28 Յունիս 2025-ին Նիւրնպէրկի Հայ Համայնքը մեծ շուքով տօնախմբեց Համայնքի հիմնադրութեան 45-րդ եւ Համայնքի Ոտնագնդակի խումբին 10-րդ ամեակները:
Առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆիւրթ քաղաքի մարզադաշտին մէջ Համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Այգիկ քահանայ Յովհաննիսեանը ողջունեց զանազան երկրներէ եւ քաղաքներէ Նիւրնպէրկ ժամանած Ոտնագնդակի ութը հայկական խումբերը, ապա հնչեց «Մեր Հայրենիք» ՀՀ օրհներգը: Մրցաշարի խաղերը աւարտուեցան ժամը 15-ին:
Երեկոյան ժամը 18-ին Նիւրնպէրկի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ յոբելեանական հանդիսութիւն եւ տօնական ընդունելութիւն, որուն բացումը կատարեց օրուան հանդիսավար պրն. Էրիկ Բարսեղեան։ Ապա Հոգեւոր հովիւ Տէր Այգիկ քահանայ Յովհաննիսեանը արտասանեց Տէրունական աղօթքը եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նիւրնպէրկի Հայ Համայնքի վարչութեան ատենապետուհի Տոքթ․ Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք՝ համառօտ ներկայացնելով Համայնքի հիմնադրութեան առաջին քայլերը եւ 45-ամեայ պատմութիւնը՝ լի յիշողութիւններով, հայապահպանման պայքարով, յաղթանակներով ու սիրով: Շնորհակալական խօսքեր ուղղեց համայնքի բոլոր անդամներուն, ի մասնաւորի ՝ հիմնադիրներուն, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներու ծնողներուն:



Ապա օրհնսութեան խօսքով հանդէս եկաւ Գերմանիոյ Հայոց Թէմի Առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանը։ Առաջնորդ սրբազանը անդարադարձաւ զոյգ յոբելեաններուն եւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Համայնքի հիմնադիրներուն, վարչութեան աւագ ու երիտասարդ սերունդներուն, բոլոր համայնքայինններուն, Նիւրնպերկի եւ շրջակայքի հայութեան՝ մաղթելով, որ անոնք նաեւ այսուհետեւ ամուր կառչած մնան իրենց ինքնութեան ու քրիստոնեական հաւատքին։
Առաջնորդ սրբազանին ողջունի եւ գնահատանքի խօսքով յաջորդեց Նիւրնպէրկի քաղաքապետ Պրն. Մարկոս Քէօնիկ: Ապա Գերմանիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանի խոհրդական տիկին Լուսինէ Դաւթեանը, որ կարդաց Գերմանիոյ մէջ ՀՀ Դեսպան Պրն. Վիքտոր Ենգիբարեանի ողջոյնի խօսքը:


Երեկոյին մթնոլորտը ոգեւորուեցաւ հայ յայտնի երգիչ Սեւակ Ամրոյեանի ելոյթով, որ հրաւիրուած էր յատուկ այս առիթով եւ իր ժողովրդական, աշուղական ու հայրենասիրական սիրուած երգերով հմայեց ներկաները:
Համայնքի Կիրակնօրեայ դպրոցին կողմէ օր. Սօնա Յարութիւնեանը հանդէս եկաւ եւ նշեց կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն պահպանելու համար պայքարը չկորսնցնելու համար հայ ինքնութիւնը, ան մէջբերում ըրաւ Շահան Շահնուրի «Նահանջ առանց երգի» գիրքէն հատուած մը եւ յետոյ գեղեցկօրէն ասմունքեց Գ. Էմինի «Երգ կռունկի մասին» բանաստեղծութիւնը։
Ընթրիքէն յետոյ հանդիսավարը ներկայացուց համայնքի Ոտնագնդակի խումբի ստեղծման պատմութիւնը՝ ընթերցելով նաեւ Ոտնագնդակի խումբի հիմնադիր Դաւիթ Գէորգեանի գրութիւնը:



Ապա տեղի ունեցաւ Ոտնագնդակի մրցաշարին մասնակցող խումբերուն պարգեւատուութիւնը: Խումբ-խումբ բեմ հրաւիրուեցան մարզիկները եւ ստացան ըստ կարգի իրենց նուէրները: Մրցաշարին առաջնութիւնը շահած էր Լիոնի (Ֆրանսա) խումբը: Ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորուեցան բոլոր մասնակից մարզիկները:
Երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ երաժշտութեամբ: Տօնական հանդիսութեան ներկայ էին միջեկեղեցական հիւրեր, Թեմական Խորհուրդի անդամներ, տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 400 հայորդիներ։
Նիւրնպէրկի Հայ Համայնքի դիւան



