Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պելճիքայի միաւորի երիտասարդ եւ խանդավառ ընկերներու հետեւողական, գովելի ճիգերուն իբրեւ արդիւնք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող միջացառում մը տեղի պիտի ունենայ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ, Հինգշաբթի Ապրիլ 18-ի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ (տեղական ժամանակով)։
Հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլան Եւրոպական Խորհրդարանի բազմաթիւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մօտ շատ մը դեսպանատուներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։
Հանդիսութեան կարելի պիտի ըլլայ նաեւ ուղղակիօրէն առցանց հետեւիլ, անոր տեւողութեան ընթացքին։ Հետեւելու համար անհրաժեշտ կապը տրամադրելի պիտի ըլլայ շուտով։





