Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի՝ Ուաշինկթընի մէջ կեդրոնատեղին եւ հանդիպումներ ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Մայք Ճանսընի եւ կաթողիկոսը Քոնկրես հրաւիրած ու Քալիֆորնիան ներկայացնող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ: Այս մասին տեղեկացնում է Ասպարեզը։
Հանդիպումներէն ետք, վեհափառը հրաւիրուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան սրահը, ուր, Ճանսընի հրաւէրով, կաթողիկոսը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր աղօթքին մէջ վեհափառը յիշեց, թէ աւելի քան 100,000 հայորդիներ պարտադրաբար հեռացած են իրենց դարաւոր հայրենիքէն՝ Արցախէն:
Յիշեալ աղօթքէն ետք, խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ, որոնց կարգին՝ Ներկայացուցիչներու տան նախորդ խօսնակ Նենսի Փելոսիի:
Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Յայտնենք, որ վեհափառին կ՛ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, յիշեալ երեք թեմերու ազգային վարչութիւններու դիւանները եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Նոյն օրը, երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառի նախագահութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններու՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ Ազգային վարչութիւններու դիւաններու հանդիպումը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։
Հանդիպումին հայրապետը շեշտեց մեր թեմերը վերակենսաւորելու հրամայականը Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրին մէջ։ Ապա, այս ուղղութեամբ ան կատարեց շարք մը մատնանշումներ եւ թելադրեց անհրաժեշտ ծրագրումները կատարել։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջթեմական գործակցութեան, կանոնագրութեան, երիտասարդութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այլ մարզերու վերաբերող հարցեր։
Ասպարեզ