Լեւոն ԺԴ Հռոմի պապին շնորհավորել են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եւ Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքը

  • 10.05.2025
  • 0
  • 342 Views

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ Ն.Ս. ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՊԸ

Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր սրբազան քահանայապետ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ուղղած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, ջերմօրէն շնորհաւորեց զինք՝ մաղթելով, որ իր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը կը բացուի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ։

Անդրադառնալով ներկայ աշխարհը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հետեւանքներուն եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան, Հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ առաքելութեան ու աւետարանչութեան նոր շեշտ տալու հրամայականը եւ այս ծիրէն ներս նորընտիր Պապին կարեւոր դերը՝ իր ունեցած տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ։

Այս առիթով Նորին Սուրբ Օծութիւնը յիշեցուց, թէ երկար դարերու վրայ տարածուած յատուկ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է, Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ, որ յատկապէս վերջին տասնամեակներուն գործնապէս արտայայտուած է միջ-եկեղեցական սերտ գործակցութեամբ ու աստուածաբանական երկխօսութեամբ։

Իր նամակի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս զօրացնէ նորընտիր Պապը՝ անոր ստանձնած ծանր ու պատասխանատու նոր առաքելութեան մէջ։ 

Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան շնորհաւորած է Հռոմի Լեւոն XIV նորընտիր Պապը

Ուրբաթ, 9 Մայիս, 2025-ին, Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհաւորած է Հռոմի նորընտիր Պապ՝ Լեւոն XIV Սրբազան Քահանայապետը:

Նուրհան Պատրիարք իր նամակին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Իմ եւ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետ ընտրուելու առիթով: Ձեր՝ Սուրբ Պետրոսի գահին բարձրանալը մեծ ուրախութիւն է ոչ միայն կաթոլիկ հաւատացելաներու, այլեւ բոլոր քրիստոնեաներու համար:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ հիմնուած է առաքելական աւանդութեանց վրայ տարիներ շարունակ եղբայրական յարաբերութիւններու մէջ է Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հետ: Կ’աղօթենք, որ Ձեր հովուապետութիւնը նշանաւորուի նորոգուած ոգիով եւ Աւետարանի հանրահռչակումով, որու պէտքն ունի հաւատացեալ աշխարհը:

Վստահ եղէք, որ պիտի շարունակենք աղօթել Ձեր առողջութեան, իմաստութեան եւ արդիւնաւէտ ծառայութեան համար: Թող Սուրբ Հոգին առաջնորդէ Ձեր իւրաքանչիւր քայլը, եւ թող Ձեր առաջնորդութիւնը լոյսի աղբիւր ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ բոլոր ազգերուն»:

Նամակի վերջաւորութեան Նուրհան Պատրիարք դէպի Երուսաղէմ՝ Հայոց Վանք, ուխտի հրաւիրած է Հռոմի նորընտիր Սրբազան Քահանայապետը, ուր Հայկական ժառանգութիւնը կը պահպանուի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ծառայութեամբ:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում