Գերմանիա Կը Հաւատայ, Որ Ատրպէյճան Եւ Հայաստան Այս Տարի Խաղաղութեան Համաձայնագիր Մը Պիտի Ստորագրեն

  • 27.04.2024
  • 0
  • 184 Views

Պերլինի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց հաստատեց, թէ ինք կը հաւատայ, որ այս տարի Ատրպէյճան եւ Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագիր մը կը ստորագրեն։

Տեղեկացնելով, որ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը` Շոլց ըսաւ. «Լաւ է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները երկխօսութեան մէջ են: Ինծի հետ ձեր վերջին հանդիպման ընթացքին ըսիք, որ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին քննարկումներու միջոցով: Ես կ՛ակնկալեմ, որ երկու կողմերն ալ անհրաժեշտ կառուցողականութիւնը պիտի ցուցաբերեն»:

Շոլց նաեւ դրական նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի լուրը:

Ասպարեզ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում