Արցախի Պետական Աշխատողները Կը Նկատուին Իրենց Պաշտօնէն Արձակուած՝ Կարգ Մը Բացառութիւններով

  • 23.10.2023
  • 0
  • 249 Views

Նկատի ունենալով 20 Սեպտեմբերէն ետք Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ստորագրեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, 1 Հոկտեմբեր 2023էն սկսեալ, պետական եւ համայնքային հիմնարկներու, պետութեան եւ համայնքներու կողմէ հիմնադրուած, ինչպէս նաեւ անոնց մասնակցութեամբ կազմակերպութիւններու, պետութեան եւ համայնքներու կողմէ ստեղծուած հիմնարկներու աշխատողները կը նկատուին իրենց պաշտօններէն արձակուած՝ բացառութեամբ ղեկավար եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, պատգամաւորներու եւ դատաւորներու:

Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին՝ բացառութիւն կը կազմեն Արցախի նախագահը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, պատգամաւորները, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավարը, դատաւորները, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը, Գլխաւոր դատախազը, պետական նախարարը, նախարարները, նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետը, պետական կառավարման այլ մարմիններու ղեկավարները, Բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահը, ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան պետը եւ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետը, շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարները, համայնքներու ղեկավարները, պետութեան կողմէ հիմնադրուած ընկերութիւններու (բացառութեամբ պետական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու) եւ հիմնադրամներու ղեկավարները, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմքերով՝ առանց վարձատրութեան:

«Հրամանագրով սահմանւում է, որ 2023 թուականի Հոկտեմբերի 1ից յետոյ Արցախի Հանրապետութեան անունից տրուող փաստաթղթերը վաւերական են», փոխանցեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:

ՎԵՐՑՈՒԵՑԱՆ ԲՌՆԱԳԱՆՁՈՒՄՆԵՐՈՎ ԳՈՅՔԻ ԵՒ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԻՐԱՐԿՈՒԱԾ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 19 Հոկտեմբերին ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Արցախի գլխաւոր հարկադիր կատարողին կողմէ նոյն օրը որոշում տրուեցաւ վերցուած նկատելու պետական եւ համայնքային պիւտճէներու, պետական եւ համայնքային ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու, պետութեան եւ համայնքներու կողմէ ստեղծուած հիմնադրամներու օգտին բռնագանձումներով պարտապանի գոյքի եւ դրամական միջոցներու նկատմամբ կիրարկուած արգելանքները:

Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին՝ հրամանագիրով նոյն ժամանակ սահմանուած է, որ վերոնշեալ կառոյցներու օգտին այս տարուան 20 Սեպտեմբերէն ետք բռնագանձուած գումարները ենթակայ են վերադարձման մինչեւ 1 Յունուար 2024:

19-20 Սեպտեմբերին, Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կատարած ռազմական գործողութենէն ետք, ըստ վերջին տուեալներուն, 100,652 արցախցիներ հեռացած եւ գացած են Հայաստան, իսկ Արցախի մէջ, ըստ կարգ մը տուեալներու, մէկ-երկու տասնեակ հայեր մնացած են:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում