Scriptor, Cantor and Notator: The Materiality of Sound in Chant Manuscripts in the East. Կարեւոր միջազգային նոր հրատարակություն՝ նվիրված եկեղեցական երաժշտության ձայնագրությանը, խազաբանությանը եւ դպրաց դասի ավանդությանը
Պրահայաբնակ ճանաչված հայագետ եւ երաժշտագետ, դիրիժոր Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանը (Ութիջյանը) մասնակցել է այս երկհատորյա ձեռնարկին, հեղինակավոր ու բավական ստվար մի ուսումնասիրությամբ՝ նվիրված Հայոց ձայնագրերի եւ եկեղեցական երգասացության պատմական հոլովույթին, որ “Scriptor, Cantor, Notator: The Case of the Armenian neumes“ («Գրչագրող, Երգող ու Ձայնագրող. Հայոց խազերի պարագան») խորագիրն է կրում։ Բարեշնորհ սարկավագի հետ համառոտ հարցազրոյց է վարել ՕՐԵՐ հանդեսի գլխավոր խմբագիր Հակոբ Ասատրյանը։
ԽՄԲ. Հարգելի Դոկտոր, խնդրեմ մանրամասնեք ի՞նչ հրատարակություն է եւ որտե՞ղ է լույս տեսել։
Հ. ԻՒ. «Ձայնի նիւթականութիւնը երգասացութեան ձեռագրաց մէջ» երկհատորեակը Brepols հրատարակչական տան Musicalia Antiquitatis et Medii Aevi մատենաշարին մաս կը կազմէ։ Ա. հատորը, նուիրուած Արեւմտեան աւանդութեան՝ անցեալ տարի հրատարակուեցաւ, իսկ Արեւելեան աւանդութիւնները ընդգրկող Բ. հատորը անցեալ շաբաթ ի լոյս ընծայուեցաւ։
Երկհատորեակի նպատակն է ՝թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան աւանդական երգեցողութեան աւանդութեանց հետ առնչուած հետազօտական հիմնահարցեր ընդգրկել, ստէպ հասարակաց եւ ընդհանուր բնոյթ ունեցող խնդիրներ արծարծելով՝ սակայն պահպանելով լայն աշխարհագրական տարողութիւն եւ ներառնելով զանազան տեղական ու ազգային առանձնայատկութիւններ եւ մասնաւոր հարցեր։ Քննարկումները կ՚ընդգրկեն երգացանկեր, ձեռագիրներ, եւ գրչագրողներու եւ երգիչներու յատուկ գործունէութիւններն ու գործելակերպերը՝ ծանրանալով այս բոլոր տարերց միջեւ փոխ-յարաբերութեանց վրայ ըստ պատշաճի։ Գլխաւոր շեշտադրուած երեսակներն են նիւթականութիւն, համագիր ու պաշտօն (materiality, context եւ function)։ Իր կարկինը այսքան լայն բացած միակ նախընթացը որ մարդուս միտքէն կ՚անցնի լուսահոգի Constantinos Floros-ի 1970-ի Universale Neumenkunde կոթողային աշխատանքն է։ Սակայն ներկայ հրատարակութիւնը շատ մը տեսակէտներով անկէ կը տարբերի, եւ անշուշտ վերջին յիսուն տարիներու հետազօտութեանց արգասիքն ալ կ՚ընդգրկէ։ Թէեւ հատորոյս տասը գլուխները տասը տարբեր մասնագէտներ իրարմէ անկախօրէն հեղինակեցին, այնուհանդերձ նոյն խմբագրական ձեռքերէն անցան բոլոր գլուխները։ Նպատակը անշուշտ այն է, որ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի զանազան ճիւղաւորմանց տեսաբաններն ու կատարողները այսպիսով կարենան իրարու աւանդութեանց եւ դիմագրաւած թնճուկներուն մասին աւելի լաւ տեղեկանալ, մեթոդաբանական օգտակար փորձառութիւններ փոխանակել, զուգահեռներ կամ համեմատելի երեւոյթներ օգտագործել, եւ այսպիսով յառաջիկայի հետազօտութեանց խթան հանդիսանալ եւ նպաստել անոնց։
ԽՄԲ. Ո՞րն էր պատճառը, որ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի ավանդությունները առանձին հատորներով հրատարակվեցին։
Հ. ԻՒ. Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան՝ Արեւելքն ու Արեւմուտքը համապարփակող մէկ ստուար հատորոյ մը հրատարակութիւնն էր մեր թիրախն ու նպատակը։ Ես կը կարծեմ թէ երբ սակայն յայտնի դարձաւ, թէ իւրաքանչիւր գլուխ իրաւամբ որքան երկարաշունչ եւ խորաթափանց ըլլալու կը ձգտի, եւ նաեւ նիւթոց բնոյթը որքանով նկարներու, ձեւերու եւ նմոյշներու վերարտադրութեան կը կարօտի արծարծուած հարցերը յստակ եւ շօշափելի դարձնելու համար՝ հրատարակչական տունը որոշեց որ աւելի գործնական պիտի ըլլար երկու մասերը անջատ կազմերով ի լոյս ընծայել։ Գուցէ նաեւ հաշիւ եղաւ, թէ միացեալ հատորը բաւական ծախսոտ պիտի ըլլար, մինչ հաւանաբար շատ մը ընթերցողներ մէկ կամ միւս հատորը անջատօրէն գնել փափաքէին։ Ինչպէս գիտէք՝ այսպիսի մասնագիտական հրատարակութեանց համար պահանջքը սահմանափակ է։ Այնուհանդերձ կը յուսամ, որ ապագային Brepols-ը երկհատորեակը նաեւ իբր մէկ միաւոր վաճառէ՝ որոշ զեղչով մը, գործը իր կոթողային ամբողջութեամբ մատչելի դարձնելու համար։
ԽՄԲ. Ինչպիսի՞ ավանդություններ են ընդգրկված։
Հ. ԻՒ. Նոր հրատարակուած երկրորդ հատորը Յունաց, Ղպտեաց եւ Հրէից աւանդութեանց կողքին կը պարունակէ Հայոց աւանդութեան նուիրուած գլուխ մը (էջ 183-217), զոր հեղինակեցի համավարակի ամիսներուն։ Իսկ առաջին հատորը ամբողջովին նուիրուած է Լատինական աւանդութեան բազմազան դրսեւորմանց։ Իսկ Անգլերէնէն զատ՝ կան գլուխներ որոնք Ֆրանսերէնով կամ Իտալերէնով գրուած են, ականաւոր մասնագիտաց կողմանէ, որոնց անունները քաջածանօթ են երաժշտագիտական շրջանակներէ ներս։

ԽՄԲ. Ո՞րն է Ձեր ընտրած խորագրի իմաստը եւ ի՞նչ հարցերի եք անդրադառնում ձեր հոդվածում։
Հ. ԻՒ. «Գրչագրող, Երգիչ ու Ձայնագրող. Հայոց խազից պարագան» կ՚արտայայտէ նպատակն ու ծրագիրը հեղինակած գլուխիս։ Կը սկսիմ ձեռագրական կարեւորագոյն աղբիւրներէ, ընդգրկելով գլխաւոր տեսակները («ժանր»երը) եւ քննարկելով անոնց առանձնայատկութիւնները, եւ ապա կ՚անցնիմ ամենահետաքրքրական տպագիրներուն (յանգելով Կիւրեղեան Սրբազանի 1898-ին Վենետիկ հրատարակած կոթողային Ժամակարգութեան)։ Այսպիսի նկատողութիւններ մեզ բնականօրէն կ՚առաջնորդեն խազից ծագման՝ ինչպէս նաեւ խազագրողաց եւ հրատարակութիւններ խմբագրողաց մտածելակերպերուն հետ առնչուած հարցերու։ Այնուհետեւ՝ շուտով կ՚անդրադառնամ նորագոյն ձայնագրութեան համակարգերուն (այսինքն՝ գլխաւորաբար Եւրոպական ձայնագրութեան եւ Լիմօնճեանի-Բժշկեանի համակարգին), ինչ որ մեզ կը դրդէ արծարծելու խազագրութեանց ԺԹ. դարու ընթացից մեկնաբանութեան կերպին. այս հարցին մասին բաւական մանրամասնօրէն ու վերլուծականօրէն անդրադարձած եմ, զի ըստ իս մեծ կարեւորութիւն ունի մեր ներկայ եղանակաց ծագման հարցին համար, եւ վերջին տարիներու ընթացքին բաւական յառաջդիմած եմ այս խնդրոյ նկատմամբ, եւ արդիւնքներս հրատարակած որոշ վստահութեամբ մը։ Իսկ խիստ զգուշաւոր գտնուած եմ՝ մի քանի ենթադրութիւններ կատարելով եղանակաց պատմական զարգացման, եւ յատկապէս անոնց բարդացման սակայն նաեւ հետագայ պարզացման հանդէպ դրսեւորած հակմանց մասին։ Ջանացած եմ նաեւ ուրուագծել եւ ըստ կարելւոյն նկարագրել, գէթ կոշտ ու ենթադրական գիծերով եւ դարձեալ մեծ զգուշութեամբ՝ թէ խազից կիրարկումը ինչպէս փոխուած է դարերու ընթացքին։ Ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ որքանո՞վ դադրած ենք խազից միջնադարեան պաշտօններէ գիտակ ըլլալէ. եւ այսպիսի հարցերու պատասխանները ինչպէ՞ս կարելի է որոնել։ Շեշտած եմ մանաւանդ՝ որ սխալ պիտի ըլլար կառքը ձիերուն առջեւ զետեղել՝ մեր խազագրութեան ԺԹ. դարու կիրարկութեան կերպը նոյնացնելով խազից միջնադարեան պաշտօններուն հետ, որոնք կը մնան անծանօթ մեզի համար՝ խնդրական եւ հետազօտելի։ Վերջապէս՝ այսպիսի հետազօտութեանց համար երկու (եւ իրարմէ հիմնականօրէն տարբեր) խոստմնալից ճանապարհներ նկարագրել ջանացած եմ։ Սեղմ գիծերով կարծեմ այսպէս կարելի է ամփոփել ներկայացուած աշխատանքը։
ԽՄԲ. Ինչպի՞սի մոտեցում եք ցույց տվել նման թնջուկների հանգուցալուծման համար։
Խիստ անհրաժեշտ համարած եմ, որ տեղիք, եզրակացութիւնք եւ ենթադրութիւնք բոլոր յստակօրէն սահմանուած ըլլան. ենթադրութիւններ կամ կարծիքներ իբր իրողութիւն չ՚ընկալուին. եւ տրամաբանութիւնս քայլ առ քայլ բացատրուած ըլլայ՝ այլ ոչ թէ «վարդապետական» ոճով ներկայացուած (թէ՝ «այս այսպէս է, եւ պարտիք գրածիս հաւատալ՝ զի ե՛ս եմ այդպէս պնդողը», կամ՝ «այս այսպէս է, զի ատենօք Սուրբ Թորոս, Մեծն Մարկոս կամ Մեծապատիւ Թադէոս սապէս կարծած էին»)։ Այսինքն՝ գործը ջանացած եմ քննական սկզբանց հետեւելով կուռ ու բանական կռուաններու վրայ կառուցել, խորշելով երաժշտագիտութիւնը հաւատոյ հանգանակի վերածելէ։ (Եթէ այս սկզբունքէն երբեւիցէ շեղած ըլլամ՝ ատիկա լիովին անգիտակցաբար եւ ակամայօրէն եղած պիտի ըլլայ։) Նոյնպէս՝ ջանացած եմ այնպիսի ձեւով մը գրել, որ ապագայ հետազօտութեանց լոյսին տակ՝ ի հարկին որոշ եզրակացութիւններ վերատեսութեան ենթարկուին, եւ անշուշտ որեւէ անգիտակցաբար կատարուած սխալներ ուղղուին. սակայն մինչ այդ այս գլուխը կարենայ ծառայել իբր վստահելի, ճշգրիտ, արժանահաւատ ու հաւասարակշիռ ուղեցոյց՝ բոլոր անոնց որոնք կ՚ուզեն գիտական հիմանց վրայ դնել մեր եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութեան ուսումնասիրութիւնն ու հետազօտութիւնը եւ այս ոգիով յառաջդիմել։ Յոյսս է, որ այս աշխատանքը բաւական երկար տարիներ կարենայ օգտակար հանդիսանալ միջազգային եւ Հայկական ակադեմական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ աւելի լայն հասարակութենէն ներս բոլորին որոնք լրջօրէն կը հետաքրքրուին վերոյիշեալ խնդիրներով (զոր օրինակ՝ մեր եկեղեցական երգիչները եւ երգեցողութիւնը սիրողները)։

ԽՄԲ. Որքանո՞վ է կարեւոր Հայ երաժշտագիտության հարցերը միջազգային ասպարեզում ներկայացնելը։
– Իմ խոր համոզումս է, թէ մեր երաժշտագիտութիւնը մեծապէս կրնայ օգտուիլ քոյր աւանդութիւնները ուսումնասիրող մասնագիտաց ներգրաւումէն եւ անոնց փորձառութիւններէն։ Արդէն անձամբ մեծապէս օգտուած եմ այսպիսի շփումներէ։ Չմոռնանք, որ մենք մեծապէս տուժած ենք Մեծ Եղեռնէն եւ Սովետական լուծէն, կորսնցուցած ենք մեր վանական երաժշտական աւանդութիւնները (սոսկ սակաւ ու մասնակի բացառութիւններով), մեծապէս ազդուած ենք Եւրոպականացման հոսանքներէն, եւ ի տարբերութիւն Միջին Բիւզանդական Խազային համակարգին՝ մեր միջնադարեան խազերը կը շարունակեն մնալ անհասկնալի։ Իսկ մեր երաժշտական սկզբնաղբիւրները մեծաւ մասամբ մնացած են անմատչելի՝ նամանաւանդ օտար եւ սփիւռքահայ մասնագիտաց։ Կը յիշեմ 2016-ի սկիզբը միջազգային գիտաժողովի մը կարեւոր աշխատանք մը ներկայացուցի, մեծ գոհունակութեամբ, որուն համար յաջողած էի – կարծէք հրաշքով մը – եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք՝ տասնըերկու գրչագիր տաղարաններ օգտագործել. Դանիացի պատկառելի Բիւզանդագէտ մը ըսաւ «այո շատ լաւ աշխատանք է, սակայն այսպիսի նպատակի մը համար մենք հարիւրէ աւելի աղբիւրներ պիտի գործածէինք»։ Նաեւ կարելի է ըսել, թէ առ նուազն երկու դարէ ի վեր մեր երաժշտագիտական մեթոդաբանութիւնը ետ մնացած է բաղդատմամբ մեր բանասիրութեան։ (Շեշտեմ, որ ասիկա իմ անձնական կարծիքս է, եւ կասկած չունիմ, որ ոմանք տարբեր կարծիք կրնան ունենալ։)
Հետեւաբար, թէ այս առթիւ, եւ թէ անցեալին հրատարակած յօդուածներուս եւ մենագրութեանցս եւ նոյնպէս միջազգային հարթակներու վրայ տուած դասախօսութեանցս պարագային՝ ջանացած եմ աշխատանքս այնպիսի կերպիւ ներկայացնել, որ ոչ-Հայ մասնագէտներու հետաքրքրութիւնը արթնցնեմ, միշտ պատշաճ զուգահեռներ ներկայացնեմ, եւ Հայկական հարցերը հասկնալի դարձնեմ անոնց որոնք մեր լեզուին չեն տիրապետեր եւ մեր աւանդութեան մասին տարրական տեղեկութիւններ իսկ չունին։ Ցաւալի է, որ մինչեւ վերջերս մեր եկեղեցական երաժշտութեան երաժշտագիտական հետազօտութեան հարցերուն նուիրուած գոհացուցիչ ու վստահելի աղբիւրներ չենք ունեցած միջազգային լեզուներով (իսկ Հայերէնով եղածներն իսկ կարելի է մէկ ձեռքի մատներուն վրայ հաշուել)։ Կարելի է ըսել, որ այս տեսակէտով Alice Ertlbauer-ի աշխատասիրութիւնը՝ Geschichte und Theorie der einstimmigen armenischen Kirchenmusik: Eine Kritik der bisherigen Forschung խորագրով, հրատարակուած Վիեննա 1985-in, գնահատելի ներածական մըն էր։ Աւելի քան տասնըհինգ տարի անց՝ Արամ Քերովբեանի դոկտորական աւարտաճառը, որ Ֆրանսերէնով գրուած է 2003-ին՝ իսկապէս միջազգային կշիռ ու բնոյթ ունեցող գիտական հետազօտական (գէթ ինծի ծանօթ) աշխատասիրութիւն մըն է՝ անվերապահօրէն յանձնարարելի միջազգային եւ Հայազգի մասնագիտաց. սակայն ցայսօր դժբախտաբար անտիպ կը մնայ։
ԽՄԲ. Մեզ հայտնի է, որ ԺԹ. դարերին Եղիա Տնտեսյանը խազագիտական ուսումնասիրություններ է կատարել։ Դրանից հետո խազագիտական ուսումնասիրություններ չե՞նք ունեցել։
Հ. ԻՒ. Ունեցած ենք, սակայն որոշ իմաստով մը կարելի է հաւաստել, թէ Տնտեսեանի «փորձառական» (empirical) եւ տրամաբանական, քայլ-առ-քայլ մօտեցումը հետեւողներ գրեթէ չէ ունեցած, նամանաւանդ հայրենի միջավայրէն ներս, ուր Տնտեսեանի ռահվիրայական աշխատանքը ողբալիօրէն թերագնահատուած է եւ կամ լրիւ անտեսուած՝ եւ իր մեթոդաբանութիւնը չէ օգտագործուած. մինչդեռ՝ ըստ իմ կարծեաց Եղիա Տնտեսեան կը շարունակէ բոլոր ժամանակներու մեր մեծագոյն երաժշտագէտը ըլլալ։ Միւս կողմանէ՝ կարգ մը հիանալի երաժշտագէտներ խոհեմաբար խուսափած են խազագիտութեան մարզին միջամուխ ըլլալէ (լիովին հասկնալի պատճառներով՝ զի «Պանդորայի արկղ» մըն է այդ բնագաւառը)։ Անշուշտ նոյնիսկ Տնտեսեան անսխալական չէ. կատարելութիւնն ու անսխալականութիւնը միայն մեր Տիրոջ յատուկ են, այլ ոչ մահկանացուներուս։ Բայց ըստ իս՝ Տնտեսեան կը շարունակէ մնալ մեծապէս ուսանելի, եւ ներշնչման յոյժ բարեբեր աղբիւր։ Պիտի յաւակնէի ըսելու, որ կարելիս ըրած եմ փոխաբերական կամուրջ մը կառուցելու՝ որով ԺԹ. դարու Տնտեսեանի (եւ մի քանի այլոց) հետազօտական փորձերուն եւ մեր ներկայ կացութեան միջեւ օղակ մը հաստատուի, արդիական քննական մօտեցմամբ, եւ շրջանցելով այնպիսի աշխատանքներ որոնց ոճը չի համընկնիր վերոյիշեալ քննական մօտեցման։ Պարտիմ նաեւ շեշտել, որ չեմ խուսափած անկեղծօրէն ու բացէ ի բաց մատնանշելէ, թէ շատ մը հարցերու պատասխանները պարզապէս չեմ գիտեր։
ԽՄԲ. Իսկ ինչպե՞ս կարող են ցանկացողները այս հատորի օրինակ ապահովել։
Հ. ԻՒ. Հատորը կարելի է ապսպրել հրատարակչական տան կայքէջէն՝ հետեւեալ կապով.- https://www.brepols.net/products/IS-9782503610092-1։
ԽՄԲ. Շնորհակալություն հարցազրույցի համար, մաղթում ենք նորանոր հաջողություններ։




