
Մեքսիքայի Ծերակոյտը 8 Փետրուարիին հաստատեց բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ պաշտօնապէս կը ճանչցայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ շեշտելով մարդկային ընդհանուր իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։
Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը յայտնէ, թէ Ծերակոյտը նաեւ կը յորդորէ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման՝ Մեքսիքայի գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քայլը եւ անոր իրականացման մէջ տեղւոյն հայ համայնքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը։
Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւս դրուատեց բանաձեւին հաստատումը։
Աղբյուր՝ Ասպարեզ օրաթերթ
ԱՄՆ