Իսրայէլեան Ynet լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը կրնայ լուրջ փորձութիւն դառնալ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար, որոնք կարգաւորուեցան 2022ին։
Թուրքիոյ դեսպան Շաքիր Օզքան Թորունլար դիմած է Իսրայէլի կառավարութեան՝ պահանջելով կանխել Հայֆայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի զետեղումը։
Եթէ Իսրայէլ հրաժարի այս պահանջը կատարելէ, Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը կրնայ առկախուիլ, կը յայտնէ կայքը։
Թուրքիոյ դեսպանին նամակը հասցէագրուած եղած է Իսրայէլի մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Միկի Զոարին, որ ձեռնպահ մնացած է եւ ցարդ չէ պատասխանած, այլ դիւանագէտի դիմումը ուղարկած է արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Վերջինիս ղեկավարութիւնը խորհրդակցութիւններ ունեցած է եւ յանձնարարած է անպատասխան ձգել Թորունլարի նամակը։
Եթէ թրքական կողմը պնդէ միջոցներ ձեռնարկել, Անգարային կը բացատրեն, որ հարցը տեղական իշխանութիւններու որոշումի մը մասին է եւ ոչ թէ Իսրայէլի կառավարութեան կամ պետական կառոյցին։
«Յիշատակելի է, որ Իսրայէլ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը այն մտահոգութեամբ, որ նման քայլ մը կրնայ վնաս հասցնել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Անգարա զայրոյթով կ՛արձագանգէ այլ կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու որեւէ բանաձեւի եւ յայտարարութեան, որուն մէջ կը յիշատակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիա կ՛ակնկալէ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը առնուազն կը խնդրէ Հայֆայի քաղաքապետական խորհուրդէն՝ չգործադրել յուշահամալիր զետեղելու որոշումը՝ յանուն երկկողմ յարաբերութիւններու պահպանման», կ՛եզրակացնէ լրատուական կայքը։
Աղբյուր՝ Ասպարեզ Թուրքիոյ Դեսպանը Կը Պահանջէ Հայֆայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձան Չզետեղել – Asbarez – Armenian