Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութիւններ՝ Հայաստանի Մէջ. Մոսկուա Մտահոգ Է

  • 08.09.2023
  • 0
  • 246 Views

Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ ընթացք պիտի առնեն հայ-ամերիկեան միացեալ զօրավարժութիւնները` «Արծիւ գործընկեր 2023» նշանաբանով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ անոնք տեղի պիտի ունենան նախարարութեան խաղաղապահ ջոկատի «Զառ» ուսումնական կեդրոնին եւ N ուսումնական կեդրոնին մէջ` միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցութեան նախապատրաստուելու ծիրին մէջ:

Զօրավարժութիւնը կ՛ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերուն միջեւ կայունացման գործողութիւններ:

«Զօրավարժութեան նպատակն է՝ բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնների մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւնների շրջանակում, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը ՆԱՏՕ/ Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան «Օպերատիւ կարողութիւնների հայեցակարգի պլանային գնահատման համար», կ’ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի՝ զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակիցին 85 ամերիկացի եւ 175 հայաստանցի զինուորականներ։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին՝ ամերիկացի զինուորականներու կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Կանզասի ազգային ջոկատը, որ արդէն 20 տարիէ ի վեր կը համագործակցի Հայաստանի հետ: Զօրավարժութիւններուն ընթացքին ամերիկացի զինուորականները պիտի օգտագործեն զանազան հրաձիգներ եւ ռազմական ծանր սարքեր պիտի չկիրարկեն:

ՓԵՍՔՈՎ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

«Միացեալ Նահանգներու հետ զօրավարժութիւններ կատարելու՝ Հայաստանի մտադրութիւնը մտահոգիչ է», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով հայ-ամերիկեան միացեալ զօրավարժութիւններ կատարելու մասին տեղեկատուութիւնը:

«Այսպիսի լուրեր մտահոգութիւն կը պատճառեն` յատկապէս ներկայ իրավիճակին մէջ: Մենք խորութեամբ կը վերլուծենք այդ տեղեկութիւնները», յայտարարեց ան:

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՕՏԱՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

6 Սեպտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճեպազրոյց մը Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:

Նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ռազմական կցորդներուն ներկայացուց վերջին օրերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակը, պատասխանեց մասնակցողները հետաքրքրող հարցումներուն։

Նշուեցաւ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը իրենց պարտականութիւններու ծիրին մէջ կը ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն` իրավիճակի հետագայ մագլցում թոյլ չտալու համար:

https://asbarez.am/

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում