Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի գլխաւորած տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հաւաքներուն Հայաստանի իշխանութիւններու բացակայութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ հաստատեց, որ ԱՊՀին, ՀԱՊԿին եւ ԵԱՏՄին անդամակցութիւնը դադրեցնելը ի շահ Հայաստանի չէ՝ աւելցնելով, որ «վերջապէս, այդ մէկը պետութեան ընտրութիւնն է»:
Ան դիտել տուաւ, որ Փաշինեանի «բացակայութիւնները պայմանաւորուած են հայաստանեան գործընթացներուն հետ եւ կապ չունին այդ համարկումի միաւորումներուն հետ աշխատանքը չշարունակելուն»:
«Հայաստանի մէջ Ղարաբաղի հարցով խրթին գործընթացներ տեղի կ՛ունենան: Մենք այդ բոլորը կը հասկնանք, բայց մենք չէ, որ հրաժարեցանք Ղարաբաղէն, այլ Հայաստանն է, որ Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս», նշեց Փութին՝ պնդելով, որ Երեւան իր այդ նախաձեռնութեան մասին նոյնիսկ տեղեակ չէր պահած Մոսկուան: