Ուրբաթ, 13 յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տաքեսեանի, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, ազգային-բարեսիրական, հասարակական, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու, «Փրոմենատ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, Զուիցերիոյ Բարեկարգեալ-աւետարանական եկեղեցւոյ գիտաշխատող, Զուիցերիոյ Կրօններու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար, հայագիտական նիւթերու հմուտ, հայ եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով ծանօթ դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի գիրքերուն նուիրուած շնորհահանդէսը:
Հանդիսավար Ահարոն Շխրտըմեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու լիբանանահայ մատենագէտ, կրթական մշակ, խմբագիր, մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակը:
Ան դիտել տուաւ, որ պատմագիտական կարեւորութիւն ունին դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան վկանե՞րը, թէ՞ մարդասիրութեան վկայագիր» գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ` «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ քսան կախաղաններուն մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» պատմագիտական հատորները, ուր կը ներկայացուին Օսմանեան Թուրքիոյ բռնակալութեան տակ, իր պատմական հողերուն վրայ ապրող հայ ժողովուրդին արիւնաքամ վիճակը, Օսմանեան կայսրութեան հայասպան քաղաքականութիւնը:
Յաջորդաբար սրտի խօսքեր արտասանեցին` Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ազգային- հասարակական գործիչ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, պատմաբան, խմբագիր, կրթական մշակ, ազգային- հասարակական գործիչ, մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանը, Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեք Քէօշկերեան, որոնք դրուատեցին արխիւային հարուստ տուեալներ բովանդակող զոյգ հրատարակութիւնները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին հեղինակին:
Բանասէր, խմբագիր, հոգեւորական դոկտ. Մեսրոպ վրդ. Հայունի ներկայացուց «Մարդասիրութեան վկանե՞րը, թէ՞ մարդասիրութեան վկայագիր» հատորը: Ան նշեց, որ գիրքը գրուած է օտար շրջանակներու համար, հարուստ պատմագրական ու բովանդակային համադրումով, աղբիւրագիտական ապացոյցով եւ համապատկերային ներկայացումով, ուր հեղինակին նպատակը եղած է օտարին ծանօթացնել հայ ժողովուրդին պատմութիւնը:
«Հատորին բնագիրը գերմաներէն է, որուն տիրացած է արժանապատիւ հեղինակը` վկայուած ուսումնաւարտը Վիեննայի համալսարանին կաթողիկէ-աստուածաբանական կաճառէն եւ «Դոկտոր» ակադեմական կոչումին արժանացած` նոյն համալսարանէն: Գերմաներէնէն բացի` այս գիրքը թարգմանաբար ունեցած է նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն հրատարակութիւններ, որոնցմէ մին լոյս տեսած է 2018, իսկ միւսը` 2022 թուականին» յայտնեց ան:
Մեսրոպ վրդ. Հայունի խօսքի աւարտին դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի միջոցով իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը յայտնեց զուիցերիացի մարդասէր ու հայանպաստ ժողովուրդին եւ նոյն խանդով գնահատեց հեղինակին տարած հսկայական ու պատուաբեր աշխատանքը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայագիտութեան կեդրոնի տնօրէն եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» հատորը:
Ան ըսաւ, որ երկու գլխաւոր մասերու բաժնուած հատորը ունի տասնեակ մը ենթաբաժիններ, նշելով, որ դոկտ. Աբէլ Մանուկեան առարկայական եւ արխիւային տուեալներու լոյսին տակ, անհամար փաստերով եւ մանրամասնութիւններով կ’ապացուցէ պատմական իրողութիւններ, որոնք այլ ձեւով ներկայացուած են երկար ատեն:
Ըստ անոր, հատորին երկրորդ մասին մէջ հեղինակը ցարդ մեզի անծանօթ արխիւային տուեալներով կը ներկայացնէ զուիցերիական եւ գերմանական մամուլին անդրադարձը հնչակեան Քսաններու նահատակութեան, երիտթուրքերու յեղափոխութեան, Հայոց ցեղասպանութեան:
«Մենք շատ գրած եւ փառաբանած ենք մեր ազգային ազատագրական պայքարի հերոսական էջերը, սակայն այլ կշիռ եւ իմաստ կը ստանայ օտար պետութիւններու արխիւներէն անոնց մասին արձագանգը», յայտնեց Ահարոն Շխրտըմեան` աւելցնելով, որ հայրենասիրական եւ ազգասիրական իր պատգամներուն զուգահեռ, գիրքը նաեւ ունի արժանահաւատ լուրջ թելադրութիւն մը` անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել մեր ժողովուրդին նորագոյն պատմութիւնը` հիմնուելով հաւաստի տեղեկութիւններու եւ պատմական սկզբնաղբիւրներու վրայ:
«Այս հատորին նպատակը կուսակցական քարոզչութիւն չէ երբեք, այլ` Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը առարկայական հիմքերու վրայ դնելու յանդուգն եւ խիզախ քայլ մը», ըսաւ Շխրտըմեան` նշելով, որ դոկտ. Մանուկեան յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, եւ որ` հատորին մէջ յատուկ ընդգծուած է մեր ժողովուրդին միասնականութեան եւ հայոց պետականութիւն ստեղծելու գաղափարը:
«Այսօր, երբ յատկապէս լինելութեան, գոյութենական օրեր կ՛ապրին Արցախն ու Հայաստանը, երբ օրէ օր կը հիւծի սփիւռքը, այս կը նշանակէ, որ ինքնաքննութեան եւ վերանայումի անհրաժեշտութիւն ունինք բոլորս: Իրարու հետ խօսիլ սորվինք բոլորս: Չմոռնանք միասնականութիւնը խօսքէն գործի վերածելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին մնայուն պատգամը», եզրակացուց ան:
Ապա Կոմիտաս արք. Օհանեան արտասանեց Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը` ուղղուած հատորներու հեղինակին եւ շնորհահանդէսին մասնակցողներուն: Ան ըսաւ. «Վեհափառը իր մեծ գնահատանքը եւ շնորհաւորանքը կը յղէ այս երկու գիրքերուն հրատարակութեան առիթով: Հաւատացէք, սիրելինե՛ր, ես ինքզինքս կը զգամ 1980-90-ական թուականներուն մէջ, երբ բոլոր հայ ուժերը համախմբուած կը նայէին դէպի ապագան: Արդարեւ, հայ մամուլի, օտար մամուլի եւ գրականութեան դոկտ. Աբէլ. Մանուկեանի ներկայացուցած յօդուածներով արդէն ինքը հանրաճանաչ դէմք մըն է, բծախնդիր, պրպտող, լաւ գրիչ, ոչ սովորական աշխատող, որ իր բոլոր գործերով յայտնի է հայ ժողովուրդին մատուցած արժէքներով: Իր այս երկու գիրքերը ինծի համար գրական, բայց յուշարձան խաչքարեր են, որոնք անդին կը մղեն մեր դարաւոր թշնամին հայ ժողովուրդին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վրայ շիրմաքար դնելու բոլոր փորձերուն»: Ան յիշեցուց, որ Արամ Ա. հայրապետը անցեալ եւ այս տարի հռչակած է «Սփիւռքի տարի», նշելով, որ հայապահպանութեան եւ հայակերտումին համար այսպիսի գիրքերը պէտք է բազմանան, որովհետեւ մեզի կու տան հաւատք ապագային համար, մեզի յոյս կը ներշնչեն, որ մենք պարտուողական հոգիին տակ չենք ճնշուիր, այլ դարձեալ մեր ուժերուն վրայ կը կանգնինք: Կոմիտաս արք. Օհանեան յիշեցուց վեհափառին մտածումը, որ անհրաժեշտ է ապրիլ անցեալը, բայց այդ անցեալի սխալները սրբագրել, միասնականութեամբ յառաջ նայիլ` զօրացնելով պետականութեամբ կազմակերպուած մեր հայրենիքը: «Բայց առանց կազմակերպեալ սփիւռքի` ոչ մէկ տեղ կրնանք հասնիլ: Հետեւաբար կը կրկնեմ վեհափառ հօր պատգամը, թէ միացեալ ուժերով պարտաւոր ենք ստեղծելու նոր կայծ մը, որ մեր արժէքաւոր հայորդիներուն եւ ժողովուրդին ջանքերով կու գայ», ըսաւ ան: Իր խօսքի աւարտին ան դոկտ. Աբէլ Մանուկեանին մաղթանքներ ուղղեց` հաստատելով, որ կը հաւատայ, թէ ան տակաւին շատ գործեր պիտի նուիրէ ազգին, «Որովհետեւ անոնց մղիչ ուժը ձեր սէրը եւ անսակարկ հաւատքը եղած է մեր ժողովուրդին եւ հայ ազգին հանդէպ»:
Աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ նախ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` յանձին Կոմիտաս արք. Օհանեանի իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցելուն համար, նոյնպէս հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, եւ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով արժեւորեցին իր աշխատանքը եւ յաջողցուցին շնորհահանդէսը:
Ան դիտել տուաւ, որ իր գիրքերուն նպատակն է մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկել այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են մեր ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան ընթացքին, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հոս ու հոն ցրուած փաստերուն ճակատագիրը միշտ ալ մտահոգած է զինք:
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հանդիսացաւ այն բարեպատեհ առիթը, որուն նախասեմին ուխտեցի հանգամանօրէն անդրադառնալ զիս չարչրկող հարցումին` պատրաստելով գիրք մը, որուն հասցէակիրը պէտք էր ըլլար ոչ անպայման հայ ընթերցողը, այլ միանշանակ օտարը` գերմանախօս, անգլիախօս, ֆրանսախօս կամ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ թուրք ընթերցասէր հասարակութիւնը: Այս առաջադրանքէն մեկնելով` «Մարդկութեան վկաները» գիրքս ունեցաւ երեք հրատարակութիւն` 2015-ին գերմաներէն, 2018-ին անգլերէն եւ 2022-ին ֆրանսերէն լեզուներով», ըսաւ Աբէլ քհնյ. Մանուկեան:
Խօսելով մերօրեայ պայմաններուն մէջ, երբ հետաքրքրութիւնը նուազած է գիրին ու գրականութեան նկատմամբ, նման գրական-ստեղծագործական կամ պատմագիտական աշխատանքներու կարեւորութեան մասին` դոկտ. Մանուկեան ըսաւ. «Ցեղասպան թշնամին իր հայաջինջ ծրագիրով միայն այն ժամանակ կը յաջողի, երբ բնաջնջել կարենայ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը ժառանգորդներուն հաւաքական յիշողութիւնը, այսինքն` պատմութիւնը: Ուստի պէտք է գրել, պէտք է ոչինչ խնայել` պատմական դէպքերն ու դէմքերը, իրադարձութիւնները թէկուզ իրենց ամենատխուր եւ սահմռկեցուցիչ փաստերով ճշմարտութեան լոյսին տակ պարզելու նպատակով»: Ապա ան դիտել տուաւ, որ օսմանեան բնաջնջումի ծրագիրին զոհ դարձան նաեւ հայոց մշակութային ժառանգութեան գոհարները` վանքերն ու եկեղեցիները, տաճարներն ու դպրութեան կեդրոնները, խաչքարերը, պղծուեցան ու կողոպտուեցան սրբանուէր սպասները, ձեռագիր աւետարաններն ու հայ մտքին փառահեղ կոթողները` նպատակ ունենալով նաեւ սպաննել հայ ցեղին սիրտը, ջնջել կարենալու համար հայոց պատմական յիշողութիւնն ու հայութեան մասին յիշատակի մը վերջին նշոյլը: «Ուստի պէտք է գրել վառ պահելու համար մեր ազգային հաւաքական յիշողութիւնը, որովհետեւ ան մեր պայքարի փողփողուն դրօշն է, մեր արդար պահանջատիրութեան անխորտակելի ու զօրեղ զէնքն է», եզրափակեց Աբէլ քհնյ. Մանուկեան:
Ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը` մասնակցութեամբ Շահէ արք. Փանոսեանի, Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Մեսրոպ վրդ. Հայունիի, Յակոբ Բագրատունիի, Ալեք Քէօշկերեանի, փրոֆ. դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի, Երուանդ Փամպուքեանի, Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի, Ահարոն Շխրտըմեանի եւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի:
Գինեձօնի արարողութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրութիւն: Հեղինակին ցանկութեան համաձայն, գիրքերու վաճառքին ամբողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնին:
Ձեռնարկին ընթացքին գեղարուեստական բաժինով պարբերաբար ելոյթ ունեցաւ Տօներեան եռեակը` Արէն (դաշնամուր), Ալեք (ջութակ), Առնօ ( թաւ ջութակ):