Միացեալ Նահանգները Կոչ Ուղղեց Իսրայէլին՝ Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին Վիճակը Չսրելու

  • 05.01.2024
  • 0
  • 265 Views

Միացեալ Նահանգները յայտարարեց, որ չի խրախուսեր Իսրայէլի կառավարութեան քայլերը, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր` անդրադառնալով Երուսաղէմի հայկական թաղամասի ղեկավարներու մտահոգութիւններուն, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը Կազայի հատուածին մէջ պատերազմը կ՛օգտագործէ, որպէսզի թաղամասէն դուրս մղէ քրիստոնեայ հայերը:

«Ինչպէս քանի մը առիթներով ըսինք, մենք չենք ուզեր տեսնել Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ այնպիսի քայլեր, որոնք կը սրեն լարուածութիւնը», յայտնեց Միլըր:

Ասպարեզ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում