«ՀԲԸՄ Արուեստներ»ը Կը Խոստանայ Մոգական Համերգ՝ Անուանի Սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի Կատարումով

  • 20.02.2023
  • 0
  • 327 Views

Ուրբաթ, 3 Մարտին, երեկոյեան ժամը 8ին, Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կատարողական արուեստի կեդրոնի վարագոյրները պիտի բարձրանան՝ ողջունելու համար միջազգային օփերային աստղ Իզապէլ Պայրագտարեանը ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ:

«Կրեմի» մրցանակի դափնեկիր, Լիբանան ծնած եւ Գանատայի մէջ հասակ առած Պայրագտարեան պիտի մեկնաբանէ հայկական սիրուած, աւանդական եւ ժողովրդական երգեր, օրօրոցայիններ ու աղօթքներ՝ «Երազ» խորագրեալ համերգին ընթացքին:

Անոր պիտի ընկերակցի երաժշտութեան աշխարհին մէջ հանրածանօթ վարպետ կատարողներու համոյթ մը, որուն կազմին մէջ են Էմանուէլ Յովհաննիսեան (տուտուկ), Ճիլ Էյպըր (սրինգ) եւ Էլի Չոաթ (տաւիղ): Ելոյթը տեղի պիտի ունենայ սուրիահայ անուանի նկարիչ Գէորգ Մուրատի ստեղծած համայնապատկերային տեսողական մեկնաբանութիւններուն դիմաց:

«Այս համերգը իսկապէս եզակի է», կ՛ըսէ «ՀԲԸՄ Արուեստներ»ու տնօրէն Հայկ Արսէնեան՝ աւելցնելով. «Անիկաս հազուագիւտ հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր տարիքի եւ երաժշտական ճաշակի հանդիսատեսներու՝ զգալու մեր նախահայրերուն երգերուն ուժգնութիւնը, բայց նաեւ պարզութիւնը՝ իւրայատուկ պատմական մօտեցման եւ գործիքային համոյթի մշակումներու միջոցով: Այս՝ իրարմէ շատ տարբեր երկու ժանրերու միաձուլումը պիտի հրամցուի Մուրատին ստեղծած կախարդական հզօր հարթակին վրայ, որ պիտի ցուցադրուի մեծ պաստառի վրայ»:

Այսպիսի առաջնակարգ արուեստագէտ մը առաջին անգամ ըլլալով պիտի զարդարէ ՀԲԸՄի կատարողական արուեստի կեդրոնի բեմը: Բարեբախտաբար, գերժամանակակից կեդրոնը նախագծուած եւ սարքաւորուած է արդարացնելու համար Պայրագտարեաններու նման իրենց գագաթնակէտին հասած արուեստագէտներու սպասելիքները:

Ընտանեօք Գանատա գաղթելէ ետք, Պայրագտարեան սկսաւ իր սեփական աստղային ճանապարհը հարթել, առաջին անգամ յաղթելով 2020ին, Փլասիտօ Տոմինկոյի հիմնած Operalia օփերային միջազգային մրցոյթին: Այս եղաւ սկիզբը անոր աստղային վերելքին, որուն ընթացքին ան ելոյթներ ունեցաւ «Մեթրոփոլիթըն»ի, «Լա Սքալա»ի, Փարիզի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Ֆէի օփերաներուն մէջ եւ Գանատական օփերայի ընկերակցութենուն մէջ, բազմաթիւ հեղինակաւոր այլ ընկերութիւններու եւ համաշխարհային վայրերու շարքին:

2017ին, Պայրագտարեան արժանացաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային բարձրագոյն պարգեւին՝ «Մովսէս Խորենացի» մետալին: Նոյն տարին պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով: 2015ին Պայրագտարեան պաշտօնական ճանաչումի արժանացաւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր ժողովին կողմէ՝ մշակութային կեանքի մէջ իր ներդրած իր աւանդին, եւ խաղաղութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը խթանելուն համար: Ան նաեւ ստացած է պատուաւոր դոկտորի կոչում Գանատայի «Ուիլֆրիտ Լորիէ» համալսարանէն:

«Մեզի համար պատիւ է ողջունել անզուգական Իզապէլ Պայրագտարեանը եւ յարգելի երաժիշտները, որոնք մաս պիտի կազմեն երաժշտական արտասովոր այս միջոցառումին», ըսաւ ՀԲԸՄի Արեւմտեան շրջանի գործադիր տնօրէնուհի Գոհար Ստամբոլեան՝  աւելցնելով. «Այս ոսկեայ առիթ մըն է մեր հանդիսատեսին համար՝ տեսնելու եւ զգալու փայլուն ելոյթ մը միջազգային չափանիշի արուեստի եւ մշակոյթի Փասատինայի այս կեդրոնին մէջ»:

Կեդրոնին գլխաւոր եւ գերազանց հանդիսասրահը յագեցած է 600 անձեր տեղաւորող յարմարաւէտ աթոռներով, նուագախումբի յարմար՝ փոս բաժինով, երկրորդ՝ աւելի փոքր բեմով, առանձին սրահ-սենեակով, տոմսարկղի սենեակով, ընդարձակ հանդերձարաններով եւ այլ յարմարութիւններով:

Համերգի տոմսերը ներկայիս կը վաճառուին 45 եւ 55 տոլարի: Գնելու համար այցելել կայքէջը։

Համերգին պիտի վաճառուին արուեստագէտներուն ձայնասալիկները, իսկ Իզապէլ Պայրագտարեան պատրաստ է ստորագրելու զանոնք:

(Թղթակցութիւնը՝ ՀԲԸՄէն)

«ՀԲԸՄ Արուեստներ»ը Կը Խոստանայ Մոգական Համերգ՝ Անուանի Սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի Կատարումով – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում