Մեր ընթերցողների ուշադրությանն ենք ներկայացնում Բոստոնի «Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագիր Երվանդ Ազատյանի խմբագրականը։
Հայաստանի իշխանութիւնները վերջերս սկսած են ինքնուրույն քայլեր եւ համաձակութիւն դրսեւորել, հրաժարելով Ռուսաստանի հլու հպատակ կամակատարը ըլլալէ: Թէ որքանո՞վ առաջ կը տանի Երեւանը այս քաղաքականութիւնը՝ կախեալ է Մոսկուայի հակարարձութենէն եւ հակադարձելու կարողութենէն:
Պարզ է որ երբ այս օրերուն Ռուսաստան ամբողջութեամբ կլանուած է Ուքրանիոյ պատերազմով եւ չի կրնար իր դաշնակցային պարտականութիւնները կատարել նախկին Սովետական հանրապետութեանց նկատմամբ սակայն, տակաւին կը շարունակէ ունենալ բաւարար ազդեցութիւն եւ ոյժ, պատիժներու ենթարկելու զանոնք իրենց զանցառութեանց պատճառաւ. այս յարաբերութիւնը կ’ենթադրէ որ Հայաստան իր նախաձեռնութիւնները չափէ առկայ հնարաւորութիւններով եւ չփորձէ չհաշուարկուած քայլեր առնելէ: Այդ իմաստով ալ չափազանց կարեւոր է վարչապետ Փաշինեանի դիրքաւորումը Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 23ին կայացած ՀԱՊԿի (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանաւորման Կազմակերպութին) տարեկան ժողովին ընթացքին, երբ այդ կազմակերպութեան նախագահութիւնը Հայաստանէն փոխանցուեցաւ Պելառուսին:
ՀԱՊԿի տարեկան այս ժողովը սահմանուած էր ըլլալու ճակատագրական, յատկապէս Հայաստանի համար, ու նաեւ՝ հաւանաբար նոյնինքն այս կազմակերպութեան:
Քրեմլինը նախաձեռնած էր ռազմական այս դաշնակցութիւնը, փոխարինելու համար երբեմնի Վարշաւիոյ ուխտը եւ զայն հակադրելու ՆԱԹՕին: Սակայն կազմակերպութեան անդամներուն իրերամերժ շահերը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի կամակատարութիւնները, ժամանակի ընթացքին թուլցուցին անոր գործունէութիւնը եւ զայն շեղեցին իր նպատակէն:
Հայաստան միացած էր ՀԱՊԿին հաւատալով որ ան պիտի կրնար իրականացնել եւ գործադրել իր սկզբունքները ու յանձնառութիւնները, պաշտպանելով անդամ երկիրներուն ապահովութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Սակայն, ժամանակը ցոյց տուաւ որ ան գոյութեան կոչուած էր գործադրելու համար Մոսկուայի կամակատարութիւնները: Օրինակ, երբ խռովութիւններ ծագեցան Ղազախստանի մէջ, Ռուսաստան պահանջեց անդամ երկիրներէն որ զօրք ուղարկեն այնտեղ, սակայն, երբ Ատրպէյճան ներխուժեց Հայաստանի սահմաններէն ներս, կազմակերպութեան վերին իշխանութիւնը այդ պատերազմական գործողութիւնը բնութագրեց իբրեւ «սահմանային բախում», առանց նկատի ունենալու որ այդ նախայարձակումներուն հետեւանքով Հայաստանի տարածքը 125 քառակուսի քիլոմեթր գրաւուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ:
Նախագահ Փութինի մեկաֆոնը հանդիսացող Պելառուսի մախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարեց որ ՀԱՊԿի գործը չէ Հայաստանի գանգատներով զբաղիլ: Հեգնական իրականութիւնը այն է որ Լուքաշենքօ եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւնները փութացին շնորհաւորել Ալիեւը Հայաստանի դէմ տարած իր յաղթանակին համար:
Հայաստանի իշխանութեանց տեսակէտը այն է որ Հայաստանի հողային տարածքը նաեւ ՀԱՊԿի տարածք է. եթէ այդ կազմակերպութիւնը պիտի չպաշտպանէ իրեն սահմանուած հողատարածքը, ինքնաբերաբար թերացած պիտի ըլլայ իր առաքելութեան մէջ եւ կորսնցուցած իր իսկ նշանակութիւնը:
Վերջին ժողովի նախօրեակին Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց որ ինք աւելի բարեկամներ ունի ՀԱՊԿէն ներս քան Հայաստանը. եւ պարզուեցաւ որ Ալիեւի նախատեսութիւնը աւելորդ յոխորտանք մը չէր: Լուքաշենքօ, որ ամբողջ քաղաքական աշխարհի մէջ, ինչպէս մինչեւ անգամ իր երկրին մէջ կորսնցուցած է ամէն հեղինակութիւն, թուղթէ վագրի մռնչունով յայտարարեց որ «Ալիեւը մեր բարեկամն է թող Փաշինեան երթայ եւ անոր պահանջած պայմաններով խաղաղութեան դաշինք կնքէ»: Նախագահ Փութինի լռութիւնը այս յայտարարութեան դիմաց, կասկած չի թողուր որ Ռուսաստանն ալ համամիտ է Պելառուսի բռնատէրին:
Քաղաքական մեկնաբանները կը սպասէին տեսնելու թէ ՀԱՊԿի ժողովի ընթացքին, երբ Փութին պիտի գտնուէր Երեւանի մէջ, Ալիեւ պիտի շարունակէ՞ր ռմբակոծել Հայաստանի սահմանները: Եւ իրօք, պարզուեցաւ որ Ալիեւ ոչ մէկ կացութեան առջեւ պիտի չդադրեցնէր իր սադրանքները: Այս կը նշանակէ որ Ալիեւ իր ընթացքը պայմանաւորած էր Ռուսաստանի հետ եւ կամ, աւելի վախկոտ, այնքան զօրաւոր զգացած որ Փութինին ներկայութիւնն անգամ զինք զգաստութեան չէր հրաւիրած:
ՀԱՊԿի այս ժողովի օրակարգին վրայ դրուած էին Հայաստանը կենսականօրէն հետաքրքրող երկու հարցեր.
Ա- Հայաստանի օգնելու խնդիրը
Բ- Սեպտեմբեր 13ի Ատրպէյճանական նախայարձակման մասին ՀԱՊԿի հաւաքական որոշումը:
Երկար վիճաբանութիւններէ ետք երբ սեղանի վրայ դրուեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնն ու կազմակերպութեան եզրափակիչ յայտարարութիւնը, վարչապետ Փաշինեան համարձակութիւն ունեցաւ չստորագրելու երկուքն ալ: Ու ժողովը փակուեցաւ առանց եզրակացութեան, ինչպէս նախատեսուած էր: Ժողովի աւարտին Քրեմլինի խօսնակ Փեսքով յայտարարեց որ հաղորդագրութիւնները վերանայումի մէջ էին, եւ թէ վերամշակուելէ յետոյ շատ հաւանական է որ Հայաստան ստորագրէ զանոնք: Աւելին, թէ Փեսքով եւ թէ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան յայտարարեցին թէ Հայաստան կը շարունակէ իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿին: Փաշինեան իր կարգին յայտարարեց որ եթէ կազմակերպութիւնը կը դաւանի որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահման չկայ՝ կը նշանակէ որ կազմակերպութիւնը , ինքը գոյութեան իրաւունք չունի:
Երբ հարցադրուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին թէ Հայաստան պիտի հեռանա՞յ ՀԱՊԿէն, ան պատասխանեց թէ ՀԱՊԿը ինքը հեռացած է Հայաստանէն:
Երբ Երեւան որոշեց խիզախ դիրքաւորում մը որդեգրել, կը նշանակէ որ արդէն հաշուարկած է իր առած քայլին հետեւանքները: Այնպէս կը թուի թէ կամ ժամանակը հասած է այդ կազմակերպութեան լուծարման եւ կամ ալ առիթն է Հայաստանի համար ձերբազատուելու այդ կազմակերպութեան կաշկանդումներէն:
Պարզ է թէ Ռուսաստան լծակներ ունի ներքնապէս ապակայունացնելու Հայաստանը: Նախ գոյութիւն ունի Ռուսական 102րդ ռազմախարիսխը Կիւմրիի մէջ, որ կը կարծուէր թէ այրտեղ տեղակայուած է պաշտպանելու Հայաստանը արտաքին յարձակումներէ, սակայն պարզուեցաւ որ այդ խարիսխը ինքնանպատակ է եւ սահմանուած է Ռուսաստանի ազդեցութիւնը պահպանելու տարածաշրջանին մէջ: Յետոյ, Ռուսաստան իր զօրքերը շարած է Սիւնիքի սահմաններուն վրայ եւ ատրպէյճանական յարձակման մը պարագային այդ ոյժը կրնայ արգելք հանդիսանալ հայկական բանակի ինքնապաշտպանական գործողութիւններուն:
Վերջին շրջանի Ռուսաստանի վերաբերումէն դատելով, կարելի է ամէն սադրանք ակնկալել Մոսկուայէն:
ՀԱՊԿի փլուզումով կամ Հայաստանին անկէ խզումով կրնան կարգ մը դուռեր բացուիլ Հայաստանի համար արեւմտեան զէնքեր ձեռք ձգելու, բայց այդ ուղղութեամբ կարգ մը արեւմատամէտ մեկնաբաններու ակնկալութիւնները կրնան չափազանցուած ըլլալ: Պէտք չէ մոռնալ որ Ատրպէյճան հակադրութեան մէջ է ոչ միայն Հայաստանի հետ այլ նաեւ՝ Իրանի. եւ վերջերս Սպիտակ Տունը յայտարարեց որ Պաքու-Իրան բախումի մը ընթացքին՝ Ամերիկա պիտի օգնէ Ատրպէյճանին. այդ պարագային ոչ միայն սին կը մնան զէնքի ակնկալութիւնները Արեւմուտքէն, այլ Հայաստան ինք կրնայ ոտքի կոխան դառնալ նման զարգացումի մը պարագային:
ՀԱՊԿի անդամները եկան Երեւան, իբրեւ անբաղձալի հիւրեր, կասկածանքի մթնոլորտի մը մէջ եւ մեկնեցան աւելի պայթիւնավտանգ կացութիւն մը թողելով իրենց ետին: