Հրամայական անհրաժեշտութիւն է, ամէն մէկ հայու խղճի պարտքն է յարգանքի տուրք մատուցելու իր ազգի՝ 1915 թուի Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր ժամանակներու բիւրաւոր նահատակներու կտակի յիշատակին։ Աշխարհի բովանդակ տարածքին ապրող սփիւռքահայութեան համար մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակութեան դրսեւորումը կ՛արտայայտուի բազմազան ընկալումներով, ձեւերով, հնարաւորութիւններով եւ միջոցառումներով։ Ինչպէս նախորդ տասնամեակներուն այս տարի ալ հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի բազմապիսի ձեռնարկները ընթացք առին Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ։ Յատկանշական էր Լեհաստանի կեդրոնը գտնուող Լուճ քաղաքի մօտաւորապէս երեք հազար հայորդիներ հաշուող համայնքին համար 108-րդ տարելիցի ոգեկոչումը։ Աւանդական աղօթքներու հոգեհանգստեան պաշտօնի, Լուճի 10.նոյեմբեր.2013 թուին հիմնադրուած խաչքարի մօտ մոմավառութեան եւ ծաղիկներու զետեղումէն ետք կիրակի Ապրիլի 23-ին Լուճի՝ Թէմբլում համերգային դահլիճին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 108-րդ ամեակի յիշատակին նուիրուած հայ երաժշտութեան եւ ասմունքի միջոցառումը: Հայ երգն ու երաժշտութիւնը հայ բանաստեղծութեան կամարող այս ձեռնարկը ունկնդրելու այն քիչ բախտաւորներէն էի։
Բացման խօսքէն ետք Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեանը իր խօսքը փոխանցեց, ապա լեհերէնով օրուայ խորհուրդին անդրադարձաւ Լուճի մէջ ՀՀ պատւոյ հիւպատոս Ռաֆալ Խոման, հիւրաբար ներկայ էր լեհահայոց հոգեւոր հովիւ Տարոն Վրդ․ Ղուլիկեանը եւ պատկարելի թիւով հայրենակիցներ: «Կռունկ Հայոց» ծրագրով ելոյթ ունեցան վարշաւայէն ամրակուռ ձայնով եւ ճոխ երգերով պարիթոն Հատրութցի Սար Սարգսեանը, Լուճէն դաշնակահար Եագուպ Չեխի ընկերակցութեամբ։ Վրոցլաւ քաղաքէն յատուկ հրաւէրով ժամանած էին եւ շքեղ երգացանկով ելոյթ ունեցան՝ ներկայիս Հայաստան բնակող նախկին հալէպահայ եւ հոգեզմայլ ձայնով Արամ Ճապաղջուրեանը, իր հետ կիթառի վրայ կ՛ընկերակցէր նախկին հալէպահայ Արամ Սայեղը իր հոգեզուարճ երգ ու նուագով։ Հարազատ էր Անրի Մուրատեանի կիթառի մասնակցութիւնը Քրաքովէն։
Կարելի չեր ապրիլեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն մասնակցիլ, բայց կը հաւատամ, որ որակեալ ուժերով եւ նահատակութեան պատգամով Լուճի ներկայացուած յայտագիրը, իր յատուկ հայկական հնչեղութիւնն ու հմայքը ունէր, առինքնող էր ու տպաւորիչ։ Ներկայացուած օրուայ խօսքերը, հանձնառու հայ արուեստագէտները, ասմունքող պատանիները բոլոր ներկաներուն հոգիներու ծալքերը հայ ազգային ինքնութեամբ դրոշմեցին, գեղարուեստական իրենց խայտացնող եւ պարկեշտ կատարումներով, պարգեւելով՝ անմոռանալի, տպաւորիչ եւ հայաբոյր պահեր ։
Խրախուսիչ ներգործութիւն մը ունէին տարիներէ ի վեր արգասաւոր իր գործնէութեամբ Լուճի հայկական մշակութային «Նայիրի» կեդրոնի սաներու ասմունքները: Այդ ասմունքները արգասիքն էին երրորդ տարին ըլլալով Լեհաստանի մէջ իբրեւ եզակի երեւոյթ «Վերածնունդ» համալեհական մանկական ասմունքի մրցոյթի մրցակիցներու մասնակցութեան։ Այս մրցոյթը տեղի կ՛ունենայ Լեհաստանի ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեանի եւ Լուճի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Ռաֆալ Խոմայի հովանաւորութեամբ։
Սփիւռքի մէջ հետաքրքրական ծրագիր է «Վերածնունդ» մանկական ասմունքի մրցոյթին երեւոյթը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան՝ ապրիլի 24-ին։ Ասմունքի թեման է՝ ցեղասպանութենէն Վերածնուած «Հայաստան»ը։ Մրցոյթի մրցակիցներն են 6-16 տարեկան երկու խումբերու երեխաներն ու պատանիները։ Մասնակից մրցակիցները համապատասխան ասմունքի նկարահանուած կատարումը նախապէս պատրաւոր էին ուղղարկել «Նայիրի» կեդրոնի տնօրինութեան յիշելով ասմունքի հեղինակն ու անունը, տարիքը, ազգանունն ու բնակութեան վայրը։ «Նայիրի» կեդրոնի կողմէ կազմակերպուած, Լեհաստանի մէջ հայ գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան հմուտ եւ երեւելի անհատներէ կազմուած եւ նախօրօք նշանակուած դատական կազմի քննարկումներէ ետք ապրիլի 24-ին պիտի որոշուէր յաղթողներուն անուանացանկը ըստ երկու տարիքային խումբերու բաժանումին։ Բնական է, որ ասմունքի նման մրցոյթի մը հեռավար բնոյթը իր օգտաշատ կարելիութեամբ հնարաւորութիւն պիտի տար հայ պատանիներուն, Լեհաստանի զանազան հեռաւոր շրջաններէ իրենց մասնակցութիւնը բեռելու այս մրցանքին։ Երեք տարիներու ընթացքին առաջնութիւնը գրաւողներու անունները եւ բնակութեան քաղաքը կարելի է յիշել, 2021 թուականին՝ Ալլա Խուրշուտեան (Զկոժելեց) եւ Էվելինա Եսայեան (Վարշաւա), 2022 թուականին՝ Իզա Էրոեանց (Վարշաւա) եւ Արտաշես Պետրոսեան (Զգյեժ), 2023 թուականին՝ Նարէ Սաքէեան (Կտանսք) եւ Անի Անտոնեան (Կտանսք):
Արժանի է անդրադառնալ ոչ միայն այս մրցոյթըի ձեռնարկող, կազմակերպող այլ նաեւ «Նայիրի» կեդրոնի եւ միօրեայ հայ դպրոցի ձեռնհաս տնօրինուհի Տիկ․ Նունէ Հովհաննիսեանի կրթական առաքելութեան, որ անհատապէս կը ղեկավարէ այդ պատասխանատուութիւնը։ 1994 թուականէն Նունէն իր ընտանիքի հետ Լեհաստան հաստատուած է։ Արցախցի մօր եւ Սիսեանցի հօր հայեցի կրթութեամբ եւ մանաւանդ Երեւանի Պետական Բոլիթեխնիքայի գիտական մասնագիտութեամբ, Լուճի մէջ «Նայիրի» կեդրոնը նուիրումով կը ղեկավարէ 2020 թուականէն ի վեր։ Նունէն մեծ սիրով ընդունած է արտահերթ առիթը մը երբ 2019 թուականին Լուճի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս լեհ Ռաֆալ Խոման հայկական կրթօճախ ստեղծելու հայանպաստ առաջարկը ներկայացուցած է, Նունէն զայն համարած է հայ ազգին, մշակոյթին եւ մանաւանդ հայրենիքի համար պատուաբեր կոչում մը։ Այսօր հայկական այդ համեստ օճախը, միօրեայ դպրոցը ունի 20 աշակերտ՝ երեք տարիքային խումբերու բաժնուած եւ կը գործէ Լուճի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութեան համեստ տարածքին մէջ։
Նայիրի կեդրոնը հեղինակ է տարբեր մշակութային նախաձեռնութիւններու, հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան կողքին, կը կատարուին նաեւ երեխաներու ուսուցման եւ զարգացման խաղեր, ճամբորդութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ։ Տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող հայ անհատներու, երաժիշտներու, քաղաքական գործիչներու, մարզիկներու հետ հանդիպումներ, զրոյցներ ինչպէս՝ Յակոբ Հարութիւնեանի հետ, որ յաջողած է Արարատ լեռան գագաթը բարձրանալ։ Տպաւորիչ էին թէ անոր պատումները Արարատ լեռան մասին եւ թէ անոր ցուցադրած ֆիլմը։ «Նայիրի» կեդրոնը ծնողներու համար կը կազմակերպէ յատկանշական հայադրօշմ հանդիսութիւններ օրինակ՝ «Մայրենի լեզուի օր», «Այբենարանի աւարտ», «Հայ Մայրերու տօն» եւլն։
Օրինակելի նախաձեռնութիւն է 2020 թուականի դեկտեմբերի առաջին կիրակիէն սկսեալ եւ ամէն տարի կրկնուող «Նայիրի» կեդրոնի կազմակերպած բարեգործական տօնավաճառները։ Լուճի Հիւպատոսարանի փոքրիկ տարածքին մէջ, կեդրոնի սաներն ու անոնց ծնողները իրենց ձեռային աշխատանքով պատրաստուած իրերը, յուշանուէրները, նկարները կը վաճառեն եւ հաւաքուած գումարը կը տրամադրեն հայրենիքի մէջ հայաշէն ծրագիրներու։ 2020 թուականին գումարը տրամադրուած էր հայ-ազերիական պատերազմի պատճառով հաշմանդամ դարձած երկու զինուորներու՝ Դաւիթ Օտիպեանի եւ Էրիք Գասպարեանի բուժման համար։ 2021 թուականի գումարը նուիրուած էր Սիւնիքի մարզի Սիսեանի շրջանի Նժդեհ գիւղի դպրոցի երկու դասասենեակներ վերանորոգելու նպատակին։ 2022 թուի տօնավաճառի հասոյթը նուիրուած էր Տաունի համախտանիշներով երեխաներու «Արեւ-Երեխաներ» կազմակերպութեան։
Մեր հանդիպման ընթացքին համոզիչ էր Նունէի ներշնչող եւ հաստատակամ արտայայտութիւնը՝ «Մեր հաջողությունները հայ երեխաներին տառաճանաչ դարձնելու եւ նրանց հայ ժողովրդի պատմությանը ու մշակույթին ավելի մոտեցնելու, Հայաստանի հետ կապելու հարցում օր-օրի նկատելի են, բայց դեռ շատ անելիքներ կան»։
Այսօր սփիւռքի նորափթիթ համայնքներու մեր գոյավիճակի իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւրիս մտասեւեռումն է մեր ազգի ապագան, մեր յաջորդ սերունդի լուսայոյս վաղը։ Նոյնպէս ճշմարտութիւն է նաեւ որ սփիւռքի մեր բազմաշերտ եւ բազմախուռն պարունակի կառոյցին մէջ կարեւորագոյն բաղադրիչները դառնան մեր՝ ինքնութեան, մշակոյթի եւ մանաւանդ հայերէն լեզուի արժանավայել փոխանցումը յաջորդող սերունդներուն, մեր ժառանգորդներուն։ Այս անխաթար փոխանցումը կարելի է իրագործել միայն միասնական, միահամուռ Հայրենիք – սփիւռք առողջ հիմքերու վրայ հաստատուած ծրագիրներու համագործակցութեամբ։
Մտածումներու այս պրիսմակի զուգահեռներով կը մնայ միայն անսպառ կամք ու մշտաբուխ եռանդ մաղթել Լեհաստանի մէջ նորաբողբոջ միօրեայ հայ դպրոցի եւ հայ մշակոյթի «Նայիրի» կեդրոնին եւ նմանօրինակ հայախնամ եւ նորածաղկ կեդրոններուն։ Նման ազգաշէն կառոյցներուն ու հայ ազգի ծաղկումին ծառայող նուիրեալներուն դիմաց «դեռ շատ անելիքներ կան»։ Ուստի, կանաչ ճանապարհ ու բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք, հայ դպրոցի նկատմամբ եւ Մեսրոպաշունչ մշակներու նուիրումին հանդէպ կը մնանք միշտ պատրաստակամ եւ մեր սրտերը ընդմիշտ երախտագէտ։
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
orer.eu