Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտին առջեւ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, ծերակուտական Էտ Մարքի պահանջեց Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն եւ անոր դաշնակիցներէն, որ կարելի ամէն միջոցի դիմեն՝ ապահովելու համար Պաքուի մենատիրական կարգերուն կողմէ ապօրինի կերպով պահուող եւ չարչարանքներու ենթարկուող բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը։
Մարքի նաեւ խստօրէն դատապարտեց Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը իր դարաւոր հայրենիքէն եւ մանրամասնութիւններ տուաւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարները գերի պահելու եւ զանոնք ֆիզիքական ու հոգեբանական հալածանքի ենթարկելու՝ Պաքուի քայլերուն մասին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Մարքիի այս յայտարարութիւնը։
Ասպարեզ
Ծերակուտական Մարքի Կը Պահանջէ Պաքուի Կողմէ Պահուող Հայ Գերիները Ազատ Արձակել – Asbarez – Armenian