Հայ մշակոյթը փրկել ԺԹ. դարէն։ Մարկ Նշանեանի այցը Պուտափեշթի Պազմանի Պէտէր Կաթողիկէ Համալսարանի Հայագիտական բաժին

  • 18.01.2025
  • 0
  • 508 Views

Հայ մշակոյթը փրկել ԺԹ. դարէն։ Զեկոյց Մարկ Նշանեանի այցէն Պազմանի Պէտէր Կաթողիկէ Համալսարանի Հայագիտական բաժին, Պուտափեշթ

Սփիւռքահայ անուանի իմաստասէր, քննադատ եւ թարգմանիչ Մարկ Նշանեան անցեալ տարուան Նոյեմբերի առաջին շաբաթը այցելեց Պուտափեշթ տեղի Պազմանի Պէտէր Կաթողիկէ Համալսարանի Հայագիտական Բաժինի հրաւէրով։ Պրոֆ. Նշանեան Նոյեմբեր 5ին մէկ դասախօսութիւն կարդաց անգլերէն լեզուով, ինչպէս նաեւ վարեց երկօրեայ աշխատանոց հայերէնով Հայագիտական ուսանողներու հետ Նոյեմբեր 6 եւ 7ին։

Պրոֆ. Նշանեանի անգլերէն դասախօսութիւնը անդրադարձաւ  վաղ-արդիական (ԺԷ.-ԺԸ. դարեր) կայսերական տիրապետողական համակարգի փոխակերպմանը արդի (ԺԹ.-Ի. դարեր) ազգային գերիշխանութեան (sovereignty)՝ հայերու եւ այլ ժողովուրդներու համար աղիտալի հետեւանքներով։ Մինչ վերջինս կարելի է դուրսէն քողազերծել՝ վերլուծելով զորօրինակ ցեղասպանութիւն վերապրողներու փորձառութիւնը, ներսէն գերիշախնութիւնը կը յատկանշուի “երկազգ” ըլլալու կարելիութեան մերժումով, ինչպէս նաեւ աքսորեալին աւանդութիւն կազմելու կարելիութեան զլացումով։ Այս է որ Ամնոն Ռազ-Կրակոցին կը նկարագրէ իր Աքսոր եւ գերիշխնութիւն։ Հուդայականութիւն եւ Երկազգ Մտածողութիւն գիրքին մէջ (բնագիրը Եբրայերէն, ֆրանսերէն  թարգմանուած 2007 թուականին)։ Սակայն այն ինչ գերիշխանութիւնը ներսէն կ՚արձանագրէ նաեւ կարելի է լուսաբանել արեւմտահայ հռչակաւոր հեղինակ եւ քննադատ Յակոբ Օշականի (1883-1945) աշխատութիւններու ընդմէջէն։ Պրոֆ. Նշանեանի դասախօսութիւնը մէկնաբանեց Օշականի գրական-քննադատական արտադրութիւնը՝ ներառեալ անոր անաւարտ Մնացորդաց վէպը, հետեւալ հարցման շուրջ խորհրդածելով. այն ի՞նչն է որ կու գայ ներսէն քայքայելու  Օսմանեան կայսրութեան զոհաբերողական համակարգը։ Ի նկատի առնելով, որ այս հարցումին պատասխանը թէ՛ բացարձակ ենթարկուածութիւնն է, թէ՛ ալ արդի գերիշխանութեան գաղափարն իսկ՝ անհրաժեշտօրէն միազգ, մեր հրամայականն է փորձել խորհիլ թէ գերիշխանութիւնը զոհաբերողական կայսրութենէն տակաւին ինչ կը պահէ։ Այսպիսով թերեւս գերիշխանութեան ներքին գաղտնի տրամաբանութիւնը կարելի է քողազերծել, առանց առանձնապէս յուսալու թէ վերջինս զայն պիտի ճանչնայ։ Նժարին դրուածը արդիականութեան սկզբունքը հասկնալուն հետ աքսորի մէջ մշակոյթ զարգացնելու պատճառները եւ կարելիութիւնները պեղելն է։

Պրոֆ. Նշանեանի հայերէն երկօրեայ աշխատանոցը քննեց բանասիրութեան սկզբնաւորումը։ Յայտնի է որ ԺԹ. դարի պատմական, ընկերաբանական եւ մշակութային իմացականութիւններու արտադրութեան գոյութիւնը մեծապէս կը պարտինք այդ դարասկզբին Եւրոպայի մէջ բանասիրական կրթանքի երեւան գալուն՝  մոլորակային լայն տարածուածութեամբ։ Բան մը զոր թերեւս քիչ յայտնի է այն է, որ բանասիրութիւնը կը բիւրեղնայ Արեւելաբանութեան՝ դիպուկ կերպով քննադատուած Եդուարդ Սայիտի համանուն գիրքով, եւ առասպելաբանական կրօնքի ստորոգութեան խաչասերումով։ Մինչ բանասիարական Արեւելաբանութիւնը արդի ազգային գաղափարախօսութիւններու մէջ կը ձեւաւորէ բնիկի կերպարը, առասպելական կրօնքի ստորոգութիւնը ազգը ստեղծելու, նոյնիսկ արտադրելու յաւելեալ կարելիութիւնը կ՚ապահովէ ինքնանալով եւ առաւելութիւն տալով Հնդ-Եւրոպական կրօնքներուն՝ Սեմականերու հաշւոյն։ Սակայն չափազանց հետաքրքրական կապակցութիւնը բանասիրութեան երկու կազմաւորիչ ճիւղերու միջեւ՝ Արեւելաբանութեան եւ առասպելական կրօնքի ստորոգութեան, տակաւին քննարկման չէ արժանացած։ Պրոֆ. Նշանեանի վարած աշխատանոցը այս պակասը փորձեց լեցնել ի միջի այլոց ներկայացնելով եւ մեկնաբանելով Մխիթարեան Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի, Խաչատուր Աբովեանի, Գարեգին Սրուանտեանցի ինչպէս նաեւ Ֆրիտրիխ Շելինկի, Մկրտիչ Էմինի եւ Դանիէլ Վարուժանի աշխատութիւնները։ Այսպիսով աշխատանոցը փորձեց վերստին մտածել՝ ըսել է քննադատել, բանասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր լոյսի տակ դիտել հայ արդիականութեան փորձառութեան ներքին տրամաբանութիւնները։

Պազմանի Պէտէր Կաթողիկէ Համալսարան դասախօսելէ եւ աշխատանոց վարելէ զատ, Պրոֆ.  Նշանեան առիթ ունեցաւ շփուելու Հայագիտական Բաժինի ուսանողներու ինչպէս նաեւ հայ համայնքի հետ։ Այս նպատակով երեկոները մայրաքաղաքի Ութերորդ թաղամասի Հայ մշակոյթի կեդրոնը տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ, որոնք չափազանց բացայայտիչ էին բոլոր մասնակիցներու համար։ Պրոֆ. Նշանեան այցելեց նաեւ Պուտափեշթի Հայ կաթողիկէ եկեղեցին։ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի ուղեկցութեամբ ան ծանօթացաւ տեղի եւ Տրանսիլւանիոյ հայերու հարուստ պատմական, արխիւային եւ նիւթական ժառանգութեան հետ։  Կարիքը եւ փափաքը արտայայտուեցաւ մօտ ապագային Պուտափեշթի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողքին թանգարան  մը բացելու։

Եզրափակելէ առաջ կ՚արժէ ընթերցողներուն յիշեցնել որ Պրոֆ. Նշանեան տասնամեակներու վրայ զարգացուցած է խիստ արգասաւոր երկխօսութիւն ժամանակակից մտքի եւ արդի ու վաղ-արդիական արեւելահայ ու արեւմտահայ գրականութիւններու միջեւ։ Ծնունդով եւ կրթութեամբ Ֆրանսայէն, ան 1996էն 2007 թուականները Հայագիտութեան դասախօս եղած է Նիւ Եորքի Կոլումպիա համալսարանը։ Պրոֆ. Նշանեան դասաւանդած է նաեւ Լոս Անճըլէսի Կալիֆորնիոյ, Պէյրութի Հայկազեան եւ Իսթանպուլի Սապանճը համալսարաները, ինչպէս նաեւ հաճախակի ելոյթներ ունեցած է Հայաստան եւ այլուր։ Բնագիր լեզուով անորմէ մատչելի են ֆրանսերէն Le Sujet de l’histoire. Vers une phénoménologie du survivant (MētisPresses, 2008), եւ Պատկեր պատում պատմութիւն, հատոր 1 եւ 2 (Ակտուալ արվեստ, Հովհաննիսյան ինստիտուտ, 2015, 2016) գործերը, ինչպէս նաեւ վերջերս լոյս տեսած Թարգմանական դամբանական (Հայ գրքի կենտրոն, 2024) հատորը։ Անգլերէն թարգմանութեամբ Պրոֆ. Նշանեանէն հետեւեալ գիրքերը կան. Writers of Disaster: Armenian Literature in the 20th Century, Volume One: The National Revolution (Taderon Press, 2002), The Historiographic Perversion (Columbia University Press, 2009), Կիլ Անիճարի թարգմանութեամբ, Mourning Philology: Art and Religion at the Margins of the Ottoman Empire (Fordham University Press, 2014), Ճ.Մ.Կօշկարեանի եւ Ճէֆ Ֆորտի թարգմանութեամբ։ Անգլերէնով Պրոֆ. Նշանեան նաեւ խմբագրած է՝ Վարդան Մատթէոսեանի հետ, Yeghishe Charents: Poet of Revolution (Mazda Publishers, Inc., 2003) հատորը։ Ասկէ զատ, 1980էն ի վեր, Պրոֆ. Նշանեան հրատրակած է ԿԱՄ հանդէսը, գրական իմաստասիրական պարբերական մը զոր քննական նոր լիցք բերած է հայ մշակոյթին։ Այս ամենուն հետ մէկտեղ, Պրոֆ. Նշանեան գերմաներէնէ, ֆրանսերէնէ եւ իտալերէնէ դէպի արեւմտահայերէն կը թարգմանէ  Նիցչէի, Ֆրոյտի, Պենիամինի, Պլանշոյի, Պատայլի, Ֆուկոյի, Ագամպենի, Ժան-Լիւք Նանսիի, Անտուան Պեռմանի եւ Տերիտայի գործերը՝ զանոնք ընթերցողին հրամցնելով քննական մանրամասն խոհագրութիւններով։      

Կարէն Ջալլաթեան

Յետ-դոկտորական հետազօտող

Լայպնիցի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութեան եւ Մշակոյթի Հիմնարկ (GWZO), Լայփցիք

Դասախօս, դոկտորական դպրոցի անդամ

Հայագիտական Բաժին

Պազմանի Պէտէր Կաթողիկէ Համալսարան

Պուտափեշթ   

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում