Մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող լիբանանահայութեան՝ Արցախի նկատմամբ զօրակցութեան միասնական քայլերուն ծիրին մէջ, այսօր՝ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրին, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ Արցախի զօրակցական աշակերտական ցոյց կատարեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ։
Զօրակցական ցոյցի ընթացքին կարդացուեցաւ ՄԱԿ-ին ուղղուած յո-շագիր, ուր միջազգային կառոյցին կոչ կ՛ուղղուի ջանքեր գործադրել վերաբանալու Լաչինի միջանցքը եւ պաշտպանելու արցախցի մանուկներու իրաւունքները, սնունդը, ապագան եւ կեանքերը։ Աշակերտները բարձրացուցած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի դրօշներ, ինչպէս նաեւ Արցախի պաշարումը վերացնելու եւ Լաչինի միջանցքը բանալու կոչ ուղղող պաստառներ։ Աշակերտները նաեւ երեք լեզուներով բացագանչեցին կարգախօսներ։ Աւարտին աշակերտներու պատուիրակութիւն մը յուշագիրը յանձնեց ՄԱԿ-ի պատասխանատուի մը։
Ստորեւ՝ աշակերտական զօրակցական ցոյցին կարդացուած յուշագիրը.
«12 դեկտեմբերին, քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ՝ բնապահպանութեան պատրուակով Շուշի-Քարինտակ կէտին վրայ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին եւ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը ենթարկեցին պաշարումի՝ անկէ բխող բոլոր մարդասիրական հետեւանքներով։
Արգելափակման ու պաշարման իբրեւ անմիջական հետեւանք 1100 քաղաքայիններ, ներառեալ տարեցներ, կիներ եւ 270 մանուկներ ձմեռնային ցուրտ պայմաններու մէջ մնացին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի Ստեփանակերտ-Շուշի եւ Լիսագոր-Շուշի հատուածներուն վրայ։ Բազմաթիւ մանուկներ մնացին առանց իրենց ծնողներուն, որովհետեւ վերջիններուս տուն վերադարձը արգիլուեցաւ։
Աւելի՛ն, Շուշիի շրջանի շարք մը համայնքներ ամբողջութեամբ մեկուսացուած ու կտրուած են Արցախի Հանրապետութեան մնացեալ մասէն ու Հայաստանէն։ Թէեւ քանի մը օր ընդհատուելէ ետք կազի մատակարարումը վերականգնուած է, սակայն ատիկա տակաւին ենթակայ է ազրպէյճանական բռնատիրութեան կամայականութեան, Արցախի սննդեղէնի եւ բժշկական մատակարարումները ամբողջութեամբ արգելակուած են, եւ դպրոցները կը շարունակեն փակ մնալ։
ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղենք պաշտպանելու Արցախի մանուկներուն իրաւունքները, ուտեստեղէնը, ապագան եւ կեանքերը»։
orer.eu