Թէեւ անցնող առաւել քան երկու տարիները եւ մասնաւորաբար վերջին շաբաթները, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռք մէջ ապրող մեր ազգի զաւակներուն համար եղան ցաւի ու տառապանքի ժամանակաշրջան մը, սակայն յոյսի եւ արթնութեան գիտակցութիւնը երբեք չտկարացաւ մեր հաւաքական էութեան մէջ:
Այսօր, առաւել քան երբեք, հայ ազգի զաւակները պարտին համախմբուիլ՝ իրարու հանդէպ անկեղծութեան եւ յարգանքի զգացումներով տոգորուած՝ յանուն մեր յաւերժական հայրենիքին ու ազատատենչ Արցախին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը այս օրերուն կը ձեռնարկէ զանազան միջոցներու եւ հանդիպումներու՝ յաչս Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, արդարութեան պահանջի եւ բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով յանուն մեր մայր հայրենիքի եւ Արցախի ապահովութեան: Միշտ չէ, որ մեր ձայնը ամբողջական կերպով եւ մեր ակնկալութիւններուն համահունչ կը հասնի հասցէատէրերուն, այսուհանդերձ մեր էութեան մինչեւ խորքը գտնուող յոյսը, արթնութիւնը եւ վճռականութիւնը կը մնան անսասան:
Մեր կոչն է, որ բոլորս մնանք միասնական՝ իբրեւ մէկ հոգի եւ մէկ մարմին, որպէսզի մեզի բաժին ինկած կարելիութիւնները յաջող կերպով ի սպաս դնենք՝ յանուն հայրենիքի: Մեր կեանքը չի կրնար բնականոն ընթացքի մէջ ըլլալ այնքան ատեն որ մեր եղբայրները եւ քոյրերը գիշեր-ցերեկ տագնապի մէջ կ՛ապրին յաւերժական մեր հայրենիքի սահմաններուն մէջ:
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը բոլորիս վրայ կը դնեն յաւելեալ բարոյական պարտաւորութիւնը՝ կեանքը իմաստաւորելու ծառայութեան ոգիով եւ մասնաւորաբար՝ միշտ խոնարհած մեր նահատակ քաջարի զինուորներու յիշատակին առջեւ:
Սիրելի հայրենակիցներ, յառաջիկայ օրերուն ձեզ իրազեկ պիտի պահենք Արեւմտեան
Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին կողմէ նախաձեռնուած քայլերուն մասին՝ յանուն մեր ազգային նպատակներուն եւ մեր արդար պահանջներուն, եւ յանուն մեր հայրենիքի ապահովութեան:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ