Անկիւնադարձ՝ եւ Այլեւս Դէպի Առաջ Հաշուեյարդարը Անցածին՝ եւ Ակնկալութիւն Գալիքէն

  • 29.06.2024
  • 0
  • 364 Views

Հայաստանի վերանկախացման երեսուներեք տարիներու պատմութեան մէջ, ընթացիկ 2024 տարուայ Յունիս ամսուայ վերջին օրերը կարելի է նկատել վերջաւորութիւնը, ծանր զարգացումներով յատկանշուած մօտ երեք տարիներու ժամանակահատուածի մը, որուն սկիզբը կը նկատեմ  2020 տարուայ 44-օրեայ Արցախի երկրորդ եւ տխրահռչակ պատերազմի օրերը:

Այս յօդուածին առաջադրութիւնն է, մեր մամուլին տրամադրելի սահմանափակ տարածքին մէջ, կատարել վերոյիշեալ ժամանակահատուածին հակիրճ եւ առարկայական վերլուծական գնահատականը, եւ թուարկել, անկէ բխած՝ պատճառաբանուած ակնկալիքները, անմիջական գալիք երկու տարիներու շրջանին՝ մինչեւ յառաջիկայ 2026ին նախատեսուած ընդհանուր ընտրութիւնները:

2020 տարուան արցախեան 44-օրեայ պատերազմը իր աղէտալի արդիւնքով բացայայտեց թէ Հայաստանի վերանկախացման յաջորդող բոլոր իշխանութիւնները, բացառելով որոշ չափով Առաջին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շրջանը, ծանրօրէն պատասխանատու են այդ ցաւալի արդիւնքին: Առաջին հերթին, անոնք անհոգ եւ զանցառու եղած են հայրենիքը ամէն օր պաշտպանական բարձրագոյն մակարդակի սեփական ռազմական եւ բանակային միջոցներով օժտելու իրենց պատասխանատուութեան նկատմամբ: Անոնք նաեւ պատասխանատու են դիւանագիտական դաշտին մէջ անկարող եղած ըլլալով իրատես կերպով գնահատելու հաւատարմութիւնը եւ վստահութիւնը այն այսպէս կոչուած դաշնակից երկիրներուն, որոնց բերելիք օգնութեան վստահած էին, ապահովելու համար սեփական հայրենիքին պաշտպանութիւնը:

Այժմ կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը 2020-էն մինչեւ այս վերջին օրերը երկարող երեք կամ չորս տարիներու շրջանին:

Այս շրջանին սկիզբը, 2021 տարուան ընթացքին է որ տեղի ունեցան ընդհանուր ընտրութիւններ, բոլորին կողմէ ընդունուած ազատ եւ օրինաւոր պայմաններու մէջ: Իբրեւ արդիւնք ընտրուեցան մինչեւ այսօր գործող Ազգային Ժողովի պատգամաւորները: ՔՊ-ական լայն մեծամասնութեամբ կազմուեցաւ այսօրուան իշխանութիւնը գլխաւորութեամբ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Իսկ ընդդիմադիրները ամբողջութեամբ կազմուեցան նախորդ տարիներու իշխանութեանց պատկանող անդամներէն: Այս կազմին տկարութիւնը մինչեւ այսօր, կը կայանայ, մեծ թիւով բոլոր միւս քաղաքական կուսակցութիւններուն բացակայութեան մէջ:

Բնական է որ այս պայմաններուն մէջ, վերջին երեք տարիներու ընթացքին, գնահատման բայց մանաւանդ քննադատման կիզակէտը եղաւ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ գործող իշխանութեան գործունէութիւնը:

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը արդարօրէն գնահատելու համար անհրաժեշտ է նկատի ունենալ անոր աշխարհաքաղաքական իմաստով արտակարգօրէն դժուար եւ հակասութիւններով բեռնաւորուած դիրքը, եւ հետեւաբար նաեւ այս վերջնոյն համաչափ՝ նուրբ եւ դժուար քաղաքականութիւն մը վարելու անհրաժեշտութիւնը:

Պարզ է թէ Վարչապետ Փաշինեանը եւ իր վարչակազմը փորձառութեան ակնյայտ պակաս ունէին, այս բնագաւառին մէջ: Բնական պէտք էր ըլլար որ իրենք ջանային օգտուիլ իրենցմէ դուրս այն ոյժերէն որոնք անցած էին այդ դժուար փորձառութիւններէն: Սակայն չուզեցին օգտուիլ այդ պատեհութենէն եւ այդ պատճառաւ իսկ, սկիզբը դրսեւորեցին յաճախ հակասական գործառնութիւններ:

Ողջունելի է արձանագրել թէ տարբեր դժուար ելեւէջներէ անցնելէ ետք այսօր կը ջանան Արեւմուտքի հետ բաւական խոստմնալից յարաբերութիւններ հաստատել , պահելով հանդերձ ձեւական կապերը, գլխաւորաբար «աւանդական դաշնակից» Ռուսիոյ հետ: Տակաւին շատ լուրջ պատնէշներով լեցուն է այս ճամբան: Սակայն պէտք է անցնիլ անկէ ապահովելու համար երկրին պաշտպանութեան եւ տնտեսութեան իսկական հզօրացումը:

Ինչ կը վերաբերի երկրին ներքին՝ քաղաքական, տնտեսական, իրաւական եւ այլ բնագաւառներուն, եթէ այսօրուան իշխանութիւնները ակնյայտօրէն իրագործած են ժողովրդավարական իմաստով զգալի փոփոխութիւններ եւ յաջողութիւններ, միւս կողմէ սակայն անոնք պատասխանատու են կարեւոր բացթողումներու համար:

Երկրին ուղղութիւն տալու դժուարին աշխատանքին մէջ բացթողումներու առաջինը բացակայութիւնն է, ընտրութեանց արդիւնքով դուրս մնացած, արժէքաւոր՝ սակայն փոքր խումբերու վերածուած, հաւասարակշռուած եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու խորապէս հաւատացող շրջանակներու կարող ներկայացուցիչներուն: Իշխանութիւնները իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ պէտք է տեղ տան այս վերջիններուն եւ օգտուին անոնց բերելիք նպաստէն:

Իշխանութեանց երկրորդ մեծ բացթողումն է լայնատարած հայ Սփիւռքին նկատմամբ իրենց որդեգրած անփառունակ կեցուածքը: Ի գին կրկնութեան պէտք է վերյիշեցնել թէ լայնատարած Սփիւռքը ունի բարեկամեցողութիւն եւ լայն միջոցներ, սակայն ան հաւաքականօրէն անկազմակերպ է: Մեծագոյն սխալն էր ցրուել Սփիւռքի Նախարարութիւնը եւ զայն փոխարինելը այսպէս կոչուած բոլորովին անարդիւնաւէտ եւ յաւակնոտ Սփիւռքի յանձնակատարով մը:

Հիմա շարունակենք այս վերլուծողական հակիրճ ակնարկը գնահատականը տալով Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր երկու խմբաւորումներու գործունէութեան, եւ անոնց քաջալերանքով ժամանակ առ ժամանակ փողոցը եւ հրապարակները լեցնող շարժումներու կատարած դերին:

Ազգային Ժողովի ընդդիմադիրները իրենց ընտրուելուն առաջին իսկ օրէն եւ մինչեւ այսօր, ամէն օր կը փաստեն թէ իրենք, քաղաքակիրթ աշխարհի ընդունուած չափանիշներով, պարզապէս արժանի չեն կրելու «ընդդիմադիր» անունը: Իրենց գործածած հայոյալից լեզուն, եւ շիշեր արձակելով կռիւներու ձեռնարկելու գործելակերպը խորապէս ամօթալի եւ ապակառուցողական ըլլալով, իրենց վարկը իջեցուցած է ոչինչի:

Ինչ կը վերաբերի փողոցի շարժումներուն, 44-օրեայ պատերազմէն ետք մինչեւ այսօր, մօտ երեք տարիներու ընթացքին, ժամանակ առ ժամանակ փողոցը եւ հրապարակները լեցնող, բաւականին մեծ թիւով մասնակիցներով բնորոշուող, ամբոխավարական շարժումներուն վերջինն էր, այսպէս կոչուած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը:

Ժողովրդական կարեւոր մասնակցութեամբ այս բողոքի «շարժումներուն» կապակցութեամբ, պարզ եւ հասկնալի պէտք է ըլլայ բոլորիս համար թէ բնական եւ ակնկալելի է որ Հայաստանի մէջ, ինչպէս երկրագունդին երեսին գտնուող որեւէ քաղաքակիրթ եւ մանաւանդ ժողովրդավար երկրի մէջ, անխուսափելի է որ ժողովուրդին մէկ մասը դժգոհ ըլլայ օրուան իշխանութեանց աշխատանքէն: Անբնական պիտի ըլլար հակառակը: Այդպէս է պարագան, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւայլն, եւայլն, երկար շարք մը այլ յառաջադէմ երկիրներու մէջ: Հասկնալի եւ ակնկալելի է նաեւ որ յատուկ եւ յստակօրէն բնորոշուած հարցերու պարագային դժգոհութիւնը ըլլայ բաւականին համատարած եւ ուժեղ որպէսզի մեծ թիւով քաղաքացիներ փողոց իջնեն եւ ցոյցեր կատարեն, օրէնքով նախատեսուած՝ ոստիկաններու հսկողութեան տակ: Սակայն ոչ մէկ ժամանակ կ’ակնկալուի թէ այդ ցոյցերուն իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնը հրաժարի եւ պարզապէս իր տեղը հրամցնէ այդ ցոյցերը կազմակերպող խմբակին… իշխանափոխութեան մէկ եւ միակ միջոցը ընտրութիւններն են: Խստագոյն տագնապներու ժամանակ կը կատարուին արտահերթ ընդհանուր ընտրութիւններ: Այլապէս կ’սպասուի մինչեւ յաջորդ նախատեսուած հերթական ընտրութիւնները որպէսզի ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայնով կատարուի իշխանափոխութիւն, եւ վերջ:

Այլապէս, երբ պատահի թէ փողոցի շարժումները դառնան անզսպելի եւ տեղի տան ֆիզիքական վնասներու կամ վայրագութիւններու, այն ժամանակ առաջին հերթին ոստիկանութիւնը, եւ երբ անհրաժեշտ է, նոյնիսկ երկրին զինեալ ոյժերը կը միջամտեն եւ յանցագործները կը ստանան համապատասխան պատիժներ:

Ահա երբ այս պարզ հասկացողութեամբ գնահատենք 2020-էն ի վեր Հայաստանի մէջ կատարուած, մեծ թիւերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած, փողոցի երեք շարժումները, պէտք է նշել թէ երեքն ալ ձախողեցան եւ մնացին ապարդիւն: Առաջինը եւ վերջինը նաեւ դուրս ելան օրինականօրէն ընդունուած սահմաններէն: Վերջինը՝ «Տաւուշի Շարժումը», ծրագրուած թէ չծրագրուած պայմաններու մէջ, վերջաւորութեան, անցաւ կոպիտ ոյժի գործադրութեան կարմիր գիծը, երբ ան ձախորդօրէն փորձեց խուժելով մուտք գործել Ազգային Ժողով:

Անհրաժեշտ է աւելի ծանրանալ «Տաւուշի Շարժումին» վրայ, քանի որ ան տակաւին թարմ է բոլորին միտքերուն մէջ:

«Տաւուշի Շարժումը» սկիզբէն, Մայիսի 9-ի հրապարակի մեծ հանրահաւաքի օրէն սկսեալ ակնյայտօրէն ենթակայ էր վերջանալու ձախողութեամբ:

Արդարեւ բոլորովին իրարմէ անջատ՝ տարբեր տարբեր խումբեր, Տաւուշ-Երեւան ճամբուն վրայ, սկիզբը խորհելով, թէ յանկարծ յայտնուած էր Հայաստանը փրկող Մեսիան, միացած էին շարժումին: Նոյնպէս ալ սակայն, անոնք աստիճանաբար հեռացան անկէ երբ յայտնի դարձաւ թէ ան չունէր նուազագոյն իսկ չափով մտածուած քաղաքական ծրագիր: Ան չ’ունէր նաեւ քաղաքական նուազագոյն իսկ չափով պատրաստութիւն ունեցող, վստահութիւն ներշնչող, եւ բացայայտ ու համարձակօրէն ներկայացող ղեկավարութիւն: Ընդհակառակը ղեկավարութեան միակ յաւակնութիւն ունեցողը, անսպասելիօրէն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւորական մըն էր, որ նաեւ շուտով դարձաւ Շարժման առաջարկած «Վարչապետի թեկնածուն»: Այս պայմաններուն տակ, տեսնելով «Շարժումին» քաղաքական անլրջութիւնը ան կորսնցուց նախ առաջին օրերու իր կարեւորագոյն հետեւորդները, եւ ի վերջոյ մնացին միայն ուսանողներ, դպրոցականներ եւ քանի մը հանրածանօթ իշխանութեան երդուեալ հակառակորդներ: Կ’երեւի թէ այս օրերուն նոյնիսկ այս վերջինները ցրուած են եւ «թեկնածու վարչապետ»ը ինք եւս հեռացած է փողոցէն, ամառնային «արձակուրդ»էն ետք աշնան, փողոց վերադառնալու անհեթեթ խոստումով:

Անշուշտ յուսախաբութիւնը մեծ պիտի ըլլայ բոլոր այն պարկեշտ քաղաքացիներուն եւ լրատուական խումբերուն մօտ որոնք կարճ տեւողութեան մը ընթացքին յուսացած էին յանկարծ գտած ըլլալ, մինչեւ այսօր անյայտ մնացած արտակարգ փրկիչ մը: Այպանելի են սակայն իրենք բոլորն ալ, իսկութեան մէջ իր գործունէութեամբ իրենց անծանօթ այս «փրկիչ»ին հմայքէն այնքան դիւրաւ տարուած ըլլալով: Արդարեւ բոլորն ալ տեղեակ եղան թէ այս հոգեւորականը տասը երկար տարիներ պաշտօնավարած էր որպէս Գանատայի Թեմի Առաջնորդ: Իրենց պարտքն էր Գանատա ուղարկել փոքր սակայն լուրջ քննիչ պատուիրակութիւն մը այստեղ առարկայական տեղեկութիւններ քաղելու համար, այդքան կարեւոր դիրքի յաւակնութիւն ունեցող այդ անհատին մասին: Այդպիսի քննարկման մը արդիւնքը ցոյց պիտի տար թէ այդ տասը տարիներու վերջաւորութեան Գանատահայոց Թեմը հասած էր նիւթական եւ մարդկային յարաբերութիւններու տագնապներու առնուազն լրջագոյն վիճակի մը որմէ ետք հազիւ թէ այսօր ան վերագտած է իր նախկին անդորրութիւնը:

Թէեւ «Տաւուշի Շարժումը» այլեւս ոչ յոյս եւ ոչ ալ վտանգ կը ներկայացնէ հայրենիքի ապագային նկատմամբ, սակայն դժբախտաբար շատ աւելի մտահոգիչ է այն պարագան որ այս քանի մը ամիսներու այդ ձախորդ նախաձեռնութիւնը իր լուրջ բացասական անդրադարձը ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջ կառոյցին վրայ եւ յատկապէս Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռին՝ եւ անոր համազգային բարոյական միասնականութեան նշանաբանը ըլլալու անփոխարինելի դերին վրայ:

Պատմութեան ընթացքը երկար է, եւ այս կարճ տեւողութեամբ միջադէպը վստահաբար պիտի շուտով մոռցուի եւ կորսուի ու անյայտանայ անցեալին մէջ:

Միւս կողմէ սակայն ամէն ջանք պէտք է ազգովին կատարենք որպէսզի Մայր Աթոռը եւ անոր գահակալ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայ ժողովուրդին թէ պետականութեան համայնապատկերին մէջ վերագտնեն բազմահազարամեայ մեր «Հայոց Պատմութեամբ» (եւ ոչ «Հայաստանի Պատմութեամբ»…) թրծուած եւ իրենց յատկացուած բարոյական բարձրագոյն դիրքերը: Ի դէպ, այս նաեւ պատեհ հանգրուանն է ուր Անթիլիասի Աթոռը որ այս անգամ, հազուագիւտ եւ ողջունելի փութկոտութեամբ տագնապալից այս շրջանին, այնքան մտահոգ գտնուեցաւ պաշտպան հանդիսանալու Մայր Աթոռին եւ անոր Գահակալին, նաեւ ան անյապաղ սրբագրէ արդէն շատ յապաղած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ իր իսկ կողմէ, եօթանասուն տարիներէ ի վեր ստեղծուած՝ Պարսկաստանէն մինչեւ Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, հերձուածային բաժանումներու վիճակը:

Անցնող շրջանին մասին այս հպանցիկ վերլուծական ակնարկը, որոշ կերպով կը մատնանշէ թէ այսօր՝ 2024 Յունիս ամսուայ վերջաւորութեան, մենք ազգովին կը գտնուինք իսկական կարեւոր անկիւնադարձի մը սեմին:

Յաջորդական ամիսներուն՝ եւ յատկապէս մինչեւ 2026 թուի յաջորդ հերթական ընդհանուր ընտրութիւնները, մնացած երկու տարիներու ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է գլուխ հանեն, քաղաքական շատ նուրբ եւ խրթին գործառնութիւններ եւ նախաձեռնութիւններ: Աշխարհաքաղաքական ներկայ անկայուն եւ փոթորկոտ պայմաններուն մէջ, բոլորովին աննախանձելի է իրենց վիճակուած այս պարտականութիւնը:

Այս կապակցութեամբ կը կրկնենք եւ կը վերահաստատենք մեր բազմիցս արտայայտած ակնկալութիւնը եւ մաղթանքը թէ վարչապետ Փաշինեան եւ իր վարչակարգը այս դժուար աշխատանքը կատարելու ժամանակ օգտուին իրենցմէ դուրս գտնուող այն բոլոր քաղաքական ոյժերէն որոնք ակնյայտօրէն պատրաստ են դրական օժանդակութիւն բերելու իրենց:

Անվիճելի է սակայն թէ այս մեծ եւ դժուար ճանապարհին վրայ ընթացող նաւը որեւէ ժամանակահատուածի մէջ կրնայ ունենալ միայն մէկ նաւապետ:

Ներկայ իշխանութիւնները, պարտին առանց ձգձգումի նաեւ վերահաստատել օրկանական կազմակերպուած լուրջ կապեր աշխարհատարած Սփիւռքին հետ: Պէտք է վերահաստատել փորձառու նախարարի հսկողութեան տակ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Հայրենիքին մեծագոյն հարստութիւնն է Սփիւռքը պայմանաւ որ զայն գործի լծելու նրբութեանց կարող ըլլան մեր իշխանութիւնները:

Հայաստանի իշխանութիւնները կարեւոր աշխատանք ունին կատարելիք մանաւանդ, երկրին ժողովուրդին մօտ առաւել վստահութիւն ներշնչելու համար: Որքան որ կ’այպանենք այսպէս կոչուած «Բողոքի շարժումներու» ոճը, եւ գործելակերպը, ակնյայտ է սակայն թէ ժողովուրդին մէջ առկայ են դժգոհութեան լուրջ պատճառներ: Իշխանութիւնը չի կրնար արհամարհել այդ իրականութիւնը: Իր պատասխանատուութիւնն է կատարել այն ինչ որ հարկաւոր է մեղմացնելու համար այդ դժգոհութեանց պատճառները: Միջոցներէն մէկն է կարելի չափով, մանաւանդ ժողովուրդին բացատրել իրենց որդեգրած կարգ մը անժողովրդական դիրքորոշումներուն տուն տուող խոր պատճառները: Իշխանութիւնները պէտք է նաեւ գիտակցին թէ կան կարմիր գիծեր որ որեւէ իշխանութիւն արտօնուած չէ անցնիլ: Որպէս անվիճելի օրինակներ, Արարատը հայկական է եւ վերջ: Արցախը հայկական է եւ վերջ, սակայն նաեւ այս վերջնոյն մասին, հասկնալիօրէն դժուար գործ է ապահովել դիւանագիտական, օրինական, ռազմական եւ այլ բոլոր տուեալները որոնց միջոցաւ ուշ կամ կանուխ, գուցէ այլեւս աւելի ուշ քան կանուխ, կարելի ըլլայ յաջողութեամբ իրականացնել այդ երազը: Աւելորդ է երկարել այս ցանկը բոլորս տեղեակ ենք անոր պարունակութեան:

Ինչպէս յիշեցինք, այսօրուան իշխանութիւնները, թէեւ իրենց առաջին օրերուն, փորձառութեան մեծ պակասը ունէին, այսօր սակայն ակնյայտ է թէ արդէն իսկ բաւական լաւ կը դիմագրաւեն, մանաւանդ միջազգային քաղաքական կրկէսին վտանգաւոր եւ թակարդուած խաղերը:

Հայ ժողովուրդը անկասկածօրէն, իր խոշոր մեծամասնութեամբ պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու, օրինաւոր ընտրութիւններով երկրին գլուխը կանգնած իշխանութեանց, ակնկալելով նաեւ որ անոնք իրենց կարգին մշտապէս յարգանք ցուցաբերեն ժողովուրդին տրամաբանական ակնկալութեանց նկատմամբ:

Յաջողութիւն հայրենիքին՝ եւ հայ ժողովուրդին:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Կանադա

June 27, 2024

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում