ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը յաջողութեամբ հիւրընկալեց «2023ի Հայկական միջազգային Սփիւռքը. Միտքերու եւ գործնականացման համադրում» խորագիրով համաժողովը: Այս մասին հայտնում է Ասպարեզը։
Համաժողովը տեղի ունեցաւ 29 Ապրիլին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» հիւրանոցին սրահին մէջ, համախմբելով աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական ամպիոններու ղեկավարներ, փորձագէտներ եւ գիտնականներ՝ քննարկելու եւ ռազմավարութիւն մը մշակելու՝ աշխարհի տարածքին Հայկական Սփիւռքը ամրապնդելու համար:
Համաժողովին ներկայ էին շարք մը բանախօսներ, որոնք ներկայացուցին իրենց միտքերով եւ փորձառութեամբ այնպիսի թեմաներ, ինչպէս՝ համայնքի կառուցում, պաշտպանութիւն եւ քաղաքական ներկայացուցչութիւն: Համաժողովին մասնակցեցան հետեւեալ բանախօսները.
Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան («Ուէսլիըն» համալսարան)
Դոկտոր Վահէ Սահակեան (Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղ)
Դոկտոր Շուշան Կարապետեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան)
Դոկտոր Ալինա Դորեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ)
Դոկտոր Արա Սանճեան (Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղ)
Դոկտոր Ռազմիկ Փանոսեան («Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկ)
Դոկտոր Հայկ Օշական (Ուէյնի նահանգային համալսարան)
Դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտի համալսարան)
Իրաւաբան Սարա Անջարգոլեան (ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատարի նախկին խորհրդական)
Դոկտոր Սօսի Գասպարեան («Սթիրլինկ» համալսարան, Սկովտիա)
Դոկտոր Յակոբ Կիւլլիւճեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ)
Սալբի Ղազարեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան)
Դոկտոր Վահրամ Լ. Շէմմասեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ)։
Սոյն համաժողովը, համահայկական առումով, վճռորոշ պահ էր, որովհետեւ համայնքի առաջնորդները եւ փորձագէտները համախմբուեցան՝ անդրադառնալու զանազան համայնքներու եւ հայրենիքի առջեւ ծառացած առաջնահերթ հարցերուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը յանձնառու է շարունակելու այս կարեւոր աշխատանքը եւ կը սպասէ աւելի լայն համագործակցութեան հայկական համայնքի հետ, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու մեր հայրենիքը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը հպարտ է, որ հիւրընկալեց տարբեր շրջաններէ գիտնականներ, շրջանիս կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի ղեկավարներ:
Խորհուրդի պատասխանատուները կը շարունակեն յանձնառու մնալ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ համայն հայ համայնքի համախմբման եւ ամրապնդման նկատմամբ:
Խորհուրդին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել panarmeniancouncilwusa.org կայքը կամ դիմել secretariat@panarmeniancouncilwusa.org հասցէին:
orer.eu