Հաղորդագրություն
21-22 Մայիս, 2025, Սուրբ Աթոռ, Երուսաղէմ
21 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ մեկնարկեց Սուրբ Աթոռոյս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը, որ շարունակուեցաւ նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին եւ յաջորդ օրը՝ 22 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան եւ կէսօրէ ետք:
Համաձայն Տնօրէն Ժողովի կողմէ ներկայացուած օրակարգի՝ Միաբանութեան անդամներու ներկայութեան ստուգումէ ետք Ժողովը բացաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը, «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքով, Սուրբ Աթոռ գտնուող 24 Միաբան եղբայրներէն 22-ի ներկայութեամբ:
Որպէս օրակարգ ներկայացուած էր.
• Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նախորդ նիստերու ատենագրութեանց ընթերցում եւ վաւերացում
• Ընտրութիւն Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանի
• Ընտրութիւն Տնօրէն Ժողովի դադարեալ երեք անդամներու
• Համարատուութիւն Տնօրէն Ժողովի եւ վաւերացում:
• Համարատուութիւն Ելեւմտից տեսչութեան եւ պիւտճէի ներկայացում
• Համարատուութիւն Կալուածոց տեչութեան
Նախ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ներկայ դիւանի Ա. եւ Բ. Ատենադպիրներ՝ Հոգեշնորհք Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան եւ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան ընթերցան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նախորդ երեք նիստերու ատենագրութիւնները: Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ ժողովականները գնահատելով կարդացուած երեք ատենագրութիւնները՝ ձեռամբարձաւ վաւերացուցին զանոնք: Ապա Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ դիւանի գործունէութեան, առժամեայ Ատենապետ նշանակեց այս օրերուն Սուրբ Աթոռ ժամանած Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններէն Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ առժամեայ Ատենադպիր նշանակեց Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեանը՝ կազմակերպելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողո-վի դիւանի անդամներու ընտրութիւնը:
Առժամեայ Ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առժամեայ Ատենապետի պաշտօնն իրեն վստահելու համար եւ անմիաջապէս յայտարարեց ընտրութիւն Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանի: Միաբան Հայրերը նոր երկու տարուայ շրջանի համար իբր Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւան ընտրեցին հետեւեալները.
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Ա. Ատենապետ
Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան Բ. Ատենապետ
Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեան Ա. Ատենադպիր
Տ. Սերովբէ Աբեղայ Անտոնեան Բ. Ատենադպիր
Առժամեայ Ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան այս անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետի պատասխանատու պաշտօնն իրեն վստահելու համար եւ շնորհաւորելով նորընտիր Դիւանի անդամները՝ վարեց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը՝ ատենադպրութեամբ Ա. Ատենադպիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեանի եւ Բ. Ատենադպիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ Աբեղայ Անտոնեանի:
Ժողովս անմիջապէս անցաւ օրակարգի յաջորդ կէտին եւ գաղտնի քուէարկութեամբ քուէից բացարձակ մեծամասնութեամբ ներկայացուած կրկնանուն ցանկէն Տնօրէն Ժողովի երեք նոր անդամներ ընտրեց.
Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեանը
Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանը
Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեանը
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանը շնորհաւորեց Տնօրէն Ժողովի երեք նոր անդամներու ընտրութիւնը եւ հրաւիրեց Նախագահ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը՝ կատարելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստի իր բացման խօսքը: Ապա Ատենապետ Սրբազան Հայրը անցնելով օրակարգի յաջորդ կէտին՝ հրաւիրեց ներկայ Տնօրէն Ժողովի Ա. Ատենադպիր Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեանը՝ ներկայացնելու Տնօրէն Ժողովի 2023-ի Մարտէն մինչեւ 2025-ի Մայիս շրջանի համարատուութիւնը:
Տնօրէն Ժողովի երկարաշունչ համարատուութենէ ետք, Միաբան Հայրերը նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայր Ներսեհին՝ կատարած աշխատանքի համար, ապա իրենց յուզող հարցերն ուղղեցին Տնօրէն Ժողովի նախկին անդամներուն եւ ստանալով բաւարար պատասխաններ ձեռամբարձաւ միաձայն ընդունեցին Տնօրէն Ժողովի 2023 Մարտէն մինչեւ 2025 Մայիս տարիներու համարատուութիւնը:
Տնօրէն Ժողովի համարատուութենէ ետք Ատենապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ներկաներուն ներկայացուց Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հօր խնդրանքով ստեղծուած «Խորհրդատուական մարմնի» կազմութեան եւ անոր գործունէութեան սահմաններու մասին: Սոյն «Խորհրդատուական մարմինը», որու կազմի մէջ ներգրաւուած են փաստաբաններ, քաղաքագէտներ, PR մասնագէտներ, անուանի անձեր, ղեկավարներ եւ բարերարներ, կոչուած է զանազան ուղղութիւններով ուսումնասիրելու Պատրիարքութեանս առնչուող խնդիրները եւ միմիայն խորհրդատուութիւն տալու: «Խորհրդատուական մարմինը» որեւէ որոշում առնելու իրաւունք չունի, անոր խորհրդատուութեամբ բոլոր որոշումները պիտի առնեն Տնօրէն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովները:
Ատենապետ Սրբազան Հօր ներկայացումէն ետք, Միաբան Հայրերը այլեւայլ հարցերու շուրջ իրենց գրաւոր առաջարկներն ուղղեցին Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին:
22 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին շարունակուեցաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը: Օրակարգի յաջորդ նիւթի համաձայն Ելեւմտից տեսչութեան վարիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան մանրամասն ներկայացուց Պատրիարքութեանս 2022-2024 թուականներու Ելեւմտական համարատուութիւնը եւ պիւտճէն: Ապա Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը Պատրիարքութեանս բոլոր բաժանմունքներու ծախսերն ու եկամուտները բծախնդրօրէն քննելէ, Թէոդորոս Սրբազանին հարցումներ ուղղելէ ետք ձեռամբարձաւ միաձայն ընդունեց Ելեւմտական համարատուութիւնը:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի օրակարգի վերջին նիւթն էր Կալուածոց Տեսչութեան համարատուութիւնը, որ ներկայացուց Պատրիարքութեանս Կալուածոց Տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան: Սրբազան Հայրը մէկ առ մէկ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Պատրիարքութեանս Կալուածական բոլոր պայմանագիրներու մանրամասնութիւնները: Միաբան Հայրերն իրենց յուզող հարցումներն ուղղեցին Սրբազան Հօրը եւ գոհացուցիչ պատասխաններ ստանալէ ետք, արձանգրեցին որ տարիներ շարունակ այսպիսի մանրամասնեալ համարատուութիւն չէ ներկայացուած Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին եւ գնահատանքով ձեռամբարձաւ միաձայն ընդունեցին ներկայացուած Կալուածոց տեսչութեան համարատուութիւնը:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ 22 Մայիս, 2025-ի, երեկոյեան՝ 19:00-ին:
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր Միաբան Հայրերուն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, Համարատուութիւններ ներկայացուցած Գերաշնորհ եւ Հոգեշնորհ Հայրերուն, ապա շնորհաւորելով Տնօրէն Ժողովի նորընտիր անդամները՝ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը փակուեցաւ Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հօր աղօթքով:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ



