
Միացեալ Նահանգներու Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները միացեալ նամակ են յղեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ նախազգուշացնելով, որ «Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ գտնուիլը Արցախի համար մահուան դատավճիռ» պիտի հանդիսանայ, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
«Մենք՝ հայկական ծագում ունեցող ամերիկացի քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդներս, կոչ կ՛ընենք ձեզի՝ վճռականօրէն կանգնիլ Արցախի քրիստոնեայ հայերը Ատրպէյճանի լուծին տակ դնելու որեւէ փորձի դէմ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճան բացայայտօրէն յանձնառու է հայերու հայրենիքի այս հնագոյն հատուածին բնիկ բնակչութեան ցեղային զտման: Որեւէ կարգաւորում, որ բռնապետական Ատրպէյճանին ենթարկայ կը դարձնէ ժողովրդավարական Արցախի վտանգուած քաղաքացիները, մահապատիժ է այս սուրբ հողի հայերուն համար, որ 120,000 տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու եւ, ի հարկէ, անթիւ սրբավայրերու հայրենիքն է», գրուած է նամակին մէջ:
Նամակի հեղինակները նաեւ կոչ կ՛ընեն կասեցնել Ատրպէյճանին ռազմական օգնութեան տրամադրումը եւ կ՛ընդգծեն, որ ամերիկացիները երբեք պէտք չէ մեղսակից ըլլան ցեղասպանական բռնութիւններու: Անոնք նաեւ յոյս կը յայտնեն, որ Ուաշինկթըն յառաջ կը մղէ ժողովրդավարական խաղաղութեան հաստատումը, որպէսզի յարգուի քրիստոնէութեան բնօրրաններէն մէկը հանդիսացող Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
Նամակին տակ ստորագրած են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Պարսամեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան: