Ոստիկանութիւնը Երուսաղէմի Հայերէն Պահանջեց Հեռանալ «Կովերու պարտէզ»ի Վիճելի Տարածքէն

  • 17.11.2023
  • 0
  • 157 Views

Երասուղէմի մէջ գործող փաստաբան Տանիէլ Սէյտման «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ մինչ Երուսաղէմի ոստիկանութիւնը Երուսաղէմի հայերէն պահանջեց հեռանալ «Կովերու պարտէզ»ի վիճելի տարածքէն՝ մեղադրելով զանոնք գոյքի իւրացման յանցանքով. հայերը ընդդիմացան:

«Ոստիկանութիւնը կը կատարէ հայկական թաղամասի վերաբնակիչներու հրամանները եւ կը պահանջէ, որ բնակիչները ազատեն տարածքը», գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ 12 Նոյեմբերէն ի վեր հայերու մեծ խումբ մը՝ պատրիարքարանին հետ համագործակցելով, հերթապահութիւն կը կատարէ «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին մէջ եւ՝ ի նշան բողոքի, ինքնաշարժներով եւ պարիսպներով փակած են մուտքի պատը՝ կանխելու տարածքին մէջ հետագայ անօրինական շինարարութիւնը:

Նշենք, որ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան Երուսաղէմի պատրիարքը 99 տարիով հրեայ գործարարի մը վարձու տուած էր «Կովերու պարտէզ»ը: Այս որոշումը մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ երկար պայքարէ ետք կարելի եղաւ չեղարկել գործարքը:

Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պաշտպանութեան եւ պահպանման շարժումը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ին մէջ լարուած իրավիճակ կը տիրէ:

Կը նշուի, որ 15 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30ի շուրջ, հրեայ վերաբնակիչներու ինքնաշարժներու եւ մոթորսիքլեթներու շարասիւնը մտաւ «Կովերու պարտէզ»ը: Անկէ ետք քաղաքի հայ բնակիչները հաւաքուեցան հոն եւ շրջափակեցին պաշտպանուած սահմանագիծը:

Դէպքի վայրը ժամանեցին նաեւ Իսրայէլի ոստիկանութեան ուժերը եւ բանակի ստորաբաժանումները, որմէ ետք վերաբնակիչները ցրուեցան, եւ հոն մնացին քանի մը անձեր:

Նշուեցաւ, որ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 3 սաղիմահայեր, որոնցմէ մէկը անչափահաս է:

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը թոյլատրեց «Կովերու պարտէզ»ին մէջ մնալ քանի մը վերաբնակիչներու, որոնց նպատակը, ըստ հաղորդագրութեան, այդ հատուածը իւրացնելն է: Իբրեւ պատասխան՝ հայ բնակիչները կենդանի վահան կազմեցին եւ խաղաղ կերպով յորդորեցին դատարկել «Կովերու պարտէզ»ի տարածքը:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ: 

Ասպարեզ

Ոստիկանութիւնը Երուսաղէմի Հայերէն Պահանջեց Հեռանալ «Կովերու պարտէզ»ի Վիճելի Տարածքէն – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում