ՀԲԸՄ-ը Կը Սգայ Իր Կեդրոնական Մարմինի Նախկին Վարչական, Հոգաբարձական Խորհուրդի Անդամ, Արդիւնաբերական Մարզի Փայլուն Գործարար եւ Բարերար Սարգիս Տէմիրճեանի Մահը
Լիբանանահայ համայնքի պատկառելի անձնաւորութիւններէն, նուիրաբերութեան տեսլականով օժտեալ բարերար, պողպատի արդիւնաբերական մարզի փայլուն գործարար Սարգիս Տէմիրճեան, կեանքէն կը հեռանար 2025-ի Յունիսի 8-ին, իր ետին ձգելով սերունդներու վրայ տարածուող մնայուն հարուստ աւանդ մը: Տէմիրճեան ընտանիքի Տէմքօ հսկայածաւալ ընկերութեան գործունէութիւնը հմտութեամբ ղեկավարելու իր ծանր պատասխանատուութեան առընթեր, հանրային կեանքի մէջ իր գործօն դերակատարութիւնը, իր վայելած բարձր վստահութիւնը եւ բարեհամբոյր ոգին, համակրելի իր անձին գլխաւոր արժանիքները կը կազմէին:
Ծնած էր Հալէպ, ապա փոխադրուած Լիբանան, ուր ինք եւ իր ազնիւ տիկինը Սեդան, որպէս համայնքի ազդեցիկ դէմքեր, նախանձախնդիր եղած էին ստեղծելու գիտակից նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ բարձր կրթութեան լաւագոյն առիթներ եւ ծրագիրներ, զանոնք որպէս յաջող եւ մրցունակ աշխարհաքաղաքացիներ պատրաստելու նպատակով: Անոնց բարերարական ծրագիրներու լայնածիր եւ բազմերես բնոյթը, ինքնին դրսեւորումն է անոնց մարդասիրական ոգիին եւ իրենց վայելած բարիքներուն համայնքը բաժնեկից դարձնելու բաձրոգութեան:
ՀԲԸՄի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, որ Կեդրոնական Վարչութեան որպէս ադամ, նաեւ որպէս բարեկամ, անձամբ մտերմութիւնը վայելած էր հանգուցեալին, անոր մասին կ’արտայայտուէր ըսելով՝ «Սարգիս Տէմիրճեան Լիբանանի մէջ ծանօթ անուն մըն է, ձեւով մը ժողովրդային հերոս մը, թէ լիբանանահայ համայնքին եւ թէ լիբանանեան լայն շրջանակներուն համար: Ան իր յատուկ հմայքով եւ հեղինակութեամբ, կարողութիւնը ունէր նիւթական կարելիութիւնները եւ ազդեցութեան լծակները գործածելու ի շահ բարեսիրական կարեւոր նպատակներու: Ան իր գործարարական առասպելային հմտութեամբ լայն համբաւ կը վայելէր եւ յարգուած էր որպէս համայնքային առաջնորդ դէմք: Զիս խորապէս տպաւորած էր յատկապէս իր համեստութենէն բխող լուռ պատկառանքը, որ ան կը պարտադրէր իր շրջապատին:»
Սկիզբի Տարիներ
1947-ին ընտանեօք Սուրիայէն Լիբանան փոխադրուելէ ետք, Սարգիս Տէմիրճեան 1952-ին ֆրանսական պաքալորիա կը ստանայ Ժըմմէյզիի Գոլէժ Տէ Ֆրէր վարժարանէն: Իսկ 1957-ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն կը վկայուի որպէս շինարար ճարտարագէտ: Տարի մը ետք ան կը միանայ իր հօր Երուանդ Տէմիրճեանի Երուանդ Տէմիրճեան եւ Որդիք ընկերութեան, որ պողպատի արդիւնաբերական կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն էր: Իր հօր Երուանդ Տէմիրճեանի առաջնորդութեամբ, երիտասարդ Սարգիս Տէմիրճեան իր երկու եղբայրներուն Աւետիսին եւ Յակոբին հետ, կը զարգացնեն ընկերութիւնը, զայն վերածելով Տէմքօ պողպատի արդիւնաբերութեան ծաւալուն հաստատութեան, որ նաւահանգիստին մօտ իր նպաստաւոր դիրքով եւ միջազգային փոխադրութեան կարելիութիւններով կը դառնայ պողպատի մշակման եւ արդիւնաբերութեան մեծագոյն ընկերութիւններէն մին, որ կը մատակարարէ գլխաւոր շինարարկան ծրագիրներ, ինչպէս Քաղաքակեդրոնը, Մարզահամալիրը, քարիւղի պողպատեայ շտեմարանները եւ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը:
Սարգիս Տէմիրճեան եւ իր տիկինը Սեդան էին որ Տէմիրճեան եղբայրներուն հետ միասին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք յանձն առին հովանաւորել Անթիլիասի մէջ Տէմիրճեան Կեդրոնի գեղակերտ շէնքին իրագործումը, որով ՀԲԸՄը եղաւ առաջինը՝ որպէս կազմակերպութիւն, որ լիբանանեան համայնքին միասնականութիւնը խորհրդանշող նմանօրինակ հաւաքավայր մը կը ստեղծէր որպէս համալիբանանեան կառոյց: Տէմիրճեան Կեդրոնը տասնամեակներէ իվեր կը շարունակէ ըլլալ մարզական եւ մշակութային աշխոյժ գործունէութիւններու ժամադրավայր մը: 1997-ին, Սարգիս Տէմիրճեան եղած է նաեւ տնօրէն եւ հոգաբարձական խորհուրդի անդամ բազմամիլիառ տոլար արժէքով Սոլիտէր քաղաքաշինական ընկերութեան, որ ստանձնած էր պատերազմէն քարուքանդ դարձած երկրին վերաշինութիւնը:
Ընտանեկան Աւանդի մը Ամրապնդումը
Տարիներու ընթացքին Տէմիրճեաններու ազնուութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը, ընտանեկան ժառանգութիւն մը հանդիսացած է, անոր անդամներու ունեցած նշանակելի դերակատարութեամբ, որպէս համայնքի առաջնորդներ եւ բարերարներ: Սարգիսին հայրը՝ Երուանդ Տէմիրճեան, եղած է ՀԲԸՄի Հալէպի մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Մայրանոցի հիմնադրամի ատենապետ: Պէյրութ փոխադրուելէ ետք ան ընտրուած էր Գաւառական Ժողովի անդամ, նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Ազգային Խորհուրդի եւ Շինարարական Յանձնաժողովի անդամ: Ան 18 տարիներ շարունակ եղած է Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենապետ եւ ընտրուած է ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Տէմիրճեան ընտանիքի բազմաթիւ բարերարական նախաձեռնութիւններէն է նաեւ Լիբանանի մէջ ատենին արդիական Տէմիրճեան Նախակրթարանի հիմնումը:
Շարունակելով ընտանեկան աւանդութիւն դարձած բարերարութեան գործընթացը, Սարգիս Տէմիրճեան պատասխանատութիւններ ստանձնած էր ՀԲԸՄի տարբեր յանձնախումբերու մէջ, ինչպէս ՀԲԸՄի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ), Ասպետներու Վարչութեան, որուն ատենապետն էր 14 տարիներ շարունակ, նաեւ ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, որուն գանձապահութիւնը վարած էր 15 տարի: 1987-ին ան ընտրուած էր ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ ծառայելով որպէս Փոխ-Նախագահ 2002-2006: Իսկ 2006-2019 ան անդամ էր ՀԲԸՄի Հոգաբարձական Խորհուրդին:
ՀԲԸՄի Պատուոյ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որու նախագահութեան շրջանին Սարգիս Տէմիրճեան որոշ ատեն ծառայած էր որպէս Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Փոխ-Նախագահ, խոր համակրանքով կը յիշէր իր բարեկամին եւ համաքաղաքացիին առատաձեռնութիւնը, անաղմուկ նուիրուածութիւնը եւ հեռատեսութիւնը: «Սարգիս խորապէս կ’ըմբռնէր համայնքի կարեւորութիւնը եւ երիտասարդութեան նկատմամբ հոգածութեան անհրաժեշտութիւնը: Այն պահերուն երբ Միութիւնը անմիջական տագնապներ դիմագրաւելու պարտադրանքին տակ չէր գտնուէր, Սարգիս Տէմիրճեան հեռանկարներ կը մշակէր եւ կը կառուցէր ապագային համար: Ըլլայ այդ ՀԲԸՄի Տէմիրճեան Կեդրոնը Լիբանանի մէջ, կամ աշխարհի միւս ծայրը Քալիֆորնիոյ մէջ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանը, որուն հոգատարութիւնը ստանձնած էր: Երբ պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, Սարգիս Տէմիրճեան առաջիններէն էր, որ հակազդեց արտակարգ առատաձեռնութեամբ եւ հոգածու ոգիով: Իր բարերարութեան շնորհիւ ՀԲԸՄը կրցաւ անմիջական օգնութիւն եւ երկարաժամկէտ հոգատարութիւն ապահովել ընտանիքներու, հաստատութիւններու եւ դպրոցներու, որոնք աղիտահար եղած էին: Մեր ամէնամութ պահերուն, ան մեզ յուսադրեց վերյիշեցնելով միութեան զօրութիւնը եւ մեր ժողովուրդի տոկունութիւնը: »
Համաշխարհային Դրոշմ
Սարգիս Տէմիրճեանի հոգածութիւնը կը տարածուէր նաեւ Հայ Եկեղեցիին նկատմամբ: Ան հաւատաւոր հետեւորդ մըն էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Ան նուիրուած էր հայ ազգի ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքի հոգեւոր եւ մշակութային վերազարթօնքին, հովանաւորելով անթիւ երաժշտական փառատօներ եւ շրջանային տօնախմբութիւններ:
ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեան, իր ցաւակցագրին մէջ կ’արտայայտէր հանգուցեալը լաւագոյնս ճանչցած համայնքին զգացումները: «Ի յարգանք իր յիշատակին, մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը այն իտէալներուն հանդէպ, զորոնք կը մարմնաւորէր Սարգիս Տէմիրճեան: Արժանապատուութիւն, ծառայութիւն եւ տեւական նուիրում հայ ժողովուրդին: Իր աւանդը պիտի շարունակէ գոյատեւել այն կառոյցներէն ներս որոնց թիկունք եղաւ ան, անոնց մօտ, որոնք յուսադրեց, նաեւ ապագայ յաջողութիւններուն մէջ հայ նոր սերունդին, որուն հանդէպ մեծ հաւատք ունէր ան:»
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ Սարգիս Տէմիրճեանի տիկնոջ Սեդային եւ Տէմիրճեան ընտանիքին, իր զաւակներուն՝ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Երուանդ Տէմիրճեանին եւ իր տիկնոջ Անի Շահպազեանին, ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Անդամ Թալին Պաշեանին եւ իր ամուսնոյն Րաֆֆիին, ինչպէս նաեւ Ալէքս Տէմիրճեանին եւ իր տիկնոջ Էնն Ապի Ֆարահին: Իրենց հօր բազմաթիւ թոռներուն եւ ծոռերուն հետ, անոնք ջահակիրներն են Տէմիրճեան Ընտանիքի բարեսրտութեան եւ բարեգործութեան:
ՀԲԸՄը պատուեց Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սեդա Տէմիրճեանները 2019-ին Փարիզի մէջ կայացած Միութեան Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին: Այդ առթիւ կազմակերպուած շքահանդէսին համար պատրաստուած յատուկ տեսահոլովակը կարելի է դիտել առցանց հետեւեալ հասցէով. Տէմիրճեաններու Պատուոյ Ձեռնարկ (2019)
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:



