Հակառակ Երեւանի Ակնկալութեան՝ ՀԱՊԿն Հայաստանին Զօրակցող Որոշում Չտուաւ Եւ Յայտարարութիւն Չկատարեց

  • 24.11.2022
  • 0
  • 288 Views

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ, Երեւանի մէջ մեկնարկեց ՀԱՊԿի՝ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ 2020ի պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Հայաստան, Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքո, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով եւ Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն:

ՀԱՊԿն գլխաւորող Փաշինեան իր խօսքին մէջ քննադատեց կառոյցը՝ յատկապէս յիշեցնելով սեպտեմբերեան արիւնալի դէպքերը, երբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներխուժեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը եւ փաստօրէն մինչեւ այս պահը կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ՝ բռնագրաւելով զայն. Փաշինեան այս բոլորէն ետք ընդգծեց, որ մինչեւ այս պահը ՀԱՊԿէն պատշաճ արձագանգ չէ ստացած:

«Աւարտւում է Հայաստանի նախագահութիւնը ՀԱՊԿում, բաւականին յագեցած ժամանակահատուած էր: Մենք նշեցինք ՀԱՊԿի պայմանագրի ստորագրման 30ամեակը եւ դաշինքի ստեղծման 20ամեակը: Չնայած յոբելեաններին՝ մեր տրամադրութիւնը, ցաւօք, բոլորովին էլ յոբելեանական չէ՝ վերջին երկու տարիների ընթացքում ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանը առնուազն երեք անգամ յարձակման է ենթարկուել Ադրբեջանի կողմից», ըսաւ Փաշինեան՝ շարունակելով. «Տխրեցնում է այն փաստը, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿին չզսպեց Ադրբեջանին ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւնների դիմելիս, եւ առաւել եւս, որ, ըստ էութեան, մինչեւ այսօր մենք չենք կարողացել որոշում կայացնել ՀԱՊԿի՝ Հայաստանի դէմ Ադրբեջանի ագրեսիային արձագանգի վերաբերեալ: Այս փաստերը հսկայ վնաս են հասցնում ՀԱՊԿի համբաւին թէ՛ մեր երկրի ներսում, թէ՛ դրանից դուրս, եւ ես սա համարում եմ ՀԱՊԿում Հայաստանի նախագահութեան հիմնական ձախողումը: Նոյնը կարող եմ ասել մեր դաշնակիցների՝ Ղրղզստանի եւ Տաջիկստանի սահմանին իրավիճակի սրման փաստերի մասին:

Ան շեշտեց, որ Հայաստանի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիի հաստատումը: «Նման ձեւակերպման գոյութիւնն ինքնին կարող է տարօրինակ թուալ, բայց մեր վերջին քննարկումներն ուսումնասիրելով՝ մենք յանգել ենք այն եզրակացութեան, որ սա չափազանց կարեւոր է: Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է՝ 1991 թուականի Դեկտեմբերի 21ի Ալմաթիի հռչակագրի համաձայն՝ ԱՊՀ հիմնադիր երկրները՝ որպէս անկախ պետութիւններ, ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գոյութիւն ունեցող սահմանների անձեռնմխելիութիւնը: Սա նշանակում է, որ վերոնշեալ երկրներն անկախացել են այն վարչական սահմաններով, որոնք գոյութիւն ունէին հանրապետութիւնների միջեւ Խորհրդային Միութեան տարիներին: Այսինքն՝ նախկին վարչական սահմանները դարձել են պետական սահմաններ, իսկ վերոնշեալ երկրների տարածքները որոշուել են հէնց այս սահմաններով: Հէնց այս սահմաններով է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձել է ՄԱԿի եւ ՀԱՊԿի անդամ», ըսաւ Փաշինեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջանին արձանագրուած յաջողութիւններուն: «Պէտք է նշեմ նաեւ մեր յաջող գործողութիւնները: Նկատի ունեմ ՀԱՊԿի օպերատիւ (ազդու, ներգործող) արձագանգը Ղազախստանի նախագահ պարոն Տոկաեւի՝ այս տարուայ Յունուարին իրենց երկրում օրինականութեան եւ կարգուկանոնի վերականգնման հարցում աջակցելու դիմումին: Այս դէպքում մենք խնդիրը լուծեցինք մէկ գիշերուայ ընթացքում, ինչը թոյլ տուեց Ղազախստանին խուսափել ներքին քաոսից», ըսաւ Փաշինեան:

Փութին իր խօսքին մէջ ՀԱՊԿ վեհաժողովին մասնակից երկիրներու նախագահներուն ուշադրութեան յանձնեց Արցախի տագնապին համակողմանի լուծման անհրաժեշտութիւնը:

«Համաձայն եմ պաշտօնակիցներուս, որոնք աւելի կանուխ խօսեցան այս հարցին եւ հայ-ատրպէյճանական տագնապի համապարփակ կարգաւորման հասնելու ջանքերուն մասին: Անշուշտ, անոնք սուր հարցեր են, որոնք կը պահանջեն մեր ուշադրութիւնը», ըսաւ ան: Ըստ Փութինի՝ Հոկտեմբերի աւարտին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները «լաւ հիմք ստեղծած են սկզբունքային հարցերու շուրջ ապագայ փոխզիջումներու»:

«Միայն հետեւողականօրէն կատարելով այս (աւելի կանուխ ձեռք բերուած) պայմանաւորուածութիւնները՝ սահմանազատման, փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ մարդասիրական հարցերու վերաբերեալ, մենք կրնանք հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման: Յոյս ունինք, որ անիկա վերջապէս պիտի առաջնորդէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման», դիտել տուաւ Փութին:

Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կ՛աջակցի ՀԱՊԿի խաղաղապահ ուժերու վերազինման նախաձեռնութեան: «Գոհունակութեամբ կարելի է նշել, որ Ղազախստանի մէջ խաղաղապահ գործողութեան ընթացքին ձեռք բերուած շատ արժէքաւոր գործնական փորձառութիւնը վերլուծուած է մեր եւ կազմակերպութեան քարտուղարութեան կողմէ: Ռուսիա, անշուշտ, կ՛աջակցի մեր հաստատման ներկայացուած կարեւոր որոշման՝ կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերը ժամանակակից սպառազինութեամբ, ռազմական եւ յատուկ սարքերով, ինչպէս նաեւ յատուկ միջոցներով զինելու վերաբերեալ», դիտել տուաւ Փութին:

 Նախքան ՀԱՊԿի վեհաժողովը տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու ընդհանուր նիստը, որուն ընթացքին կառոյցի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յայտարարեց, թէ Հայաստանին օգնելու՝ ՀԱՊԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը, ընդհանուր առմամբ, համաձայնեցուած է: 

«Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ դրական դեր կը խաղան Հայաստանի կառավարութեան եւ այլ մասնակցողներու ջանքերը՝ խաղաղ պայմանաւորուածութիւններու հասնելու, սահմաններու իրաւական ձեւակերպման եւ փոխադրամիջոցներու ուղիներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ: Սակայն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութիւնը կը շարունակուի, եւ այն տեղեկատուութիւնը, որ կը հաղորդուի ՀԱՊԿի հակազդման կեդրոններէն, կը հաստատէ, որ փաստօրէն ամէն օր փոխհրաձգութիւն տեղի կ՛ունենայ հայ-ատրպէյճանական սահմանին:

Հայաստանի համար այս սպառնալիքի քննարկման նուիրուած էին ՀԱՊԿի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին երեք արտակարգ նիստերը՝ այս տարուան Մայիսին, Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին: Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծը, որ կազմուած է ՀԱՊԿի դիտարկման առաքելութեան արդիւնքներուն հիման վրայ, ընդհանուր առմամբ համաձայնեցուած է», շեշտեց ան:

Սակայն, նիստէն ետք, Զաս ըսաւ, որ գրեթէ բոլորին հետ համաձայնեցուած այն փաստաթուղթը, ըստ որուն, պիտի սահմանուէր Հայաստանին տրուելիք օգնութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին լարուածութեան լոյսին տակ, չէ ընդունուած, որոշ կէտեր ուղարկուած են լրամշակման:

Միւս կողմէ, ՀԱՊԿի նախագահութիւնը Հայաստանէն ընդունող Պելոռուսի նախագահը կառոյցի անդամ երկիրներու ղեկավարներու ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ հայկական կողմը ստորագրուելիք փաստաթուղթին մէջ լրացում առաջարկեց, բայց «որոշեցինք այդ երկու կէտը չընդունիլ, չխորանալ անոնց մէջ»: Լուքաշեքնօ, սակայն, չըսաւ, թէ ինչի մասին էին այդ կէտերը:

Երեւան՝ դաշինքէն ռազմական աջակցութենէն բացի, նաեւ յստակ քաղաքական գնահատական կ՛ակնկալէր Ատրպէյճանի յարձակումին վերաբերեալ: Պաշտօնական Երեւան եւս չյայտարարեց, թէ ինչ լրացումներ առաջարկած է:

«Բայց առաջին անգամ մենք համաձայնեցանք, որ մօտեցման կէտեր կան, որ համաձայնութեան գանք: Ինչպէս հասկցանք գործող նախագահողէն, այս հայ-ատրպէյճանական տագնապը պիտի աւարտի, եթէ գործենք այնպէս, ինչպէս այսօր քննարկեցինք, եւ խաղաղութեան պայմանագիր պիտի կնքուի: Նիկոլ Վովաեւիչը կը լռէ, ուրեմն ան համաձայն է ըսածին», դիտել տուաւ Լուքաշենքօ:

Աղբյուր՝ Ասպարեզ օրաթերթ – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում