, որ Թրամփ, որ դէմ է Միացեալ Նահանգներէն դուրս ամերիկացի զինուորներու տեղակայման, զօրք պիտի ուղարկէ տարածք մը, ուր «Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա եւ այժմ երկու անգամ յաղթանակած Ատրպէյճան կրնան շատ արագ իրավիճակը սրել»:

Օ՛Պրայըն նաեւ կ՛անդրադառնայ այն իրողութեան, որ քաղաքական ու թեքնիք այս անորոշութիւնները կրնան պատճառ դառնալ տնտեսական վտանգներու, կաշառակերութեան, անարդիւնաւէտութեան եւ այլն։

Իր յօդուածին աւարտին Օ՛Պրայըն կը շեշտէ, որ տակաւին կանուխ է տօնելու, որովհետեւ հիմա կայ, որ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնը կրնայ բորբոքել զարգացումներու վտանգներ, որոնք խաղաղութեան կարելիութիւնը պիտի սասանեն։

Ասպարեզ

ԱՄՆ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում