18 Յունուար, 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:45-ին, Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը ինքնաշարժերու շարանով ճամբայ ելաւ դէպի Բեթղեհէմ: Ճամբու կիսուն Յունաց Ս. Եղիա վանքին առջեւ Լուսարարապետ Սրբազան Հօրը դիմաւորելու եկած էին ոստիկանապետը եւ պետական ներկայացուցիչներ, ապա Իսրայէլեան հինգ ոստիկան ձիաւորներ ընկերացան Լուսարարապետ Սըրբազան Հօր ինքնաշարժին, առջեւէն եւ քովերէն, մինչեւ Ռաքէլի գերեզմանը, որմէ ետք թափօրը առաջնորդուեցաւ դէպի Բեթղեհէմ: Քաղաքի մուտքին, ինքնաշարժերէն դուրս ելլելով, Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը եւ Միաբանութեան անդամները քալելով յառաջացան մինչեւ հրապարակ: Բեթղեհէմի հրապարակին վրայ դիմաւորուելով Բեթղեհէմի ընդհանուր ոստիկանապետի, քաղաքապետի եւ այլ պաշտօնեաներու կողմէ, «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, եւ Տաճարին զանգերու ղօղանջին ներքոյ թափօրը բարձրացաւ Ծննդեան Տաճարի Հայկական վանքը, ուր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Բեթղեհէմի քաղաքապետ՝ Տիար Անտոն Սալման, ապա Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն:
Յետ միջօրէի ժամը 2-ին Լուսարարապետ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ «Հրաշափառ»-ով մուտք կատարուեցաւ Ս. Ծննդեան Տաճար եւ Ս. Այր: Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը Ս. Այրին մէջ մատոյց Հոգեշնորհ Տ. Խադ Ծ. Վարդապետ Ճունտուրեան: Ապա՝ Միաբանութիւնը բարձրացաւ Հայոց Վանք. բակին մէջ կարդացուեցաւ Ս. Ծննդեան Աւետարանը եւ երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս»:
19 Յունուար, 2023-ին կէս գիշերէն առաջ ժամը 10-ին, Գիշերային պաշտամունքէն յետոյ, Միաբանութիւնը իջաւ Ս. Ծննդեան Այր, ուր շարունակուեցաւ «Փառք ի բարձունս»-ի երգեցողութիւնը: Պաղեստինի Կրօնից Նախարար Տիար Ռամզի Խուրի եւ Բեթղեհէմի քաղաքապետ Տիար Անտոն Սալման եւս ներկայ էին Այրի արարողութեանց: Լուսարարապետ Սրբազան Հօր Ծննդեան պատգամէն յետոյ, պաշտամունքները շարունակուեցան Տաճարին մէջ: Աւագ սեղանին վրայ պատարագեց եւ քարոզեց Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան: Պատարագին յաջորդեց Ջրօրհնեաց արարողութիւնը, որ կատարեց Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան, իրեն առընթերակայ ունենալով Հոգեշնորհք Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեանը եւ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեանը: Ջրօրհնէքի արարողութենէ ետք հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեանի կատարուեցաւ Նախատօնակա, ապա Ճաշու ժամերգութենէն ետք Ս. Ծննդեան Այրին մէջ պատարագեց Հանդիսապետ Սրբազան Հայրը:
Պաշտամունքներու աւարտին, առաւօտեան ժամը 6-ին, Միաբանութիւնը թափօրով եւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ բարձրացաւ Հայոց Վանք, եւ տեսչարանին մէջ կարդացուեցաւ Ս. Ծննդեան Աւետարանը եւ երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս», ապա Միաբանութիւնը վերադարձաւ Երուսաղէմ:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն
Լուսանկարները՝ Ներսեհ Վարդապետի եւ
Bethlehem Municipality – بلدية بيت لحم-ի