ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍՈՒՄ. Արամ Ա կաթողիկոսի ուղերձը

  • 07.01.2025
  • 0
  • 98 Views

Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները հանդիսաւորապէս նշուեցան հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։Սուրբ խորանին վրայ Վեհափառ Հայրապետին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։Հաւատացեալներու շարքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք հայկական կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:Սուրբ Պատարագի ընթացքին, «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ, Շահան արքեպիսկոպոս Միւռոնաթափ Աղաւնին Սուրբ Երրորդութեան խորանէն բերաւ Սուրբ Խորան, ուր ձեռամբ Նորին Սուրբ Օծութեան կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց Սուրբ Ծննդեան իր հայրապետական պատգամը։Հայրապետը ըսաւ, որ Մատթէոս աւետարանիչ խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին մասին՝ զայն կը բնորոշէ իբրեւ «Աստուած Մեզի հետ» (1։23): Արդարեւ, երկինքէն երկիր իջած, Բեթղեհէմի մէջ ծնած ու աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին եղաւ Աստուծոյ շօշափելի ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Մարդկային բնութիւն ստանալով ու մարդու փրկութեան Իր առաքելութիւնը իրագործելով՝ Քրիստոս գործնապէս եղաւ մարդուն հետ. Աստուծոյ Որդին դարձաւ Մարդո՛ւ Որդի: Մարդուն հետ նոյնանալով Քրիստոս երկնային արժէքներով պայծառակերպեց մարդուն կեանքը՝ անոր մէջ վերականգնելով Աստուծոյ անկեալ պատկերը եւ Իր խաչով ու յարութեամբ մարդը առաջնորդելով դէպի վերամարդկայնացում. այլ խօսքով, մարդու ազատագրումը մեղքէն ու անոր փրկութիւնը: Ահա՛ խորհուրդը Բեթղեհէմի մէջ յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն: Առաքեալը անդրադառնալով Բեթղեհէմի խորհուրդին՝ կ՚ըսէ, «եթէ Աստուած մեզի հետ է ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Ահա՛ պատգամը Բեթղեհէմին դարերէն եկող ու յաւիտենականութեան գացող: Աստուած մեզի հետ է՝ եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք: Հետեւաբար, Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած, ո՞վ կրնար մեզի հակառակ ըլլալ: Եթէ Բեթղեհէմն է իր խորհուրդով ու պատգամով մեր հաւատքին, սիրոյ ու յոյսին աղբիւրը, ո՞վ կրնայ մեր հաւատքն ու յոյսը տկարացնել: Դարեր շարունակ, մեր հաւատքը յոյսով շաղախած եւ մեր յոյսը հաւատքով զօրացուցած մեր ժողովուրդը մնաց պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ. հալածանք թէ ցեղասպանութիւն չկրցան մեր ժողովուրդի կեանքէն վանել Բեթղեհէմին հաւատքն ու յոյսը:Ապա, Վեհափառ Հայրապետը խօսելով մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան մասին՝ ըսաւ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդը կարիքը ունի իր հաւատքին ու յոյսին վերանորոգման: Կ’ապրինք տագնապներով լեցուն անորոշ ու տխուր ժամանակներու մէջ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Հայաստանէն ներս վերջին տարիներուն պարզուած վիճակը, իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, մեր Հայրենիքը կրնայ առաջնորդել նորանոր տագնապներու: Այս գծով, մեր մտահոգութիւնը եւ տեսակէտը բազմաթիւ առիթներով պարզած ենք։«Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան ու Սուրիա, մեր համայնքները կը շարունակեն դիմագրաւել լուրջ մտահոգութիւններ: Ծանօթ են վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ ստեղծուած պայմանները, շարունակուող ընկերատնտեսական տագնապը ու քաղաքական անորոշութիւնը: Մեր սպասումն է, աւելի ճիշդ՝ պահա՛նջքը, որ Յունուար 9-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական նիստին ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահը, որուն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանի միասնականութիւնը ամրապնդել, ընկերատնտեսական վիճակը բարելաւել եւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ Լիբանանը առաջնորդել դէպի վերականգնում ու զարգացում: Լիբանանի հայ համայնքը, որպէս երկրին գլխաւոր համայնքներէն մէկը, միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը Լիբանանի հզօրացումն է:«Դարձեալ ծանօթ է, Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներուն ստեղծուած նոր կացութիւնը: Այնտեղ եւս մեր համայնքը քրիստոնեայ գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Հին դարերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը ներկայութիւն եղած է: Սուրիայէն ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին գծով Մենք կը զօրակցինք քրիստոնեայ միւս համայնքներու տեսակէտերուն ու սպասումներուն: Քրիստոնեայ համայնքները սովորական իմաստով փոքրամասնութիւններ չեն. անոնք պատմականօրէն մաս կը կազմեն Սուրիոյ ժողովուրդին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ անոնց իրաւունքները յարգուին ու պաշտպանուին, յատկապէս նոր կազմուելիք սահմանադրութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ու պետական կառոյցներու իրենց գործօն մասնակցութեամբ»:Շարունակելով իր պատգամը՝ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան գործնապէս զօրավիգ կանգնելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անոնց վերականգնումը իր դրական նպաստը պիտի ունենայ թէ՛ Հայաստանի հզօրացման, թէ՛ մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդին զօրեղ ներկայութեան իմաստով: Այս առումով Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Սփիւռքի վերակազմակերպման կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, «որպէսզի կարենանք Սփիւռքի մէջ հայ լեզուին, մշակոյթին, մեր արժէքներուն, այլ խօսքով մեր ինքնութեան ու հայօրէն գոյութեան նահանջին դէմ պայքարիլ, հրամայական է Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝  իրապաշտ մօտեցումով եւ մասնակցութեամբ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն ու մանաւանդ մեր երիտասարդներուն»:Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «ճիշդ է, մենք ամէն տեղ շրջապատուած ենք տագնապներով, սակայն, դարձեալ Առաքեալին բառերով՝ եթէ Աստուած մեզի հետ ո՞վ կրնայ մեր հաւատքն ու յոյսը տկարացնել: Եթէ մեր երիտասարդութիւնը մեր շուրջն է՝ ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի նահանջ ու յուսահատութիւն: Եթէ մեր ժողովուրդը իր բոլոր կառոյցներով միակամ է, ով կրնայ տկարացնել մեր հաւատքը, կամքը ու յոյսը: Ահա՛ Բեթղեհէմէն եկող պատգամը մեր ժողովուրդին», եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Հայրապետը:Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց մեր հայրենակիցներուն ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ — 2025

ԴԱՌՆԱՆՔ ՅՈՅՍԻ ԱՂԲԻՒՐԻՆ՝

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՆԵԱԼ ՈՐԴՒՈՅՆ

Նոր Տարուան սեմին եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:

Հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդները, Ազգային Իշխանութիւնները եւ համայնքային կառոյցները՝ իրենց մաղթելով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն աշխարհ բերած սիրոյ ու խաղաղութեան երկնային պարգեւներով լեցուն օրեր:

*
*  *

Տագնապի մէջ էր խրած հին աշխարհը, որովհետեւ հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապի մէջ էր մարդը, որովհետեւ դաւաճանած էր իր Աստուածատուր կոչումին: Եւ ահա յուսաբեկ աշխարհին մէջ կը ծնէր երկնային յոյսը, Բեթղեհէմի մէջ կը ծնէր Աստուծոյ Որդին՝ դառնալով յոյսը համայն մարդկութեան:

Բեթղեհէմը սոսկ անցեալ չէ, այլ շարունակուող խորհուրդ ու յաւիտենական պատգամ է: Աստուծոյ Որդին եղաւ յոյսի առաքեալ՝ Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ թափուր գերեզման: Իր ուսուցումներուն ու հրաշքներուն ճամբով յոյս ներշնչեց բոլորին, հիւանդին ու հալածուածին, ճնշուածին ու կարիքաւորին: Պատգամեց բոլորին՝ ըսելով.- մի՛ վախնաք, այլ յոյսով կռանուած հաւատացէք, հաւատացէք յուսալով եւ յուսացէք հաւատալով: Մահուան վրայ տարած յաղթանակով, Քրիստոս յարութեան յաղթանակի յոյսը տուաւ: Վերստին վերադառնալու խոստումը տալով, Քրիստոս յոյսով ապրելու ու յոյսով տագնապները դիմագրաւելու հաւատքը ու կամքը տուաւ իր հետեւորդներուն:

Արդարեւ, քրիստոնէական կեանքի ամէնէն զօրեղ կռուաններէն մէկն է յոյսը: Մկրտութեան ճամբով մարդը Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կը կատարէ՝ ընդունելով զՔրիստոս որպէս հաւատքի վահան, սիրոյ ճանապարհ ու յոյսի աղբիւր:

Յոյսը սոսկ զգացական վիճակ մը կամ տեսական երեւոյթ մը չէ. ան Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրուած երկնային պարգեւ է: Քրիստոնեան կոչուած է յոյսը ապրելու իր կեանքին մէջ՝ զայն դարձնելով իր մտածումներուն ու գործերուն, իր ողջ կեանքին ամուր շաղախը, զայն դարձնելով իր կեանքին խաւարը վանող ու հորիզոնը լուսաւորող Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը:

*
*  *

Կ՚ապրինք բազմազան տագնապներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու բազմաթիւ այլ տագնապներու եւ պատերազմներու հետեւանքները յուսահատութեան ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծած են ամէնուրեք: Նոյն մթնոլորտին մէջ կ՚ապրի նաեւ համայն հայութիւնը:

Հայաստանի մէջ, Արցախի կորուստը, ցեղասպան դրացիներուն յոխորտանքը, շարունակուող արտագաղթը եւ արժէքներու նահանջը, փաստօրէն, ստեղծած են անորոշ կացութիւն ու յուսահատ մթնոլորտ ապագային նկատմամբ:

Սփիւռքը, իր կարգին, կը շարունակէ տատանիլ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներուն մէջ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր գաղութները շրջապատուած են այնպիսի պայմաններով, որոնք արագընթաց մաշումի կ՚ենթարկեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումը:

Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ պայմանները յառաջացուցած են վտանգներով յղի անորոշութեան մթնոլորտ մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքները անմիջականօրէն ենթակայ չեղան յաջորդական տագնապներու յառաջացուած վտանգին, սակայն կը շարունակեն կրել անոնց ծանր հետեւանքները, մասնաւորաբար ընկերատնտեսական մարզէն ներս:

Ըլլանք իրատես, բայց ոչ՝ յոռետես ու յուսահատ:

Լսենք Պօղոս առաքեալին պատգամը.- «Նեղութիւնները համբերութիւն կու տանհամբերութիւնը՝ տոկունութիւնտոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.4-5):

Որքա՜ն կը պատշաճի այս յիշեցումը մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն:

Արդ, հարկ է հեռու մնալ զգացական մօտեցումներէ, միակողմանի դատումներէ ու մակերեսային արժեւորումներէ եւ տագնապները դիմագրաւել համբերութեամբ ու իմաստութեամբ: Հարկ է ազգին ոյժերու համախմբումով եւ ապագայատեսիլ հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ պայքարիլ մեր Հայրենիքին ու մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներու դէմ: Հարկ է Հայաստանի հզօրացումը նկատել գերագոյն իտէալ՝ համահայկական անխախտ յանձնառութիւն մը, որ պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլայ անձերով ու իշխանութիւններով:

Սփիւռքի վերակազմակերպումի ծիրէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքներուն վերականգնումը պէտք է դառնայ համազգային առաջնահերթութիւն: Այս գաղութները սովորական իմաստով գաղութներ կամ համայնքներ չեն, նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած պատմական, քաղաքական, աշխարհաքաղաքական, կրօնական իւրայատկութիւնները եւ յատուկ դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ շրջանի պետութիւններուն համար:

Տագնապները ու դժուարութիւնները եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքները տակաւին կրնան յամենալ մեր շուրջը: Ըլլանք համբերող ու յուսալից: Քրիստոնէական մեր հաւատքը կը մղէ մեզ ամրօրէն կառչելու յոյսին: Հայուն վերականգնելու կամքը կ՚առաջնորդէ մեզ վերանորոգ ոգիով ու միակամ ճիգով մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի վերածաղկումին:

Դա՛րձեալ լսենք պատգամը Պօղոս առաքեալին.- «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5):

ԱՐԱՄ ԱԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում