Քերոլայն Քոքս Վտանգաւոր Նկատեց Արցախի Վիճակը՝ Դատապարտելով Միջազգային Ընտանիքի Անգործութիւնը

  • 16.09.2023
  • 0
  • 32 Views

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակուելուն պատճառով, Արցախէն ստացուող տեղեկութիւնները մտահոգիչ են եւ տագնապալի: Ան յայտնեց, որ օր մը առաջ, իր գործընկերոջ հետ րրենք այցելեցին Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքը, հանդիպում ունեցան հայ զինուորականներու հետ, որոնք նոր վերադարձած էին սահմանագիծէն եւ իրենց աչքերով տեսած այն վայրերը, ուր դիրքաւորուած են Հայաստանի տարածքը ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումները:

Քոքս դիտել տուաւ, որ 30 տարիներ առաջ, իր գործընկերոջ հետ գրած էին զեկոյց մը, թէ այդ օրերուն ի՛նչ տեղի կ՛ունենար Արցախի մէջ, իսկ այսօր՝ 30 տարիներ ետք, դժբախտաբար, իրավիճակը չէ բարելաւուած այդ հողատարածքին վրայ։

«Զիս միշտ կ՛ապշեցնէ այն միաձայնութիւնը, որմով դուք կը կիսէք ընդհանուր նպատակ մը՝ ապրիլ խաղաղ, արժանապատիւ եւ ապահով ձեր իսկ սեփական հողին վրայ: Այդ բաղձանքը կը շարունակէ լեցնել իմ սիրտը: Կը յիշենք Ղարաբաղի առաջին պատերազմի սարսափները. ես հոն եղած եմ անձամբ եւ տեսած Ատրպէյճանի կողմէ ձեր ժողովուրդին հասցուած հսկայական տառապանքը: Անձամբ ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի կողմէ օրական 400 «կրատ»ներ կ՛արձակուէին Ստեփանակերտի վրայ, տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս 500 քիլոկրամ ծանրութեան ռումբ կ՛իյնար քաղաքացիական տուներուն վրայ: Մեծ ցաւով կը յիշեմ, երբ արցախցիները օգնութիւն հայցեցին, աշխարհին կանչեցին, աշխարհը նախընտրեց չլսել: Շատ ազգեր իրենց ականջները փակեցին, այդպիսով ալ աւելիով սատարեցին մեղաւորներուն` անպատիժ կերպով շարունակելու իրենց բռնութիւնները եւ սպանութիւնները», յայտնեց Քոքս:

Հայ ժողովրդին համար այս վճռորոշ  պահուն, Քոքս յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ամբողջ աշխարհի հայերը կը շարունակեն պայքարը յանուն Արցախի` իբրեւ միասնութեան խորհրդանիշ: «Ես եւ շատեր կը հաւատանք, որ հայերը պիտի կարենան քաջութեամբ, տոկունութեամբ յաղթահարել ներկայի տառապանքները, որպէսզի բազմաչարչար հայ ժողովուրդը շարունակէ ապրիլ խաղաղ եւ արժանապատիւ իր պատմական հողերուն վրայ», շեշտեց Քոքս:

Ան աւելցուց, որ վշտացած է քայլերէն միջազգային գերտէրութիւններու, որոնք կը շարունակեն ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ՝ ընդունելու Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը Արցախի նկատմամբ:

«Արցախի բնիկ, հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը կանգնած է իր պատմական հողին վրայ ցեղային եւ կրօնական զտումներու դէմ յանդիման։ Այս իրավիճակը հետզհետէ կը սրի: Մինչեւ օրս որեւէ ազգ կամ միջազգային կազմակերպութիւն չէ արձագանգած հայ ժողովուրդի աղաղակներուն` ո՛չ ՄԱԿը, ո՛չ ԵԱՀԿը, ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ՆԱԹՕն, ո՛չ ՀԱՊԿն եւ ո՛չ ալ Ռուսիան: Ոչ մէկ ժողովուրդ դիմադրած է Ստեփանակերտի նկատմամբ Պաքուի տարածքային յաւակնութիւններուն:

«Հարց կը ծագի, որ միջազգային հանրութենէն ո՞վ դէմ պիտի կանգնի, եթէ Պաքու տարածքային յաւակնութիւներ ունենայ Երեւանի, Սեւանի կամ Զանգեզուրի նկատմամբ: Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւնը չի թաքցներ իր ռազմավարական նպատակը, այն է` գրաւել ձեր հայրենիքը», դիտել տուաւ Քոքս:

 Ան նշեց, թէ Ստեփանակերտի «Լէյտի Քոքսի վերականգնողական կենտրոն»ի հինադիր Վարդան Թադեւոսեան երկու օր առաջ իրեն ըսաւ հետեւեալը. «Սննդի պաշարները վերջանում են, մէկ ձուի արժէքը հիմա 800 դրամ է: Յոգնել ենք նման պայմաններում ապրելուց, հոգեկան հիւանդ ենք դարձել, կարծես բանտում լինենք` չիմանալով, թէ որքան ժամանակ պէտք է մնանք այստեղ»:

Պարոնուհին ասուլիսին ընթացքին մէջբերեց Հայաստանի մէջ գտնուող արցախցիներէն մէկուն` իրեն փոխանցած խօսքերը. «Ամէն օր տեսնում եմ տատիկիս` հացի հերթում կանգնած նկարները, նա ամէն օր հերթից ձեռնունայն է տուն վերադառնում: Եղբայրս ալերգիա (զգայնութիւն) ունի, քոյրս` շաքարային դիաբետ, բայց դեղորայք չեն կարողանում ձեռք բերել: Սիրտս կտոր-կտոր է լինում, միակ բանը, որ ուզում եմ` շրջափակումը վերջանայ, որ կարողանանք միասին լինել»:

Ըստ Քոքսի՝ խաղաղութեան պայմանագիրի եւ առեւտրական համաձայնագիրի դիմաց Արցախի ժողովուրդէն կ՛ակնկալուի հրաժարիլ իր ինքնորոշման իրաւունքէն։ Ան վստահ է, որ այդպիսով առաւել քան 120,000 բնիկ հայեր կը դառնան հակահայկական բռնատէր պետութեան քաղաքացի` անոնք ստիպուած պիտի ըլլան զիջիլ իրենց ազատութիւնն ու սեփական հողի նկատմամբ վերահսկողութիւնը:

«Առանց հայկական Արցախի, Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ալ աւելիով կը վտանգուի, քան վտանգուած է այսօր», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով. «Յայտնի է, որ ալիեւներու ընտանիքի վարչակարգը մարդու իրաւունքներու խախտման տխրահռչակ պատմութիւն ունի, որոնց կարգին՝ ինքնին Ատրպէյճանի բնակչութեան նկատմամբ: Անոնք գործադրեն լայնածաւալ ճնշումներ մարդոց նկատմամբ` զրկելով զանոնք ազատութենէ, կը կատարեն անօրինական միջամտութիւններ, նոյնիսկ՝ անձնական կեանքի, կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը եւ խաղաղ հաւաքներու իրաւունքը»:

Քոքս նշեց, թէ յուսախաբ է, որ Մեծն Բրիտանիա ոչինչ կ՛ընէ Հայաստանին  եւ Արցախին աջակցելու ու Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար: «Ես այդ մասին անընդհատ կը խօսիմ Լորտերու պալատին մէջ: Ես պիտի շարունակեմ այդ բոլոր հարցերը բարձրացնել Մեծն Բրիտանիոյ մէջ» նշեց ան:

Քոքս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի կացութիւնը՝ նշելով, որ ան մեկուսացուած է եւ զուրկ միջազգային ազդու աջակցութենէ, նկատելի են գործընթացներ, որոնք կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ Հայաստանի համար:

«Նոյնիսկ ձեր ամէնէն մտերիմ դաշնակիցները չեն արձագանգեր ձեր ժողովուրդին հասցուած տառապանքներուն: Մենք ծանր սիրտով պէտք է ըսենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հաւանաբար, չէ աւարտած: Կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն Ցեղասպանութիւնը աւարտին հասցնել: Եւ կան մարդիկ, որոնք չեն կրնար կամ չեն ուզեր դադրեցնել զայն։  Միանշանակ կարելի է, որ այն, ինչը կը կատարուի Արցախի նկատմամբ, որոշ ժամանակ ետք կատարուի նաեւ Հայաստանի նկատմամբ: Եթէ պայմանագիրի ստորագրման իբրեւ արդիւնք, որուն շուրջ կը բանակցին Հայաստան եւ Ատրպէյճան, Արցախը յանձնուի, այդ փաստաթուղթը մնայուն խաղաղութիւն պիտի չերաշխաւորէ: Ալիեւ Հայաստանը կը ճանչնայ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: Ատրպէյճանի բանակը ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը: Ընդ որում, Ատրպէյճանի յանցագործութիւնները եւ վայրագութիւնները կը մնան անպատիժ», ըսաւ Քոքս։

Յայտնենք, որ 14 Սեպտեմբերին, ան այցելեց Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն՝ Լաչինի միջանցքին սկզբնամասը, ուր արդէն շուրջ երկու ամիսէ ի վեր կանգ առած՝ կը սպասեն արցախահայութեան համար անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներով լեցուն բեռնատարները, որոնց Արցախ մուտքին արգելք կը հանդիսանայ Ատրպէյճան:

 «Ասիկա շատ տխուր եւ միաժամանակ շատ վտանգաւոր վայր մըն է… Ասիկա նորօրեայ ողբերգութիւն է», յայտնեց Քոքս։

–Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում