Մեր հայախօսության հարցը. Սարգիս Ատամ

  • 21.05.2023
  • 0
  • 56 Views

1975 ին  որպէս բժիշկ ,մասնագիտութեան աշխատանքի  համար դեռ նոր Գերմանիա հաստատուած էի , ողբացեալ հօրս եւ իմ միջեւ ապրեցայ դէպք մը ,որ անջնջելի կը մնայ իմ յիշողութեանս մէջ:

Վերջին շրջաններուն, ի մասնաւորին հայ վարժարաններէն շրջանաւարտ  մեր երիտասարդներուն  դիմատետրի եւ կամ այլ  ընկերային ցանցի կայքէջերու վրայ,ոչ հայերէն եւ կամ լատինատառ հայերէն լեզու գործածելու արագ  աճումը զիս մխրճեց զգացումներու այնպիսի հոսանքի մը մէջ, որ ես դարձեալ վերյիշեցի այդ դէպքը:

Գերմանիոյ մէջ իմ կեցութեանս առաջին տարիներն էին: Կարօտը սիրտս կ՛այրէր: Կարօտս փարատելու համար ամէն օր Թրքերէն  նամակներ կը գրէի ծնողքիս ու կնոջս,այդ ատեններ այսօրուայ համացանցային հնարաւորութիւնները դեռ չէր գործածուէր: Հայրս նամակներուս չէր պատասխանէր: Կը խորհէի թէ, ան չէր գրեր անոր համար որ վստահ էր թէ ամէն ինչ բնականոն կ՛ընթանայ իմ մօտ: Սակայն միւս կողմէ ալ հօրս այդ վերաբերումը շատ կը յուզէր ու  կը նեզեր զիս: Այսպէս անցաւ տարի մը: Տարի մը ետք, երբ արձակուրդի համար Պոլիս եկայ եւ համարձակութիւնն ունեցայ  հօրս հարցնելու թէ ինչու՞ , ան մէկ անգամ իսկ պատասխան նամակ չուղարկեց ինծի: Հայրս խէթ հայեցոքով ու խիստ բարկացած ՛ պատասխանեց. «Ես քեզ Մխիթարեան վարժարան ղրկեցի, որպէսզի Թրքերէ՞ն  լեզուով նամակներ  գրես  ինծի: Նամակներուդ չպատասխանեցի, որովհետեւ նամակներդ Թրքերէնով գրուած էին: Երբ սկսիս հայերէն լեզուով հայատար գրել, այն ատեն պատասխան կ՛ստանաս»: Այս խօսքերը ապտակի մը նման իջան երեսիս վրայ : Այդ օրէն ետք,միշտ հայերէն լեզուով նամակներ գրեցի հօրս: Բազմաթիւ ուղղագրական սխալներ կ՛ընէի,հայրս կը սրբագրէր զանոնք եւ նոյն նամակս ետ կ՛ուղարկէր ինծի, որպէսզի տեսնեմ իմ սխալները եւ դարձեալ չկրկնեմ: Միշտ խրատական  նամակներ կը գրէր ինծի ըսելով. «Տղաս՛,Գերմանիոյ մէջ հայկական վարժարան չկայ,զաւակներուդ անպայման հայերէն սորվեցուր, այն ինչ որ ժառանգեցիր ծնողներէդ ,գոնէ մասամբ անոնց փոխանցէ: Մի՛ մոռնար ազգդ,մայրդ,մայրենի լեզուդ ու կրօնքդ»:

Անոնք ,որոնք կ՛ըսեն թէ  «Հայերէնը  ինչի՞ կը ծառայէ, թող Թրքերէն  եւ այլ օտար լեզու սորվի, որպէսզի աւելի դիւրին շահի կեանքի պայքարը և կամ   որեւէ համալսարանի մտից քննութիւնը» հոս կ՛ուզեմ  պատասխանել անցեալի երկու դրուագներով:

Ողբաեցեալ  աներս,հակառակ որ Կեսարիոյ մէջ բարգաւաճ դիրքք մը ունէր , միմիայն իր զաւակներուն  հայերէն սորվեցնելու համար  60 ական թուականներուն գաղթէր է Պոլիս, Կեսարիոյ մէջ ձգելով ամէն բան: Գաղթէր է, որպէսզի իր երկու աղջիկ զաւակները հայկական վարժարանի մէջ ուսում ստանան: Երկուքն ալ շրջանաւարտ եղան Էսաեան վարժարանէն: Անոնցմէ մէկը  իմ կողակիցս է, աւարտած է Իսթանպուլի Ատամնաբուժական Ֆաքիւլթէն եւ մինջեւ 2019 թուական  որպէս մասնագէտ ատամնաբուժ իր գործունէութիւնը  շարուանակեց մեծ յաջողութիւնով Գերմանիոյ մէջ:

Մենք ,մեր աշակերտութեան շրջանին ,Մխիթարեան վարժարանի մէջ ,բացի պարտադիր  դասերէն (Թրքերէն, Պատմութիւն, Հայրենագիտութիւն, Աշխարհագրութիւն) մնացեալ բոլոր դասերը հայերէն լեզուով կը սորվէինք: Մեր դասարանի 21 աշակերդներէն 15 աշակերտներ  շահեցան 1963-1964 տարեշրջանին Թուրքիոյ Պետական Համալսարններու  մուտքի քննութիւնները, որոնցմէ 6 ը Պոլսոյ Պետական Բժշկութեան Ֆաքիւլէթէ, 4 ը Պոլսոյ Թէքնիք Համալսարանի  Ճարտարապետութեան Ֆաքիւլթէ , 2 ը Պոլսոյ Համալսարանի Հոգեբանութեան Ֆաքիւլէթէ  եւ 3 աշակերտներէն  մէկը Բարձր Մաթէմաթիք (Չաբագիտութիւն), 1ը Արեւտրականութեան, իսկ 1 ն ալ Հաղորդակցութեան  Ֆաքիւլթէ բարձրագոյն  ուսում ստանալու  իրաւունքը շահեցան :  

Դասընկերներուս մեծամասնութիւնը ,որոնք Եւրոպայի ,Ամերկայի եւ Թուրքիոյ զանազան բնագաւառներէ ներս  գնահատելի դիրքերու  տիրացած են, շրջանաւարտ եղած են  հայկական վարժարաններէ:

Անշուշտ, անձ մը իր բնակած երկրի պետական լեզուն լաւ պէտք է գիտնայ, որպէսզի ընդունելութիւն գտնէ հոն, կարգ մը դիւրութիւններ ունենայ,երբեք ,մայրենի լեզուն իրէն  վնաս չի բերեր ,ընդհակառակը մայրենի լեզուն  իրեն  առաւելութիւն կու տայ :

Ըստ իս, «Հայերէն պիտի սորվի ,ինչի՞ պիտի ծառայէ» ըսելը  պատրուակ մըն է,որ իրականութեան մէջ ուրիշ բան չէ ,եթէ ոչ փափաքի, կամքի, ինքնգիտակցութեան եւ մայրենի լեզուի նկատմանբ սիրոյ պակաս  ու անտարբերութիւն մը:

Կան հայեր,որոնք,իրենց զաւակները ապագայի  պատրաստելու ատեն ,աւելորդ ու աննպաստ կը նկատեն մայրենի լեզուն եւ կարծէս թէ, անոնց ապագայի հետ խաղալ չեն ուզեր: Սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք  իրենց զաւակներուն մայրենի լեզուն սորվեցնելը կը նկատեն ամէնէն սրբազան պարտականութիւնը:

Անտարակոյս ,բոլոր հայերն ալ մեծ զոհողութիւն կ՛ընեն իրենց զաւակներուն համար, լաւ ապագայ կերտել կը ջանան ,սակայն ոմանք կը փափաքին բարոյական ու տոհմիկ արժէքներէն վեր դասել նիւթական արժէքներն  ու աչք շլացնող նպաստները , իսկ  ոմանք  ալ  կը ջանան վեր  պահել   բարոյական,տոհմիկ  ու մշակոյթային  ազգային արժէքները ու գանձերը:  Ահաւասիկ  դարաշրջանիս յատուկ հասկացողութեան, ողջամտութեան, ազգասիրութեան, գաղափարապաշտութեան հոսանքը:

Ըստ իս ,եթէ չկարենանք իրարմէ զանազանել նիւթական, բարոյական ու տոհմիկ արժէքները, թերեւս ոչ՛ միայն պիտի հանենք մեր գլխարկները ու երկար ու երկար պիտի մտածենք ,այլ նաեւ մեր գլխուն մազերը պիտի փետենք:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Գերմանիա

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում