Ինչպես հաղորդում է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, երկուշաբթի, 6 Փետրուար, 2023-ին, Իսրայէլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Տիար Անատոլի Վիքթորով այցելեց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Ն. Ա. Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Պատրիարք Սրբազան Հայրը դեսպանէն խնդրեց, որ իր խնդրանքը փոխանցէ Ռուսիոյ նախագահ՝ Տիար Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի անոր անմիջական միջնորդութեամբ շուտափոյթ բացուի Բերձորի միջանցքը եւ Ատրպէյճանէն Մայր հայրենիք վերադարձուին մեր ռազմագերիները:
orer.eu