
Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածաշրջանի համաժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին, մասնաւորաբար՝ Արցախի հայերուն:
Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արման Եղոյեան յայտնեց, որ բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի Արցախի հայերուն իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը` խստօրէն դատապարտելով ցեղային զտման բոլոր ձեւերը եւ Արցախի մէջ գտնուող կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:
asbarez.am