36 տարի առաջ 7 Դեկտեմբեր 1988 թուականին Հայաստանի Սպիտակ քաղաքի եւ հարեւան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժի բնական աղէտը խլաց էր աւելի քան 25 հազար մարդու կեանքը, տարբեր աստիճաններուն վիրաւորուեցան աւելի քան 100 հազար անձեր, աւելի քան 600 ընտանիք մնացին անօթեւան։ Ահաւոր երկրաշարժի ընթացքին քանդուեցան քաղաքներ, գիւղեր, դպրոցներ;
Երկրաշարժը մեծ հարուած հասցուց Հայաստանի տարածքին շուրջ 40% մասին։ Ընդահանուր գնահատումով բնական աղէտին պատճառած Հայաստանի նիթական ուղղակի կորուստներու արծէքը եղաւ աւելին քան 10 միլիառ ամերիկեան տօլար , եկրաշարժը ծանր ձեւով հարուացեց նաեւ երկրի տնտեսագիտութեանը․
7 Դեկտեմբեր թուականը ,հայուն նորագոյն պատմութեան ամենամեծ բնական աղէտին յիշատակութեան օրն , Սպիտակ քաղաքի եւ հարեւան քաղաքներու մէջ տեղի ոնեցած 1988 ի աւերիչ երկրաշարժի տարելիցն է եւ կը մնայ համայն Հայ ազգի համար սուգի օր:
Եկրաշարժի աղէտը աւելի քան 25 000 հոգիի կեանքը խլած էր եւ Հայաստանի պետութեան կողմէ, ներառեալ Հայաստանի Մայրաքաղաքը եւ եկրաշարժէ վնասուած քաղաքները <Աղէտի Գոտի> հռաչակուած էր:
Աղէտ մը որ,բերած էր, թէ նիւթական եւ թէ բարոյական մեծ կորուստ, ողբերգութիւն եւ պատճառած էր իւրաքանչիւր հայուն սրտին մէջ խոր ցաւ, կսկիծ ու վիշտ: Երկրաշարժը վնասներ պատճառեց շուրջ 60 գիւղերու եւ քաղաքներու ու քաղաքի մերձակայքի 342 թաղերու մէջ, անօթեւան մնացին շուրջ 550 հազար հոգի, անոնց մէկ մասը տեղափոխուեցաւ եւ բնակութիւն հաստատեց Հայաստանի զանազան քաղաքներու մէջ, ոմանք արտագաղթելով հաստատուեցան արտերկիրներու մէջ, ոմանք ալ սպասեցին Հայաստանի մէջ եկրաշարժի հետեւանքով ծնունդ առաց իրենց խնդիրներուն լուծումը: Հայաստանի տնտեսական վիճակի պատճառաւ, հարցերու լուծման ուղղութեամբ շուտով աժխոյշ ու անդիւնաւոր , լուրջ քայլեր չառնուեցաւ :
Ամէնաշատ զոհերը տուաւ Կիւմրի քաղաքը (15-17 հազար), ապա Սպիտակ քաղաքը (4-5 հազար) : Վնասուեցան մշակոյթային,պետական,պատմական կառոյցներ,արուեստի յուշարձաններ եւ աւելի քան 900 կրթարան:
Այսօր մեծմասով վիրականգնուած է «Աղէտի Գօտին » սակայն բաւարար չէ եղած ու դեռ չէ անցած հայ ժողովուրդի կսկիծը , վիշտը, հարիւր հազարաւոր հայեր այսօր իսկ կը սգան 1988 ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը, իրենց հարազատներուն անդարձ կարուստը․
Հայաստանի եւ աշխարահասփիւռ հայ ժողովուրդը 7 Դեկտեմբերին վերստին կ՛ոգեկոչէ 1988 ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակը, սգալով իր հարազատներու կորոււստը․
Այսօր, երկրաշարժէն տարիներ ետք եւ Արցախի կորուստի ծանրութեան տակ համայն հայութիւնը թէկուզ , թախիծոտ սակայն կը շարուանկէ վճռակամ մնալ գոյոտեւման ճամբուն վրայ համարձակ կերպով քալել եւ կը ջանայ իր առջեւ լուսաւոր հօրիզոններ բանալ։
7 Դեկտեմբերին, այս տարի ալ հայ աշխարհը կ՛ոգեկոչէ 7 Դեկտեմբեր 1988 թուականի Հայաստանի ահառկու ու մեր պատմութեան ամենասարսափելի աւերիչ եկրաշաժի զոհերու յիշատակը:
Խունկ,աղօթք եւ յարգանք երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա