Պայքարի՛ տարի. Յակոբ Աւետիքեան

  • 31.12.2023
  • 0
  • 221 Views

Ծանր ապրումներով կը փակենք տարին եւ առաւել ծանր մտահոգութիւններով կը դիմաւորենք նորը։ Իրականութեան մէջ տարեթիւներու փոփոխութիւնը պայմանական է մեզի համար, մեր ժողովուրդին համար։ Հրաժեշտ չենք կրնար տալ հինին, որ միշտ մնալու է մեզի հետ, մեր ժողովուրդին պատմութեան մէջ, որպէս Արցախի կորուստի տարի, նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ, օր մը, զայն նորէն կը նուաճենք, եւ արցախահյութիւնը կը վերադառնայ իր առհաւական հողին ու ջուրին։ Անիկա, անցնող այս տարին, պիտի մնայ որպէս դաս մեր յաջորդ սերունդներուն համար, որպէսզի միշտ յիշեն, թէ երբեք կարելի չէ այսպէս ղեկավարել երկիրը, այսքան անպատասխանատու վերաբերիլ հայրենիքին, այսքան անկազմակերպ՝ սեփական 45-55 հազարնոց բանակին հետ, այսքան թեթեւամիտ՝ մեր բարեկամերուն ու թշնամիներուն հետ։

Չենք կրնար նաեւ լիասիրտ եւ անկեղծ ողջունել եկող տարին՝ 2024 թուականը, որ պիտի ըլլայ, կամայ թէ ակամայ, գուցէ նաեւ պարտադիր, նախորդ վրիպումներուն եւ սխալներուն սրբագրումի, դաւաճանութեանց զսպումի ու քիչ կորուստներով պրծնելու աշխատանքի ու պայքարի տարի։

Զիրար խաբելու ո՛չ կարիք կայ, ո՛չ ալ տեղիք։ «Պայքար»ի հաւատարիմ ընթերցողը լաւ գիտէ, որ ռամկավար մամուլը, 150 տարի արդէն, բնաւ կեղծ խանդավառութեամբ եւ անհիմն լաւատեսութեամբ չէ ոգեւորած իր ընթերցողը, անկեղծութիւնն ու իրապաշտութիւնն է եղած մեր սկզբունքը, ինչպէս հիմա։ Ոգեւորիչ շատ քիչ բան կայ այժմու մեր իրականութեան մէջ, ինչ կը վերաբերի Մայր հայրենիքի ներկայ վիճակին։ Շողշողուն լոյսեր, գոյնզգոյն հրավառութիւն, «աննախադէպ» մարդոց առաւել «աննախադէպ» իրագործումներ, ճոխ սեղաններ, ճոռոմ խօսքեր։ Արտաքին շպար ու կեղծ ինքնավստահութիւն։ Ով քիչիկ մը կը հասկնայ քաղաքականութենէն, պիտի հասկնայ նաեւ, որ տակը բան չկայ։

Տակը կայ այն, որ մտածող մարդիկ կը սարսափին «մօտալուտ խաղաղութեան» մասին խոստումներէն։ Խաղաղութիւն Սիւնիքը, Տաւուշը, Գեղարքունիքը, Վայոց Ձորն ու Ջերմուկը տալո՞ւ գնով, Արցախէն ընդմիշտ հրաժարելո՞ւ պայմանով։ Խաղաղութիւն Արցախէն ու մանաւանդ Գիւմրիէին ռուսական ռազմախարիսխը վերացնելո՞ւ միջոցով, ընդդէմ որո՞ւն եւ ի հաճոյս որո՞նց։

Տակը կայ այն, որ առայժմ խուլ պայքար մը սկսած է Հայաստան ապաստանած մեր արցախահայութեան դէմ։ Մինչ բոլորս կ’ակնկալենք ու կը պահանջենք նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը այս օրերուն, մինչեւ Յունուարի 1-ը, յետս կոչէ եւ առ ոչինչ (null and void) համարէ Սեպտեմբեր 28-ի իր բերանացի յայտարարութիւնը Արցախի պետական կառոյցներն ու մարմինները լուծարքի ենթարկելու մասին, որուն իրաւունքը ան չունէր, եւ այդպիսով պահպանելու Արցախի Հանրապետութեան իրաւական գոյութիւնը եւ մօտիկ ապագային պաշտօնապէս յայտարարելու Արցախի վտարանդի կառավարութեան գոյութիւնը, Հայաստանի իշխող վարչախումբը, պետական կերակրամանէն օգտուողներու խաժամուժը, հարազատ մնալով հինէն մնացող յոռի աւանդութեան, կտրուկ դէմ կը կանգնի ու կը մերժէ ինքնակազմակերպման որեւէ իրաւունք տալ ինչպէս ընդդիմադիրներուն, այդպէս ալ արցախահայութեան։ «Միայն մենք իրաւունք ունինք»ի այդ ասպետները, սեփական դիրքն ու դրամը կորսցնելո՞ւ, թէ՞ Իլհամ Ալիեւի դժգոհութիւնը չգրգռելու վախէն մղուած, անողոք պայքար սկսած են արցախահայոց դէմ, սպառնալով զանոնք զրկել պետական նպաստներէն եւ սկսած են հակաարցախահայ մթնոլորտ ստեղծել իրենց լրատվամիջոցներու, յատկապէս Հանրային հեռատեսիլի (Հ1) պաստառներէն։

Ի վերայ այսր ամենայնի, ականջալուր եւ ականատես Հայաստանի մէջ խլրտուող իրադարձութիւններու, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վերջին օրերուն սաստկացուցած են իրենց՝ այսպէս կոչուած պահանջատիրական յայտարարութիւնները ընդդէմ Հայաստանի։ Դեռ մէկ շաբաթ առաջ էր, որ թշնամի երկրին Միլլի մեճլիսը (խորհրդարան) ընդունեցաւ օրէնք կամ որոշում նախկին հայաստանաբնակ ազերիներու Հայաստան վերադառնալու «իրաւունք»ի մասին, մինչ երկու օր առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, «խաղաղութեան պայմանագիրը» տակաւին ոչ ամբողջական նկատելով հանդերձ՝ կրկին կը յիշեցնէր, որ Հայաստանը ոչ աւելի եւ ոչ պակաս՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» է։

Ահա այսպիսի նոր տարի, որ կը խոստանայ ամէն ինչ, բացի խաղաղութենէ եւ ներքին ու արտաքին խժդժութիւններէ։

Ստեղծուած է տպաւորութիւն, թէ տարերային թուող այս աղէտներուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց հայութիւնը, Հայաստան թէ Սփիւռք, ոչինչ կրնան ընել։ Առանց կորսնցնելու իրականութեան զգացողութիւնը կրնանք ըսել՝ Ո՛չ։ Մեր բազմատեսակ ներուժը անուժ չէ՛։ Պարզապէս պէտք է ստեղծել, «Պայքար»ի այս էջերուն բազմիցս գրուած պահանջը՝ համահայկական հարթակ, ուղեղային կեդրոն եւ գործողութիւններու համակարգում։ Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը բազմիցս տուած է օրինակները։ Կարելի է դիմագրաւել հրամայականները, առնուազն զսպել զանոնք։ Ժամանող Նոր տարին նոր կարելիութիւններ կը խոստանայ մեզի, մանաւանդ նկատի ունենալով նախընտրական շրջանը միաժամանակ կարեւորագոյն երեք երկիրներու՝ Մ. Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ։

Մասնակցինք ու մտնենք դաժան պայքարի մէջ՝ վասն հայրենեաց ու մեր ժողովուրդին։

Բարի տարի, պայքարի՛ տարի։

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Յատուկ՝ «ՊԱՅՔԱՐ»ին

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում