Հայաստան Կրկին Դիմեց Միջազգային Դատարանին` Լաչինի Միջանցքի Անցակէտին Հարցով

  • 23.05.2023
  • 0
  • 413 Views

Հայաստան երկրորդ անգամն ըլլալով դիմեց միջազգային դատարան` Լաչինի միջանցքին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտ տեղադրելու հարցով: Այս մասին յայտնեց միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան:

Ըստ անոր՝ Երեւան կ՛ակնկալէ, որ ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Պաքուի նկատմամբ կիրարկէ ժամանակաւոր միջոց` պահանջելով անարգել տեղաշարժ Լաչինի միջանցքով, մինչեւ հայցի վերաբերեալ վերջնական որոշման կայացումը:

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը նաեւ հարց բարձրացուց, որ Պաքու ոչ միայն չ՛ենթարկուիր ՄԱԿի դատարանի միջանկեալ որոշումներուն, այլ նաեւ կ՛անտեսէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռները:

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Ատրպէյճանէն կը պահանջէ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու, Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, երթեւեկային հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անխափան տեղաշարժը ապահովելու համար:

– Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում